Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/04-2022
Կենաց ծառը, առասպելական բոյս մը, որ դրախտին մէջ (երկինքի) աստուածներուն ու արդարներուն անմահութիւն կը պարգեւէ:
Հայ իրականութեան մէջ՝ բնութեան պաշտամունք, բարօրութիւն եւ առատութիւն կը խորհրդանշէ:
Կենաց ծառը հին ժամանակներու պատկերացում է, որ առաւելաբար մշակուած է նստակեացութեան, անասնապահութեան եւ յատկապէս ոռոգուող երկրագործութեան զարգացման շնորհիւ: Կենաց ծառի գաղափարին մէջ ընդգրկուած են մարդկային կենսափորձի իմաստութիւնները եւ բնութեան օրինաչափութիւններու նկատմամբ հին պատկերացումները:
Կենաց ծառը կը համարուի հնագոյն մարդու կրօնածէսծիսական պատկերացումներու առանցքային բաղադրիչներէն մէկը:
Կենաց ծառի պաշտամունքը ընդունուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ իւրաքանչիւր մշակոյթ կը կրէ իր միջավայրին տեղական իւրայատկութիւնները: Առանձին վայրերու մէջ սրբացուած են նաեւ ծառերու տարբեր տեսակներ:
Անհրաժեշտ է կատարելապէս ուսումնասիրել այն հասկացողութիւնները, որոնք հիմնուած են բոյսերու ու ծառերու պաշտամունքին վրայ․․․ Աւելին⇒