Շուէտի Պատմական Թանգարան

Շուէտի պատմական թանգարան (շուէդ.՝ Historiska museet, Statens historiska museum), թանգարան Սթոքհոլմի մէջ, որ կը ներառէ Շուէտի հնագիտական եւ մշակութային պատմութիւնը միջին քարի դարու ժամանակաշրջանէն մինչեւ մեր օրեր: Հիմնադրուած է 1866-ին, կը գործէ իբրեւ պետական գործակալութիւն, որու իրաւասութեան շրջանակներուն մէջ պահպանած է Շուէտի պատմական նմուշները, ինչպէս նաեւ այդ գիտելիքները հանրութեան հասանելի դարձնելը:

Շուէտի Պատմական Թանգարան

Տեսակ պատմութեան թանգարան եւ Ազգային թանգարան
Երկիր  Շուէտ
Տեղագրութիւն Սթոքհոլմ
Վայր Էսթերմալմ
Մասն է Շուէտի ազգային պատմական թանգարաններ
Հասցէ Narvavägen?
Հիմնադրուած է 1866[1]
Հիմնադիր Պրոր Էմիլ Հիլտեպրանտ
Տնօրէն Katherine Hauptman?
59°20′05″N 18°05′25″E / 59.3347°N 18.0903°E / 59.3347; 18.0903
Կայքէջ Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-sv" does not exist։
Քարտէս
Քարտէս

Թանգարանի կազմաւորման համար հիմք հանդիսացած են16-րդ դարէն ի վեր Շուէտի միապետներու կողմէ հաւաքուած արուեստի եւ պատմական առարկաներու հաւաքածոները: Այն ունի շարք մը մշտական ցուցահանդէսներ եւ ամէն տարի կը հիւրընկալէ յատուկ ցուցահանդէսներ` կապուած ընթացիկ իրադարձութիւններու հետ:

Նշանակութիւն Խմբագրել

Պատմութեան թանգարանը կը համարուի կեդրոնական թանգարանային գործակալութեան մէկ մասը, որ կը կոչուի Statens historiska museer (SHMM) («Ազգային պատմական թանգարաններ»): Այս գործակալութեան հովանիի ներքոյ կը գտնուին նաեւ Թագաւորական մետաղադրամներու առանձնարանը, Դումպա փեյթերմիլ թանգարանը եւ Շուէտի հնագիտական յանձնաժողովը (Arkeologiska uppdragsverksamheten or Arkeologerna)[2][3]: Թանգարանը նաեւ Շուէտի մէջ այսպէս կոչուած «ansvarsmuseum» («պարտականութիւններու թանգարաններ») հնգեակէն մէկն է: Անոր իրաւասութիւններու սահմանին մէջ համակարգած է թանգարաններու միջեւ գործունէութիւնը, օժանդակել այլ թանգարաններուն եւ կապեր հաստատել թանգարաններու եւ շուէտական համայնքի միջեւ[4]:

Պատմութիւն Խմբագրել

Պատմութեան թանգարանի եւ Շուէտի ազգային թանգարանի հիմնադրման համար հիմք հանդիսացած է Կուստաւ Ա. Վազայի Կրիբսհոլմամրոցի 16-րդ դարու գեղարուեստական հաւաքածոն: Հաւաքածոն ընդլայնուած է Շուէտական կայսրութեան օրօք ձեռքբերումներու, նուերներու եւ պատերազմի աւարներու միջոցով: Հաւաքածոի մէկ մասը կորած է Երեք թագաւորական պալատին մէջ բռնկուած հրդեհի ժամանակ: 18-րդ դարու վերջը դեսպանները, թագաւորական ընտանիքի անդամները արուեստի նմուշներ եւ հնաոճ իրեր գնած են եւ հաւաքուած Սթոքհոլմի թագաւորական պալատին մէջ։ 1792-ին՝ Կուստաւ Գ. արքայի մահէն ետք, հաւաքածոները յանձնուեցան Շուէտի կառավարութեան: Նոյն թուականին պալատին մէջ բացուեցաւ Թագաւորական թանգարանը (Kongl. Museum), որ աշխարհի առաջին հանրային թանգարաններէն մեկն էր[5]: 1846-1847-ականներուն թանգարանը պալատէն տեղափոխուեցաւ Սքեփպսպրոնի Ռիտսդէրբոլբի տուն, ուր տեղակայուած եղած է մինչեւ 1865 եւ տեղափոխումը Շուէտի ազգային թանգարան[6]: Շուէտ հնագէտ Սթիկ Վելտերը կը պնդէ, որ Պատմութեան թանգարանը փաստօրէն հիմնադրուած է Ռիտսդէրբոլբի պալատին մէջ 1847-ին[7]:

Ներկայիս թանգարանը 1866-ին հիմնադրած է Պրոր Էմիլ Հիլտեպրանտը, որ նախորդ թանգարանի տնօրէնը եղած էր ինչպէս Սթոքհոլմի պալատին մէջ, այդպէս ալ Ռիտսդէրբոլբի տան մէջ։ Թանգարանի հաւաքածոները ցուցադրուած էին վերջերս կառուցուած Շուէտի ազգային թանգարանի առաջին յարկին մէջ[5][8]: Շէնքերը շատ փոքր էին երկու թանգարաններու համար: Երբ 1876-ին կը ծրագրաւորուէր կառուցել նոր Հիւսիսային թանգարանի շէնքը[9], առաջարկուեցաւ, որ շէնքը պէտք է նաեւ ներառէ Պատմութեան թանգարանի հաւաքածոները: Պատմութեան թանգարանին տեղ յատկացնելու մասին բանավէճը շարունակուեցաւ տասնամեակներ, մինչեւ Սիկուրտ Կուրմանը դարձաւ Հին յուշարձաններու պահապան (riksantikvarie) եւ Շուէտի ազգային ժառանգութեան խորհուրդի ղեկավար 3 Յուլիս1923-ին: Ան հարցին աւելի ճշգրիտ եւ մշտական լուծում տուաւ[10]: Թանգարանին համար նոր եւ բաւարար մեծ շէնք ունենալու հիմնական նպատակը հաւաքածոները կարգի բերելն էր, որ սովորաբար «Քաոս» կը կոչուէր, մինչդեռ չհրապարակուած հետազօտական թերթերը կը կոչուէին "corf"[5]:

1929-ին Շուէտի կառավարութիւնը առաջարկեց, որ թանգարանին կրնան յատկացուիլ Krubban հատուածին մէջ գտնուող նախկին ռազմական զօրանոցներն ու ախոռները: 1930-ին տեղի ունեցաւ ճարտարապետական մրցոյթ[11]: Ոչ մէկ յաղթող չյայտարարուեցաւ, փոխարէնը ճարտարապետներ Պենկ Ռոմարը եւ Ճորճ Շերմանը եւ ճարպարապետ Կոստաւ Նիլսոնը ճարտարապետական տարրեր առաջարկեցին, որ դարձաւ տարածքի վերափոխման մեկնարկային կէտը: Անոնք մշակեցին նոր թանգարանի տիզայնը Կուրմանի հետ միասին[12]:

Ճարտարապետութիւն Խմբագրել

 
Արեւեալեան ախոռը

1932-ին Շուէտի կառավարութիւնը միջոցներ տրամադրեց պաշտօնական շէնքերու կառուցման համար՝ Մեծ ճգնաժամի ժամանակ աշխատատեղեր ստեղծելով: 1936-ին թանգարանի յատակագիծերը վերջնական տեսք դեռեւս չունէին[12]:

Արտաքին հարդարանքներ Խմբագրել

1935–1940-ականներու ընթացքին Ռոմարի եւ Շերմանի նախագծած հիմնական մասնաշէնքը կ՚արտացոլէ դարաշրջանի ժամանակակից ոճը եւ պատմական համատեքստը ոչ միայն համատեքստի պահանջներով, այլեւ թանգարանէն հարաւ գտնուող Ֆրետրիք Պլոմի նախագիծով կառուցուած 19-րդ դարու զօրանոցներով եւ ախոռներով[11]: Բարաքները նեոդասական ոճով են, իսկ կրկնուող ճակատամասերը մինչեւ 19-րդ դար Սթոքհոլմի գլխաւոր նաւահանգիստի մաս հանդիսացող Ladugårdslandsviken-ի ազդեցութիւնը կը կրեն[13][14]:

Թանգարանը բաղկացած է չորս երկյարկ եւ երեք յարկանի թաղամասի նման շինութիւններէ, որոնք կը շրջապատեն ներքին բակը, որ անոր կու տան ամրոցի տեսք: Ճակատամասը խոժոռ է եւ զարդարուած է Պրոր Մարքլունտի հիմնած քանդակներով (աւելացուած են 1959-ին), բարձրաքանդակներու հեղինակը նկարիչ Ռոպերտ Նիլսոնն է: Բակի լողաւազանի մօտ տեղադրուած է Քարլ Ֆրիսենտահլի Näcken (ջրային ոգի) քանդակը[11][12]:

Պրոնզէ դռներ Խմբագրել

 
Պրոր Մարքլունտի աշխատած քանդակներն ու դռները

Թանգարանի զարդարանքներու մեծ մասն ընտրուած է մրցոյթներու միջոցով[12]: 1938-ին Մարքլունտը շահեցաւ թանգարանի հիմնական մուտքը հիմնելու մրցոյթը: «Պատմութեան դարպասներ» (Historiens Portar) կոչուող դռները կառուցելու համար անոնցմէ պահանջուեցաւ տասներեք տարի: Դռներու կառուցումը աւարտած եւ բացուած են 1952-ին: Դռները ֆինանսաւորած է բարերար Եւա Պոննիերի հիմնադրամը[15]:

Դռները ունին 4,5 մեթր բարձրութիւն իւրաքանչիւրը կը կշռէ մօտ 1 տ, պատրաստուած են պրոնզէ, նախ հիմնուած են Հերման Պերկման ձուլարանին մէջ, այնուհետեւ անոնք ձուլած է Մարքլունտը[15]:

Տաս վահանակներու միջոցով դռները կը պատկերեն Շուէտի պատմութիւնը քարէ դարէն մինչեւ միջնադար: Ձախ դուռը կը ներկայացնէ հեթանոսական դարաշրջանը, կեդրոնը պատկերուած է Օդինը, աջ դռան վրայ պատկերուած է սուրբ Անսկարը եւ քրիստոնէական դարաշրջանը[15]:

Ներքին հարդարանքներ Խմբագրել

 
Ոսկիէ վզնոց Färjestaden-ից, Ոսկիէ սենեակի նմուշներէն

Թանգարանի ներքին մասը ընդարձակ է` ինչպէս մշտական, այդպէս ալ յատուկ ցուցահանդէսներու համար: Մշտական ցուցադրութիւնները կը ներկայացուին ժամանակագրական կարգով ներքին բակի առջեւի սենեակներուն մէջ, նախաքրիստոնէական հաւաքածոները՝ ներքնայարկին մէջ, իսկ 800-էն աւելի հաւաքածոները՝ վերի հատուածին մէջ։ Դահլիճները անընդհատ կը թարմացուին` նոր արուեստագէտներու յարմարեցմամբ եւ նոր ցուցադրութիւններով: Մուտքի սրահը հիմնանորոգուած է 1994-ին` միջնադարեան ասպետի դահլիճի տպաւորութիւն ձգելու համար: Յատակը քարէ է, իսկ առաստաղի տակ գտնուող ճառագայթները պատրաստուած են կրաձոյլէ[12]:

Ոսկիէ սենեակ Խմբագրել

Կեդրոնական բակի ներքեւի հատուածին մէջ կը գտնուի 700 մ 2 տարածքով կրաձոյլէ կամարաշարը, որ յայտնի է իբրեւ «Ոսկիէ սենեակ»[12], ուր կը ցուցադրուինն մեծ թիւով ոսկիէ եւ արծաթէ առարկաներ[11]: Այն կառուցուած է 1994-ին եւ վճարուած է Քնուդ եւ Ալիս Վալենպերկ հիմնադրամի նուիրատուութեամբ: Սենեակը նախագծած է ճարտարապետ Լէյֆ Պլոմպերկը: Սենեակի յատակը եւ սիւները պատրաստուած են կրաքարէ եւ կանաչաքարէ, իսկ զարդարանքը պատրաստուած է կռած երկաթէ: Այն մուտքի սրահէն հասանելի է ստորգետնեայ անցումով[12]:

Սենեակին մէջ կան շուրջ 3000 առարկաներ, որոնք պատրաստուած են ընդհանուր 52 քկ ոսկիէ եւ աւելի քան 200 քկ արծաթէ[16][17]:

Հաւաքածոներ Խմբագրել

 
Հատուած Skog գոպբելենէ

Երբ Քուրմանը նախապէս նախագծեց, թէ ինչպէս պէտք է ցուցադրուին հաւաքածոները, ան օգտուեցաւ ժամանակակից ցուցահանդէսներու, արդիւնաբերական տօնավաճառներու եւ խանութներու գաղափարներէն, այն է այցելուներուն հրապուրել եւ կրթել, բան մը, որ թերահաւատօրէն ընդունուեցաւ եւ գիտնականները համարեցին, որ թանգարանը հիմնականին մէջ կը համարուի գիտական հաստատութիւն[12]: Այն Շուէտի ամենամեծ թանգարաններէն մէկն է, որ ունի աւելի քան 10 միլիոն շինծու[18]՝ գրանցուած շուրջ 34000 գոյացուցակ համարներու ներքոյ[4], եւ կը համարուի Եւրոպայի ամենամեծ հնութիւններ ունեցող հաւաքածոներէն մէկը: Կը ցուցադրուին մօտ 6200 նմուշներ: 2011-ին թանգարանի 480000 առարկաներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը հասանելի էր առցանց տուեալներու պատուանդամին մէջ։ Այս նմուշներէն 65000-ը գծագրեր կամ լուսանկարներ են: Տուեալներու պատուանդանը կը պարունակէր նաեւ տեղեկութիւններ Շուէտի 55900 վայրերու մասին, ուր կատարուած են հնագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ գտնուած են մօտաւորապէս 267300 ոսկոր գտածոներ (ընդհանուր քաշը՝ շուրջ 111 տօննա): Տուեալներու պատուանդանը անընդհատ կ՚ընդլայնուի եւ կը թարմացուի[19]:

Ծովահէններու հաւաքածոն կը ներառէ մօտ 800-1050 առարկաներ, ինչպէս՝ զէնքեր, Mästermyr-ի սնտուկը, Ծովահէններու դարաշրջանի առեւտուրի կեդրոն Պիրքայից (ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութիւն) հնագիտական գտածոները, դարաշրջանի կրօնական իրեր, ճամփորդութիւններէ տուն բերուած օտարերկրեայ առարկաներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակահատուածի ամէնօրեայ կեանքի հետ կապուած տարբեր գտածոներ[20]:

«Ոսկիէ սենեակի» հաւաքածոյի ամենատարածուած առարկաներէն են մօտ 350–500-ին թուագրուող մանեակները՝ պատրաստուած են հին հռոմեական մետաղադրամներէ[21]: Սենեակին մէջ կան նաեւ ծովահէններու արծաթեայ զարդեր, միջնադարեան ոսկեջրուած մասունքներ, մետաղադրամներ, արարողակարգային թուրեր, պատերազմի աւար: Ըստ օրէնքի՝ թանկարժէք մետաղներէն պատրաստուած առարկաներու մեծ մասը, որոնք կը թուագրուին 7-րդ դարուն եւ որոնց տարիքը 100-էն բարձր է, չունենալով սեփականատէր կը յանձնուին կառավարութեան եւ կ՚ուղարկուին պատմութեան թանգարան: Օրէնքը դեռ ուժի մէջ է[16]:

Թանգարանը ունի Շուէտական եկեղեցական արուեստի ընդարձակ հաւաքածոյ՝ փայտէ քանդակները, խորաններ եւ խաչելութիւններ[22]:

Միջնադարեան հիւսուած գործերը կը պահուին հիւսուածոյ պալատին մէջ։ Նմուշները հիմնականին հիւսուածներ են, որոնք եկեղեցիներուն մէջ կ՚օգտագործեն քահանաներն ու եպիսկոպոսները: Ամենահին եւ նշանաւոր նմուշը 13-րդ դարու Սքոկ եկեղեցւոյ Skog գոբելենն է: Այն գտնուած է 1912-ին՝ փաթաթուած հարսի թագով[23]: Միւս գոպելեն աշխատանքը Grödinge է[24]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. ROR Data — v1.19 — 2023. — doi:10.5281/ZENODO.7644942
  2. «National Historical Museums»։ www.shmm.se։ Statens historiska museer։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 21 June 2006-ին։ արտագրուած է՝ 4 November 2015 
  3. «Nu byter vi namn och skepnad!» [We are changing our name and form!]։ www.arkeologerna.com։ Arkeologerna։ արտագրուած է՝ 4 November 2015 
  4. 4,0 4,1 «Task and responsibilities»։ www.shmm.se։ Statens historiska museer։ արտագրուած է՝ 4 November 2015 
  5. 5,0 5,1 5,2 «Ett historiskt museum och hur det har format Sverige» [A history museum and how it has shaped Sweden]։ www.shmm.se։ Statens historiska museer։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 28 March 2016-ին։ արտագրուած է՝ 4 November 2015 
  6. Hildebrand Bengt (1971–1973)։ «Bror Emil Hildebrand»։ Svenskt biografiskt lexikon (Swedish) 19։ Stockholm: National Archives of Sweden։ էջ 38։ արտագրուած է՝ 4 November 2015 
  7. Welinder Stig (1994)։ Strindberg som arkeologikritiker [Strindberg as an archeology critic]։ Stockholm: Almqvist & Wiksell International։ էջ 151։ ISBN 91-22-01648-1 
  8. Fimmerstad Lars (6 May 2010)։ «Nationalmuseum för europeisk konst» [A national museum for European art]։ www.stockholmshistoria.com։ Ur Stockholms historia։ արտագրուած է՝ 4 November 2015 
  9. Andrén Erik (1967)։ Nordiska museet – arkitekttävlingen och museibygget [Nordic Museum – the design competition and the building of the museum]։ Stockholm: Fataburen։ էջեր 31–42 
  10. Åman Anders (2008)։ Sigurd Curman : riksantikvarie – ett porträtt [Sigurd Curman : national antiquarian – a portrait]։ Stockholm: Kungl. Vitterhets historie och antikvitets akademien i samarbete med bokförlaget Atlantis։ ISBN 9789173532204 
  11. 11,0 11,1 11,2 11,3 «Historiska museet i Stockholm» [Swedish History Museum in Stockholm]։ www.sfv.se։ National Property Board of Sweden։ արտագրուած է՝ 12 October 2015 
  12. 12,0 12,1 12,2 12,3 12,4 12,5 12,6 12,7 Arvidsson Catrine (2000)։ «Historiska museet – En trettiotalsborg vid Narvavägen» [Swedish History Museum – A 1930s fortress at Narvavägen]։ www.sfv.se։ National Property Board of Sweden։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 March 2016-ին։ արտագրուած է՝ 12 October 2015 
  13. «Epoker»։ www.stockholmshamnar.se։ Ports of Stockholm։ արտագրուած է՝ 5 November 2015 
  14. Johan Mårtelius (1999)։ «Norra innerstaden»։ Guide till Stockholms arkitektur (2nd հրտրկթն․)։ Stockholm: Arkitektur Förlag AB։ էջ 54։ ISBN 91-86050-41-9 
  15. 15,0 15,1 15,2 Nilsson Stafan։ «En pilsner i porten» [A pilsner at the gate]։ www.sfv.se։ National Property Board of Sweden։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 4 March 2016-ին։ արտագրուած է՝ 6 November 2015 
  16. 16,0 16,1 «Guldrummet» [The Gold Room]։ www.historiska.se։ Historiska Museet։ արտագրուած է՝ 8 November 2015 
  17. «Historiska museet»։ www.sfv.se։ National Property Board of Sweden։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 March 2016-ին։ արտագրուած է՝ 3 November 2015 
  18. «Sök» [Search]։ www.historiska.se։ Historiska museet։ արտագրուած է՝ 10 November 2015 
  19. «Vikingar» [Vikings]։ www.historiska.se։ Historiska museet։ արտագրուած է՝ 10 November 2015 
  20. Andersson Kent (2011)։ Guldålder : svenska arkeologiska skatter [A golden age: Swedish archeological treasures]։ Uppsala: Baldersson։ ISBN 978-91-978024-3-7 
  21. «Medeltida konst» [Medieval art]։ www.historiska.se։ Historiska museet։ արտագրուած է՝ 10 November 2015 
  22. «Textilkammaren» [The Textile Chamber]։ www.historiska.se։ Historiska museet։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 October 2015-ին։ արտագրուած է՝ 11 November 2015 
  23. «Textilier»։ www.historiska.se։ Swedish History Museum։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 8 April 2019-ին։ արտագրուած է՝ 26 December 2015