Պաթայա տէ Լոս Վինոս (Գինիի Փառատօն)
Պաթայա տէ Լոս Վինոս (Գինիի Փառատօն), տեղի կ'ունենայ Հարոյի մէջ, Սպանիա, որ կը ներկայացնէ միջին դարերուն դրացի Միրանտա տէ Էպրօ շրջանին հետ հողամասերու կռիւը:
Աւանդութիւն
ԽմբագրելՍպանիոյ հիւսիսային շրջանի մայրաքաղաք Հարոյի մէջ, 29 Յունիսին, Սուրբ Փետրոյի օրը, հազարաւոր անձեր փողոց կ'իջնեն՝ «զինուած» գինիով լեցուած ջուրի զէնքերով: Ուրիշներ կը նախընտրեն աւելի աւանդական միջոցները, ինչպէս` դոյլեր, շիշեր, ջրամաններ եւ նոյնիսկ` հին կրկնակօշիկներ[1]:
300 հարիւր տարուան այս աւանդութիւնը մարդոց ուշադրութիւնը կը սկսի գրաւել Ի. դարուն: Խանդավառ քաղաքապետը կը սկսի նոյնիսկ իւրաքանչիւր մասնակցողի նուիրել 4 լիթր գինի` իբրեւ «զինամթերք»[2]: