Շուրջառ
Շուրջառ, փիլոնաձեւ, անթեւ եւ գեղեցկահիւս վերարկու, որ առջեւէն՝ կուրծքին վրայ կ'ամրանայ մետաղէ զոյգ ճարմանդով։
Շուրջառը կը ծածկէ հոգեւորականին ամբողջ մարմինը՝ տարածուելով մինչեւ գետին՝ խորհրդանշելով անոր վրայ ի վերուստ իջնող եւ պարուրող շնորհքն ու զօրութիւնը, որ կը պահպանէ եւ կ'աջակցի անոր խորհրդակատարութեան ընթացքին:
Այս զգեստը կ'օգտագործուի ոչ միայն Ս. Պատարագի, այլեւ՝ սրբազան խորհուրդներու, Աւետարան ընթերցելու, նախատօնակի եւ թափօրներու ընթացքին:
Կը խորհրդանշէ աստուածային շնորհներու այն զրահը, որմով պատարագիչը կը պատսպարուի չարի նետերէն եւ յարձակումներէն։
Անիկա աչքի կը զարնէ իր խորհրդաւոր պայծառութեամբ եւ գեղեցկութեամբ՝ ի տարբերութիւն միւս զգեստներուն:
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին գոյնի կանոն չունի, ուստի անիկա կը պատրաստուի բոլոր գույներով: Շուրջառին համար կանոն է, որ թիկունքին ունենայ երեւցող խաչ մը:
Շուրջառ կը կրեն ե՛ւ քահանան, ե՛ւ վարդապետը, ե՛ւ եպիսկոպոսը, ե՛ւ կաթողիկոսը[1]: