Շնչափողածակումը վիրաբուժական գործողութիւն մըն է, որուն միջոցով թոքերը անմիջական կապ կ'ունենան շրջապատի օդին հետ[1]:

Բնութագրում Խմբագրել

Շնչափողածակումը վիրաբուժական գործողութիւն մըն է, որ կը կատարուի հետեւեալ ձեւով[2].

  • վիրաբուժը վիզի յառաջամասի մորթին եւ ենթամորթին վրայ վահանանման աճառէն (thyroid cartilage) 1սմ վար հորիզոնական պզտիկ ճեղք մը կը բանայ եւ վիզի յառաջամասի ուղղահայեաց մկանները բութ գործիքով մը կեդրոնէն դէպի աջ եւ ձախ կողմ կը քաշէ եւ կը յայտնաբերէ վահանագեղձը (thyroid gland), որ շնչափողին սկզբնաւորութինը պատած կ'ըլլայ:
  • Վահանագեղձին վզիկը (isthmus) երկուքի կը հատէ զգուշութեամբ` առանց վնասելու տեղւոյն զարկերակները, երակները եւ վահանագեղձին տակը գտնուող յարվահանագեղձերը (parathyroid gland):
  • Շնչափողի երկրորդ եւ երրորդ աճառային օղակները (tracheal rings), որոնք կը գտնուին խռչափողի ձայնալարերէն վար, ուղղահայեաց եւ 1-2 սմ երկարութեամբ կը ճեղքէ` ստեղծելով շնչափողածակ (tracheostom) մը, որուն մէջ կը մխրճէ կերպընկալ եւ կամ մետաղեայ շնչափողածակի ներխողովակը (endotracheal tube):

Շնչափողածակին միջոցով թոքերը անմիջական կապ կ'ունենան շրջապատի օդին հետ:

Շնչափողածակումը ընդհանրապէս կը կատարուի ընդհանուր զգայազերծումով (anesthesia)` բացի շտապ պարագաներէն, երբ տեղական զգայազերծում կը կիրարկուի փրկելու համար շնչահեղձ անհատը:

Շնչափողածակում կատարելու դրդապատճառներ Խմբագրել

Անիկա հիւանդին կեանքը փրկելու բժշկական միջոցառում մըն է եւ կը կատարուի հետեւեալ պարագաներուն.

  1. Վերի շնչառական համակարգի խցում, այսինքն խռչափողին եւ կոկորդին ամբողջական խցում, որ արգելք կ'ըլլայ խռչափողային եւ բերանային շնչառութեան: Խռչափողի եւ կոկորդի զանազան ուռեր եւ հիւանդութիւներ կը յառաջացնեն խռչափողի եւ կոկորդի խցում: Այս պարագային շնչափողածակում կը կատարուի, որպէսզի հիւանդը կարենայ շնչել շնչափողածակին միջոցով:
  2. Խռչափողի խլիրդին վիրահատում, խռչափողի վնաս-հարուած, խռչափողի վիրահատում (laryngectomy):
  3. Երկարատեւ եւ մնայուն շնչադադար (sleep apnea):
  4. Վիզի ուռեցք (swelling) եւ ուռեր, բերնի եւ վիզի սուր հարուած-վնաս:
  5. Ձայնալարերու անշարժութիւն-անդամալուծութիւն (vocal chord paralysis) եւ ձայնալարերու ուռեր:
  6. Սուր շնչահեղձութիւն, որ կը յառաջանայ ուղեղային կաթուածով (brain strock) եւ թոքային զանազան հիւանդութիւններով: Ուղեղային կաթուածի պարագային, հիւանդը կ'ըլլայ անգիտակից (comatosed-unconscious): Ուղեղէն դէպի թոքեր եւ կրծքավանդակի մկաններ գացող շնչառութեան հրահանգները կը դադրին, եւ տեղի կ'ունենայ սուր շնչահեղձութիւն, այսինքն թոքերը չեն գործեր: Այս պարագային, շնչափողածակում կը կատարուի, եւ շնչափողածակէն դէպի շնչափող ներմուծուած ներխողովակը կը կապուի արհեստական շնչառական սարքի (artificial respirator) մը, որ հիւանդին շնչառութիւնը կը վերահաստատէ եւ կը հայթայթէ բնական շնչառութիւն: Այս մէկը հիւանդին կեանքը փրկելու շտապ միջոցառում մըն է: Շնչափողածակը կը պահուի եւ արհեստական շնչառութիւնը կը շարունակուի մինչեւ հիւանդին ուղեղային կաթուածին անհետացումը եւ գիտակցութեան ու բնական շնչառութեան վերականգնումը:
  7. Թոքային զանազան հիւանդութիւներով թոքերը կը տկարանան, բնական շնչառութիւն տեղի չ'ունենար եւ հիւանդը շնչահեղձութեան կը մատնուի: Ուստի շնչափողածակում կը կատարուի եւ արհեստական շնչառութիւն կը կիրարկուի:
Շնչափողածակին արհեստական ներխողովակին մասերը Խմբագրել
 


Շնչափողածակին արհեստական ներխողովակը կազմուած է երեք մասերէ[3][4]`

  1. Ուղղիչ (obturator), որ կը նպաստէ արհեստական ներխողովակին շնչափողէն ներս սահուն եւ դիւրին մտնելուն:
  2. Արտաքին խողովակ, որ կապուած կը մնայ վիզին վրայ: Կերպընկալ խողովակները կ'ունենան պզտիկ փուչիկ մը, որ օդով կը լեցուի բժիշկին կողմէ` ամբողջովին խցելու արտաքին խողովակին եւ շնչափողին միջեւ եղած տարածութիւնը:
  3. Ներքին խողովակ, որ շարժական է եւ հերթաբար դուրս կը բերուի լուալու եւ մաքրութեան համար: Անկախ այս մաքրութենէն, ներքին խողովակին մէջ կուտակուած խուխը կ'արտահանուի ծծիչ սարքով մը (suction machine):

Բարդութիւններ Խմբագրել

Շնչափողածակումը ընդհանրապէս պարզ եւ դիւրին վիրաբուժական գործողութիւն մըն է, սակայն գէր հիւանդներու պարագային, երբեմն վիրաբուժը դժուարութեան կը մատնուի: Գէր հիւանդներուն վահանագեղձը ընդհանրապէս կ'ըլլայ մեծ եւ կը շրջապատէ ամբողջ խռչափողը եւ շնչափողի վերին բաժինը: Ուստի վիրաբուժը առաւել ուշադրութեամբ եւ դանդաղօրէն կատարելու է շնչափողածակումը` խուսափելու համար բարդութիւններէ:

Շնչափողածակումը ունի իր բարդութիւնները:

Շնչափողածակումի ընթացքին կրնան պատահիլ`

  • արիւնահոսութիւն,
  • շնչափողի աճառային օղակներու վնաս-կոտրուածք,
  • վահանագեղձի, յարվահանագեղձի, խռչափողի եւ թոքաթաղանթի վնաս եւ օդի կուտակում` թոքի եւ թոքաթաղանթի միջեւ (pneumothorax),
  • խռչափողի եւ կերակրափողի խլուակի (trachea-esophageal fistula) յառաջացում եւ ձայնալարերու անդամալուծութիւն` ձայնալարերու ջիղին հատումով:
Գործողութենէն Ետք Յառաջացող Բարդութիւններ Խմբագրել
 


Գործողութենէն ետք կրնան յառաջանալ.

  • շնչափողի խցում` խուխի կուտակումով,
  • շնչափողածակի շուրջ ենթամորթային օդի կուտակում-փքուռոյց (emphysema),
  • շնչափողածակի արիւնահոսութիւն,
  • բորբոքում եւ բջիջատապ (cellulitis),
  • ցնցղապրկում (bronchspasm),
  • շնչափողի աճառային թուլութիւն (tracheomalacia), որ երկրորդական շնչահեղձութեան պատճառ կը դառնայ,
  • շնչափողի մաշում (erosion)` շնչափողածակի ներխողովակի պատճառով:
  • Շնչափողածակի ներխողովակ ունեցող անհատը չի կրնար խօսիլ եւ ձայնարկել, որովհետեւ շնչափողին եւ բերանին ու քիթին կապը անհետացած կ'ըլլայ եւ թոքերու օդի արտաշնչումը շնչափողէն դէպի խռչափող, բերան եւ քիթ տեղի չ'ունենար, այլ տեղի կ'ունենայ թոքերէն դէպի շնչափող, ապա շնչափողածակէն դուրս: Սակայն բժշկութեան արդի արհեստագիտութիւնը առիթ կ'ընծայէ, որ նման հիւանդներ մասամբ մը կարենան խօսիլ:

Այս կ'իրականայ երկու միջոցառումով.

  1. Շնչափողածակի ներխողովակի արտաքին բաժինի փուչիկը չ'ուռեցուիր, հետեւաբար, թոքերուն մէջ գտնուող օդէն մաս մը արտաքին խողովակին շուրջը կը հասնի եւ կ'ուղղուի դէպի խռչափող եւ կոկորդ: Խռչափող հասնող օդը ձայնալարերու շարժումով կ'օգնէ ձայնարկումի (phonation) եւ խօսակցութեան:
  2. Շնչափողածակի ներխողովակին արտաքին բաժինի ուռեցնող փուչիկը օդով լեցուած վիճակով, ներխողովակին երկու բաժինները կ'ունենան որոշ թիւով ծակեր, որոնց մէջէն շնչափողին մէջ գտնուած օդէն մաս մը դուրս կ'ելլէ ծակերէն եւ կ'ուղղուի դէպի խռչափող եւ կոկորդ: Խռչափող հասնող օդը ձայնալարերու շարժումով կ'օգնէ ձայնարկութեան եւ խօսակցութեան:
  • Շնչափողածակ ունեցող հիւանդը կ'ունենայ գրգռիչ հազ, որովհետեւ շնչափողածակէն դէպի թոքեր ուղուող օդը չոր օդ ըլլալով` կը գրգռէ թոքին մակերեսը եւ կը պատճառէ չոր հազ: Չոր հազ չպատահելու համար թոքերու մակերեսը պահուելու է խոնաւ վիճակի մէջ: Այլ խօսքով` շնչափողածակէն պարբերաբար 0,5-1 սանթիլիթր աղի ջուր եւ կամ շոգիախառն ջուր կը ներմուծուի  շնչափողին եւ թոքերուն մէջ:

Շնչափողածակի տեւողութիւն Խմբագրել

Շնչափողածակը կ'ըլլայ ժամանակաւոր եւ կամ մնայուն: Վերոնշեալ հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը դարմանելի է, հետեւաբար, անոնց պատճառով ստեղծուած շնչափողածակը կ'ըլլայ ժամանակաւոր: Հիւանդութեան անհետացումով շնչափողածակը կը գոցուի վիրաբուժական պզտիկ գործողութեամբ մը: Երբ հիւանդութիւնը դարմանելի չէ, հետեւաբար շնչափողածակը կ'ըլլայ մնայուն:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել