Պանիրէ Թունաւորում
Պանիրէ Թունաւորում, ամէն տարի, գարնան, պանիրէ թունաւորման բազմաթիւ պարագաներ կը պատահին Լիբանանին ու Սուրիոյ մէջ:
Այս թունաւորման պատճառ հանդիսացող պանիրը տեղացիներուն կողմէ կը կոչուի «Ճըպնի Խատրա» (կանաչ պանիր): Ճերմակ, գնդաձեւ եւ մէջտեղը ծակ պանիր մըն է, որ կը վաճառուի թիթեղներու մէջ: Շատ համեղ է եւ երեւութապէս՝ անմեղ: Թունաւորուած պարագային համն ու տեսքը կասկած չեն ներշչեր,միայն երբեմն դանակով հատած ատեն ստացուած շերտի ծակոտկէն կրնանք գիտնալ թունաւորւած ըլլալը:
Պանիրը կը պատրաստուի գիւղական տուներուն մէջ՝ թիթեղէ կամ պղինձէ ամաններու մէջ,երբեմն այնպիսի անհատներու կողմէ,որոնք շատ անգամ գաղափար իսկ չունին առողջապահական տարրական պայմաններուն եւ գիտելիքներուն մասին:
Տեղացիք պանիրին թունաւորուիլը կը վերագրեն պղինձէ ամաններուն կապած կանաչ բորբոսին,ատոր համար ալ այս թունաւորը կը կոչեն «Չընճար»,մինչդեռ այդ չէ իրողութիւնը:
Պանիրին թունաւոր դառնալուն պատճառը կուղահատիկ մանրէն է,որ կը գտնուի մեր կոկորդին,բերանին,վերքերուն մէջ...
Այս մանրէն պանիրին կը փոխանցուի երեք ձեւով՝
Ա. Պանիրի պատրաստութեան տրամադրուած ամանները կրնան հականեխուած չըլլալ եւ պարունակել այս մանրէն:
Բ. Պանիրը պատրաստող անձը՝ հականեխման եւ առողջապահական միջոցներուն անտեղեակ,կրնայ իրմէ մանրէն փոխանցել պանիրին,եւ կամ ալ կովուն ստինքը կրնայ ըլլալ հիւանդացած,եւ մանրէն փոխանցուի:
Գ. Պանիրը պատրաստելէ ետք զայն պահելու ձեւերը կրնան պատճառ դառնալ մանրէի փոխանցումին:Օրինակ՝ խանութպան մը կրնայ սառնարան չդնել պանիրե,ձգել սեղանին վրայ,փոշիին եւ ճանճերուն առջեւ:Երբ եղանակն ալ տաք ըլլայ,ապա կը ստեղծուի նպաստաւոր ենթահող մը մանրէներուն աճման եւ բազմացման:Այս պայմաններուն տակ պանիրը կրնայ թունաւորել ենթական՝ ուտելէն 4-5 ժամ ետք:
Նախ ենթակային բերանը կը լորձնոտի,ապա ան կ’ունենայ սրտխառնուք,փսխուք եւ արիւնոտ փորհարութիւն:Ապա՝ գլխացաւ,արեան ենթաճնշում,իսկ եթէ դարմանումը ուշանայ՝ մահը կրնայ անխուսափելի դառնալ:Ընդհանրապէս երեւոյթը հաւաքական կ’ըլլայ,որովհետեւ ընտանիքի բոլոր անդամներն ալ համտեսած կըլլան նոյն պանիրը:
...Երբ նման պարագայ ստեղծուի,պէտք չէ սարսափիլ եւ շփոթի մատնուիլ,բայց նաեւ առտնին միջոցները գործածելով պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել,որովհետեւ քանի մը ժամուան յապաղումը կրնայ մահուան առաջնորդել:Անմիջապէս պէտք է դիմել բժիշկին,որ եթէ ախտաճանաչման վարանում մը ունենայ կրնայ պանիրէն կտոր մը ղրկել տարրալուծարան՝ անոր թունաւոր հանգամանքը հաստատելու համար: Դարմանումը կը կատարուի փսխուքի եւ փորհարութեան պատճառով սպառած մարմնի հեղուկները եւ աղերը վերամբարելով հիւանդին մարմինին մէջ՝ համապատասխան ներարկումներով:Թոյնը մասնաւոր հակաթոյն մը չունի:Եթէ թեթեւ է թունաւորումը,դարմանումը կարելի է կատարել հիւանդին տան մէջ,իսկ ծանր պարագաներուն՝ հիւանդանոց պէտք է փոխադրել զայն...
Աղբիւրներ
Խմբագրել(ԶԳՈՅՇ),Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ,Բ տարի,թիւ 1 (5),2016 էջ 29-30