Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/01-2025
Շաքար, Քաղցր եւ ախորժելի համով նիւթ, զոր կը հանեն զանազան բոյսերէ, մանաւանդ շաքարեղէգէն ու ճակնդեղէն, եւ գործարաններուն մէջ մշակելով, կը վերածեն սպիտակ կարծր բիւրեղային վիճակի եւ յաճախ կը վաճառեն իբրեւ աւազ։
Մոլորակին հեռաւոր անկիւններուն մէջ է, որ մարդ արարածը սկսած է մշակել շաքարեղէգը` Խաղաղական ովկիանոսին Նիւ Կինէայի եւ զայն շրջապատող կղզիներուն մէջ: Ապա ան կը հասնի Հնդկաստան: Հոնկէ է, որ կու գայ շաքարին անունը. հնդիկներուն սանսկրիտ լեզուով անոր անունը սարքարա է:
Ժամանակի ընթացքին եւ հետախուզական արշաւանքներուն միջոցով շաքարեղէգը կը շրջի ամբողջ աշխարհի տարածքին: Հին ժամանակներուն, երբ շաքարը եւ մեղրը միակ ծանօթ աղբիւրներն են քաղցր համը ստանալու համար, ան կը ներկայացուի իբրեւ` «եղէգը, որ մեղր կ'արտադրէ առանց մեղուներու օգնութեան»:
ԺԶ. դարուն երկրագործութեան մասնագէտ Օլիվիէ տը Սեր առաջին անգամ չի յաջողիր շաքար արտադրել ճակնդեղի հիւթին շնորհիւ: Սակայն ԺԸ. դարուն է միայն, որ քիմիագէտ մը կը փաստէ, որ շաքարեղէգէն եւ ճակնդեղէն ստացուած շաքարը նոյնն է: Շաքարի առեւտուրը շատ դրամ կը բերէ: Շաքարին պատճառով տեղի կ'ունենան պատերազմներ․․․ Աւելին⇒