Շիրին Էպատի (21 Յունիս 1947(1947-06-21)[1][2][3][…], Համադան, Իրան), իրանցի իրաւաբան, դատաւոր, մարդու իրաւունքի աշխուժակ, գրող, Նոպէլեան Մրցանակի տիրացած (2003), նախկին քաղբանտարկեալ, Աւրօրա մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի անդամ[6]

Շիրին Էպատի
պարս․՝ شیر
Ծնած է 21 Յունիս 1947(1947-06-21)[1][2][3][…] (76 տարեկան)
Ծննդավայր Համադան, Իրան
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Ազգութիւն պարսիկ[4]
Կրօնք Ուղղափառութիւն
Ուսումնավայր Թեհրանի Համալսարան
Մասնագիտութիւն Դատաւոր, գրագէտ, իրաւապաշտպան, խաղաղասէր, փաստաբան, կանանց իրավունքների պաշտպան, քաղաքական գործիչ, իրաւաբան
Աշխատավայր Թեհրանի Համալսարան
Վարած պաշտօններ Դատաւոր
Անդամութիւն Նոբելյան կանանց նախաձեռնություն?[5]
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Շիրին Էպատին 1947 թուականին Իրանի Համատան քաղաքը ծնած է, առեւտրային իրաւունքի փրոֆեսէօր Համատանի գլխաւոր նախկին նոտար եղած Մոհամմատ Ալի Էպատի ընտանիքին մէջ։ 1969 թուականին Էպատին Թեհրանի համալսարանի իրաւունքի եւ քաղաքագիտութեան բաժանմունքը աւարտած է եւ կէս տարի փորձաշրջան անցընելէն ետք դատաւոր նշանակուած է։ 1971 թուականին ան թեզ մը ապշտպանած 1975 թուականին Թեհրանի քաղաքային դատարանը գլխաւորած առաջին կին դատաւորը դարձած է։ Շատ իրանցիներու նման սկզբնապէս իրանական յեղափոխութիւնը ողջունած ըլլալով ան շուտով կը դառնայ յեղափոխութեան դաժան քննադատը[7], քանի որ ըստ նոր իշխանութեան կինը պետք չէ, որ որոշումներ կայացնէ տղամարդոց համար: Էպատին տասը տարիէ աւելի չէ կրցած աշխատիլ իրաւական ոլորտէն ներս, բայց այդ ընթացքին ան անվճար իրաւաբանական գործունէութիւն ծաւալած է։ Երկար տարիներ Էպատին անցուցած է մենախուցէն ներս՝ դառնալով Իրանի մարդու իրաւունքի թիւ մէկ աշխուժ պտպանը, հիմնուեցաւ Մարդու իրաւունքի պաշտպանի կեդրոնը եւ օգնեց կազմակերպելու «Մէկ միլիոն ստորագրութիւն» ժողովրդական նախաձեռնութիւնը։

1990 թուականին ան հնարաւորութիւն ստացաւ դասախօսելու Թեհրանի համալսարանէն ներս։ Ան մեծ դեր խաղցաւ Իրանի 5-րդ նախագահ Մոհամմատ Խաթամիի 1997 թուականի նախագահի ընտրութիւններուն։ Էպատին կը համարուի արեւելքի շարք մը երկիրներու, նաեւ Բրիտանական Քոլամպիայի համալսարանի, Թորոնթոյի համալսարանի պատւաւոր դոկտոր։ 2009 թուականի Յունիսին Իրանին մէջ աճող բռնաճնշումներու հետեւանքով ստիպուած լքած է երկիրը։ 2004 թուականին Forbes պարբերականը Շիրին Էպատիին ընդգրկած է «Աշխարհի հզօրագոյն 100 կիներ»ու ցանկին մէջ։ Ան նաեւ ընդգրկուեր է «Բոլոր ժամանակներու 100 ամենաազդեցիկ կիներ» ցանկին մէջ[8][9]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել