Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/12-2019

Երաժշտութիւն (յունարէն՝ μουσική, ենթակայ յունարէն՝ μούσα - մուզա բառէն), արուեստի տեսակ, որու գեղարուեստական նիւթը համակարգուած ձայնն է։ Երաժշտութիւնը յառաջացած է Փալիոլիթի (հնաքարի) մէջ։

Դաւիթը եւ իր տաւիղը, նկարչութիւն, Փարիզի սաղմոսաց գիրք, 960, Կոստանդնուպոլիս

Կ'ենթադրուի, որ ժամանակակից մարդը ի յայտ եկած է Ափրիկէի մէջ՝ շուրջ 160.000 տարի առաջ։ Շուրջ 50.000 տարի առաջ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են բոլոր ցամաքամասերուն մէջ։ Քանի որ աշխարհի բոլոր բնակիչները, որոնցմէ նաեւ՝ առաւել մեկուսացած ցեղախումբերը, ունին երաժշտութեան որոշակի տեսակներ, պատմաբանները եկած են այն եզրակացութեան, որ երաժշտութիւնը յառաջացած է Ափրիկէի առաջին բնակիչներուն մօտ ասկէ 50.000 տարի առաջ եւ անկէ ետք տարածուած է ամբողջ աշխարհով մէկ։

Բանաւոր երաժշտական աւանդոյթը կ'անուանեն նախնադարեան կամ պարզունակ։ Ատոր իբրեւ օրինակ կը ծառայեն ամերիկեան ու աւստրալիական բնիկներու երաժշտութիւնը։ Երաժշտութեան նախնադարեան փուլը վերջ կը գտնէ, երբ մարդիկ կը սկսին գրառել երաժշտական ստեղծագործութիւնները։ Ամենահին յայտնի երգը, որ գրառուած է սեպագիր տախտակի վրայ եւ յայտնաբերուած է Նիպուրի պեղումներու ատեն, 40.000 տարեկան է։

Ֆլէյտան՝ սրինգը, գիտնականներու կողմէ գրանցուած ամենահին երաժշտական գործիքն է։

Երաժշտութիւնը արուեստի տեսակ է, որու հիմքը կը կազմեն ձայնը եւ լռութիւնը։ Երաժշտութեան ընդհանուր տարրերն են բարձրութիւնը, ռիթմը, տինամիքան եւ թեմպրի եւ կառուցուածքի երաժշտական յատկանիշները․․․ Աւելին