Շաքարին ազդեցութիւնը ակռաներուն վրայ
Շաքարին ազդեցութիւնը ակռաներուն վրայ Բերնին մէջ գտնուող որոշ մանրէներ, կը սնուցանեն մարդոց կերած շաքարը՝ ստեղծելու թթուներ, որոնք կը քայքայեն ակռային փայլուն, պաշտպանիչ արտաքին շերտը[1]:
Փտախտի գլխաւոր պատճառները
ԽմբագրելԿազային խմիչքներու յաճախակի սպառումը պատճառ կը դառնայ ակռաներու փտուկի, որովհետեւ ոեւէ անձի բերնին մէջ կան մանրէներ, որոնք շաքարով կը սնանին ու կը բազմանան եւ «ասիտ» կ'արտադրեն, հետեւաբար կը փտեցնեն ակռաները։ Կազային խմիչքներու պարունակած «ասիտ»ը պատճառ կ'ըլլայ նաեւ որ մարմինը չկարենայ կիր ներծծել, ինչ որ տարիներու ընթացքին ոսկորներու խտութիւնը կը պակսեցնէ եւ կը տկարացնէ զանոնք[2]։ Բերանին մէջ կան մեծ թիւով մանրէներ (Միքրոպ), որոնք կը բաժնուին երկու խումբի՝ օգտակար եւ վնասակար մանրէներ: Օգտակար մանրէները կը նպաստեն մարդոց բերնի առողջութեան պահպանումին, իսկ վնասակար մանրէները ուտելիքներուն հետ խառնուելով կը փակին ակռաներուն ու կը յառաջացնեն բարակ թաղանթ մը, որ կը կոչուի ատամնափառ (Dental plaque): Այդ ատամնափառին հիմնական բաղկացուցիչ մասը՝ մանրէներուն հետ միասին կը կազմեն տարբեր տեսակի շաքարները, ինչպէս՝ glucose, lactose, fructose, որոնք մանրէներուն նախասիրած սնունդն են: Մանրէները բոլոր սննդանիւթերէն աւելի կը նախընտրեն այդ շաքարները, որովհետեւ անոնք աւելի դիւրին եւ արագ կը քայքայուին եւ մեծ քանակութեամբ ուժ կը պարունակեն, ինչ որ անհրաժեշտ է մանրէներուն գոյատեւման ու բազմացման համար: Շաքարները քայքայելու եւ իւրացնելու համար, մանրէները կ'արտադրեն յատուկ նիւթ մը, որ խառնուելով շաքարին, կը յառաջացնէ թթուային (acidic) նիւթեր, ինչպէս օրինակ՝ կաթնաթթու (lactic acid): Այս թթուային նիւթերը եթէ երկար ժամանակ ակռաներուն վրայ մնան, ժամանակի ընթացքին կը քայքայեն ակռաներուն դուրսի կարծր շերտը, որ կը կոչուի enamel ու կը պաշտպանէ ակռաները եւ փայլք կու տայ անոնց: Երբ enamel-ը սկսի քայքայուելու, անոր վրայ կը յառաջանան փոսիկներ: Եթէ երկար ժամանակ ատամնափառը չհեռացուի ակռաներուն վրայէն, անոր մէջի մանրէները շատ արագ կը բազմանան ու անոնց կողմէ շաքարի քայքայումը կը շարունակուի աւելի մեծ թափով եւ աւելի մեծ քանակութեամբ թթուային նիւթեր կ'արտադրուին: Այս պարագային, հանքային նիւթերը չեն հասնիր վերականգնելու enamel-ը եւ անոր վրայ յառաջացած փոսիկները խորանալով կը հասնին ակռաներուն երկրորդ կարծր շերտին, որ կը գտնուի enamel-ին տակ ու կը կոչուի dentin[3]:
Փտախտը կանխարգիլելու միջոցներ
ԽմբագրելՓտախտի կանխարգիլման գլխաւոր միջոցը շաքարի նուազ օգտագործումն է:Ամէնօրեայ սնունդին մէջէն կարելի եղածին չափով հարկ է պակսեցնել շաքար պարունակող ուտելիքները, զովացուցիչ ըմպելիքները, ինչպէս նաեւ նուազեցնել սուրճին ու թէյին մէջի շաքարը: Քաղցր ուտելիք մը ուտելէն անմիջապէս ետք ցօղուել բերանը, իսկ եթէ ուտելիքը կպչուն է ու ցօղուելով չի մաքրուիր,անպայման վրձինով մաքրել: