Շարժում (շաբաթաթերթ)
«Շարժում», ազգային, հասարակական, գրական շաբաթաթերթ։ Հնչակեան կուսակցութեան հրատարակութիւն։
Շարժում | |
---|---|
Տեսակ | շաբաթաթերթ |
Լեզու | հայերէն եւ սպաներէն |
Հիմնադրուած է | 1937 |
Հրատարակման վայր | Պուէնոս Այրէս |
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱռաջին անգամ լոյս տեսած է 1937 թուականին, Պուէնոս Այրէս՝ հայերէն եւ սպաներէն։ Խմբագիրներ՝ Տաճատ Գնթունի, Երուանդ Մխիթարեան (Կարմրակ), Միհրան Ուզունեան (Օշին), Աբրահամ Էօլմեսեկեան, Վահան Զէյթունցեան, Աբրահամ Քրաճեան, Յակոբ Մարկոսեան, Ալպերթ Քէօսէեան, Աբրահամ Գարատանեան, Կիրակոս Աջապահեան, Կուժնունի (Նազարէթ Ճէրէճեան), Վարուժան Աճէմեան, Սամուէլ Սարգիսեան։
Լուսաբանած է Խորհրդային Հայաստանի անցուդարձը, հայկական գաղթավայրերու առօրեան, հայրենակցական միութիւններու գործունէութիւնը։ Գրական բաժինին մէջ տպագրուած են հայ խորհրդային եւ սփիւռքի հեղինակներու գործեր, արուեստի եւ գրականութեան նշանաւոր գործիչներու մասին տեղեկութիւններ։
Թերթին սպաներէն բաժինին մէջ տպագրուող նիւթերը նուիրուած են սպանախօս հայ երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան խնդիրին։