Ոսկան Թօփալեան
Ոսկան Թօփալեան (Ոսկիան, Օսկան) Էֆոնտի Հ./Գ. (1878, Մարաշ - 1915, Յունիս 12, Երզնկա), հայ բժիշկ։
Ծնած է | 1878 |
---|---|
Ծննդավայր | Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 12 Յունիս 1915 |
Մահուան վայր | Երզնկա, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | հայ |
Կրթութիւն | Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժամունք |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՈսկան թօփալեան ծնած է 1878-ին, Օսմանեան կայսրութեան Հալէպի նահանգի Մարաշ գաւառի կեդրոն Մարաշ քաղաքին մէջ, հայ առաքելական ընտանիքի մը մէջ։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մարաշի ազգային (թաղային) վարժարաններէն մէկուն/ամերիկացի միսիոնարներու Մարաշի «Ակադեմիա» բարձրագոյն վարժարանին մէջ։
Երկրորդական կրթութիւնը եւ «պսակաւոր արուեստից» վկայականը ստացած է ամերիկացի միսիոնարներու Կենդրոնական Թուրքիոյ քոլէճին մէջ, որ կը կոչուէր նաեւ Այնթապ քոլէճ։
1905-ին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժամունքը։ Ուսման տարիներուն հետաքրքրուած է վիրաբուժութեամբ։ Քանի մը ամիս Մարաշի մէջ աշխատած է իբրեւ բժիշկ, քանի որ տեղի համբաւաւոր վիրաբուժ, ամերիկացի տոքթ. Շեփըրտի հեղինակութիւնը կը սահմանափակէր անոր վիրաբուժական ձգտումները։
1905-ի վերջերը կը հաստատուի Տիգրանակերտի մէջ եւ կը զբաղի վիրաբուժութեամբ։ 1908-ին օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, խանդավառուած ժողովրդական ցոյցերով, ազատութեան եւ հաւասարութեան նշանախօսքերով, կ'անդամակցի Իթթիհատ Ըլ Թարաքքի կուսակցութեան տեղի կոմիտէին։
Շնորհիւ իր բժշկական համբաւին, ժողովուրդին մէջ ունեցած յարգանքի, բարեացակամ զոհողութիւններու եւ թրքերէնի գերազանց իմացութեան, կ'ընտրուի Իթթիհատի տեղական կոմիտէի կեդրոնական վարչութեան քարտուղար։ Այդ օրերուն Սելանիկէն Տիգրանակերտ եկած իթթիհատական քարոզիչ Ուեհիպ Պէյի՝ կուսակցական ժողովի ընթացքին հակահայկական ելոյթէն ետք բժիշկը կը պատռէ երկերեսանի թուրքին դիմակը եւ հրապարակայնօրէն կը հեռանայ կուսակցութենէն։ Ան իր կեանքի ապահովութեան նպատակով բրիտանական հիւպատոսարանի իբրեւ թարգմանիչ կ'աշխատի։ Այդ հարցով իրեն կ'օգնէ Տիգրանակերտի մէջ երկար տարիներ իբր բրիտանական փոխհիւպատոսի պաշտօն վարող վերապատուելի Թովմաս Մկրտիչեանը։ Հետագային կը տեղափոխուի Եվդոկիա եւ կը շարունակէ բժշկութեամբ զբաղիլ։ Եղած է ՀՅԴի անդամ։
1914-ին Ա. Համաշխարհային պատերազմի ատեն կը զօրակոչուի օսմանեան բանակ եւ կ'ուղարկուի Երզնկա/Կարին՝ Ազիզիէի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցի բժիշկ ծառայելու՝ հարիւրապետի աստիճանով։
12 Յունիս 1915-ին, Երզնկայի մէջ (Երզնկայի մօտ կամ Կարինի մէջ) թուրք զինուորները սրախողխող կը սպաննեն Ոսկան Թօփալեանը քանի մը հայ բժիշկներու հետ միասին՝ 37 տարեկանին։
Թուրք թշնամիները Տիգրանակերտի բժիշկին ողջ գերդաստանը սրախողխող կ'ընեն՝ օրորոցի մանուկէն մինչեւ չափահասները։ Այլ տուեալով՝ ծառայութեան կ'ուղարուի Կովկասեան ռազմաճակատ եւ հոն կը սպաննուի թուրք զինուորներու ձեռքով։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Ստամպուլ, 1919։
- Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
- Ալպոյաճեան Ա., Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գահիրէ, 1952։
- Ժամկոչեան Պենճամին, Հայնի, Պէյրութ, 1952։
- Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթոն, 1957։
- Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
- Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, 24 Ապրիլ, 1985։
- Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։
- Ատաշ Ատնան, 20-րդ դարու նահատակ եղած բժիշկները (թրքերէն), Թուրքիա, 1997։
- Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-աթլաս, Բ. հատոր, Գոյամարտ, 1914-1925, Լոս Անճելըս, 2001։
- Եարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Ս.Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թրքերէն), Ստամպուլ, 2001։
- Խաչատրեան Լ. եւ ուրիշն., Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու (1915-1923 թթ.), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Ե., 2004։
- Քէստէնեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազդակ», 01-11-2012
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։