Նռնենի
Նռնենի
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Բոյսեր
Տիպ Ծաղկասերմեր
Դաս Երկշաքիլաւորներ
Կարգ Մրտածաղկաւորներ
Ընտանիք Նռնազգիներ
Լատիներէն անուանում
Punica granatum
 L. 


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ





Նռնենի[1] (լատիներէն՝ Punica granatum) նռնազգիներու ընտանիքի տերեւաթափ պտղատու թուփերու եւ ոչ մեծ ծառերու ցեղ, երկարաւուն կաշեկերպ տերեւներով, ալ կարմիր ծաղիկներով։

Կենսաբանական նկարագիր

Խմբագրել
 
Բուսաբանական նկարազարդում OV Tome «Flora von Deutschland, Österreich und der Schweiz» գրքէն, 1885

Պտուղը խոշոր, գնդաձեւ է՝ հաստ պտղամաշկով, թաղանթաւոր միջնապատերով։ Սերմերը բազմաթիւ են՝ իւրաքանչիւրը շրջապատուած բաց վարդագոյնէն մինչեւ բալի գոյնի հիւթալի պտղամսով։ Բունի բարձրութիւնը մինչեւ 5 մ է։ Տերեւները կաշեկերպ են, փայլուն, նշտարաձեւ կամ երկարաւուն, ամբողջաեզր։ Ծաղիկները երկսեռ են, մէկական կամ փունջերով, վառ կարմիր։ Պտուղը հատապտղանման է՝ գնդաձեւ, հաստ պտղամաշկով, բարակ թաղանթաւոր միջնապատերով։ Սերմերը բազմաթիւ են (ըստ աւանդութեան՝ 365 հատ)՝ պատուած բաց վարդագոյնէն մինչեւ մուգ վարդագոյն (քաղցր, թթուաշաքաղցր) հիւթալի շերտով։

Տարածքի Մէջ

Խմբագրել

Նռնենին վայրի ձեւով կը հանդիպի Փոքր եւ Միջին Ասիոյ, Անդրկովկասի, Իրանի, Աֆղանիստանի մէջ։ Հինէն ի վեր տարբեր ժողովուրդներ անոր պտուղները օգտագործած են ծիսական արարողութիւններու ժամանակ։

Հայաստանի Մէջ

Խմբագրել

Վայրի վիճակով կը հանդիպի Սիւնիքի (Մեղրի, Գորիս) եւ Լոռիի (Ալավերտի-Ախթալա) մարզերուն մէջ։ Գրանցուած է ՀՀ Կարմիր Գիրքին մէջ։

Բնապահպանական

Խմբագրել

Կ'աճի գետափներուն, գետերու չորցած հուներուն, կիրճերուն, խճոտ եւ կաւոտ լանջերուն, նախալեռներուն, նօսր անտառներուն (400-1100 մ բարձրութիւններուն) եւ այլն։ Չորասէր է։ Կրնայ ընտրասերման հումք ըլլալ ցրտադիմացկուն տեսակներ ստանալու ժամանակ։

Քիմիական կազմ

Խմբագրել

Նռան հիւթը կը պարունակէ 8-19% շաքարներ, վիթամին C, ուստի օգտակար է ծանր հիւանդութիւններէ ապաքինուողներու համար, բուժիչ է։ Պտուղը կ'օգտագործուի թարմ եւ վերամշակուած (ռուպ, գինի, հիւթ), ինչպէս նաեւ բուժիչ նպատակներով, իսկ կեղեւի եփուկը կամ թուրմը՝ որպէս ճիճուամուղ միջոց։ Տերեւը, արմատը եւ բունի կեղեւը կը պարունակեն 25–32% աղանիւթեր։

Կիրարկում Եւ Նշանակութիւն

Խմբագրել

Ծաղկումը կը տեւէ Մայիսէն-Օգոստոս, պտուղը կը հասուննայ Սեպտեմբերի վերջը։ Նռան ծաղիկներէն ստացուած ներկը կ'օգտագործեն բնական գործուածքներու ներկման համար։ Տերեւները, արմատը եւ բունի կեղեւը կը պարունակեն մինչեւ 32% տապաղանիւթեր, որոնք եւս կ'օգտագործուին ներկերու ստացման համար, նուրբ կաշիներու տապաղման համար։ Պէտք է հաւաքել հասուն վիճակին, քանի որ պահելով չի հասուննար։
Հայոց մէջ նռնենին համարուած է առատութեան խորհրդանիշ։ Հայկական ճարտարապետական յուշարձաններու պատերուն, խաչքարերու վրայ յաճախ կարելի է տեսնել նռան զարդաքանդակներ։

 
 
 
 

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել