Նուարսակի Դաշինքը

Նուարսակի Դաշինք, 484 թուականին Վահան Մամիկոնեանի եւ պարսկական արքունիքի ներկայացուցիչ Նիխոր զօրավարին միջեւ Պարսկահայքի Նուարսակ բնակավայրին մէջ կնքուած պայմանագիր, որմով վերջ դրուեցաւ 481-84 թուականներու ապստամբութեան։

Պերոզ ինկած էր կռիւի ընթացքին եւ գահ բարձրացած էր անոր եղբայրը՝ Վաղարշ։ Ան հաշտութիւն կնքած էր քուշաններուն հետ, անոնց զիջելով երկու նահանգներ։ Այս պայմաններուն մէջ ան անիմաստ գտաւ կռիւը շարունակել Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ եւ Տիզբոն կանչեց Շապուհ մարզպանն ու բանակին հրամանատարը։ Մինչ այդ, մանրամասն տեղեկանալէ ետք Հայաստանի եւ Վրաստանի կացութեան մասին, Վաղարշ յայտնեց վերջ տալու հայկական տագնապին, որ սուր բնոյթ ստացած էր եւ կրնար յագնիլ Հայաստանի բաժանման։ Ուստի, 484-ին, Նիխոր անունով մեծ պաշտօնատարի մը գլխաւորութեամբ ան պատգամաւորութիխն մը ղրկեց Հայաստան՝ բանակցելու եւ հաշտութիւն կնքելու նպատակով։

Հայկական զօրքերու հրամանատար Վահան Մամիկոնեանի տուն վերադարցած ճակատամարտէն ետք (481-484)։ Ճուլիան Զասսոյի նկար, XIX դար

Նիխոր խոհեմաբար չմտաւ Հայաստանի սահմաններէն ներս, այլ Հեր գաւառի Նուարսակ գիւղէն պատգամաւորներ ղրկեց ու իր մօտ հրաւիրեց Վահանը: Այս վերջինը նախ պատգամաւորութիւն մը ղրկեց համար իր պայմանները, ապա պահանջեց որ պարսիկ մեծամեծներ պատանդ ղրկուին իրեն։

Նուարսակի Պայմանագիրի Պայմանները

Խմբագրել

Դաշինքը կնքուեցաւ Վահանի առաջարկած հետեւեալ պայմաններով.-

  1. Կրօնական կատարեալ ազատութիւն հայերուն։ Ոչ ոքի պիտի պարտադրուի պարսկական կրօնքը. Ատրուշաններ պիտի չշինուին Հայաստանի մէջ։
  2. Անարձան մարդիկ պատուի պիտի չարժանանան։
  3. Եթէ որեւէ տարակարծութիւն ծագի, կամ մէկը ամբաստանուի արքայից արքան ամէն մարդու խօսքին հաւատք պիտի չընծայէ այլ՝ անձամբ տեղեկանայ խնդրին։ Հայ նախարարները իրաւունք պիտի ունենան դիմելու ուղղակի իրեն։
  4. Հայաստանի օրինաւոր տէրը արքայից արքան է։ Հայաստան կ՛ընդունի Պարսկական գերիշխանութիւնը իր վրայ։

Վահան Մամիկոնեանի դրած այս պայմանները ընդունուեցան թէ՛ Նիխոր եւ թէ Վաղարշի կողմէ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայոց Պատմութիւն, Հայաստան ու Հայութիւնը Գ.-ԺԳ. Դարերուն, Ա. Տպագրութիւն, Պէյրութ, 2009: