Չինաբանութիւն կամ Չինագիտութիւն երբեմն ալ Չինական ուսումնասիրութիւններ Արեւելեան Ասիոյ ուսումնասիրութիւններու ենթաոլորտներէն մէկն է, որ կը զբաղի Չինաստանի հասարակական եւ մարդկային գիտութիւններու հետազօտութեամբ։ Չինագիտութիւնը կաճառական (անգլերէն՝ academic) այն առարկան է որ կ՛ուսումնասիրէ չինական քաղաքակրթութիւնը՝ լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթը, գրականութիւնը, իմաստասիրութիւնը (փիլիսոփայութիւն), արուեստը, երաժշտութիւնը, շարժապատկերներն ու գիտութիւնը։[1]

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Cf. p.4, Zurndorfer, China Bibliography