Նոր Ուղի (թերթ, Մասիս)

«Նոր Ուղի», երկօրեայ թերթ։ ՀԿԿ Մասիսի շրջկոմի եւ ժողդէպուտատներու Մասիսի շրջանային սովետի օրկան։ Լոյս կը տեսնէ 1969 թուականէն Մասիսի մէջ (հայերէն եւ ատրպէյճաներէն)։ Կը ներկայացնէ շրջանի գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու նուաճումները, կը լուսաբանէ սոցիալիստական մրցութեան ընթացքը, կ՚ընդհանրացնէ առաջաւոր փորձը, կը ծանօթացնէ շրջանի անուանի մարդոց։ Սիստեմատիկաբար կը գովազդէ ԽՍՀՄ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը եւ եղբայրական հանրապետութիւններու յաջողութիւնները։ Կը պատմէ նաեւ միջազգային իրադարձութիւններու, շրջանի մշակութային ու մարզական կեանքի մասին, «Շաբաթօրեայ էջ» խորագրով կը տպագրէ գիտութեան եւ տեխնիկայի հետաքրքիր նորութիւններ, բժշկական, իրաւաբանական խորհուրդներ, մասիսցիներու գրական փորձերը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։