Պատմութիւն Հայ Եկեղեցւոյ

Հայ եկեղեցին մէկ մասն է քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցւոյ:Քրիստոնէութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ տարածուած, աւելի քան երկուհազարամեայ կրօնք մըն է:

Բացի կրօնական իր նկարագրէն եւ դերակատարութենէն, Հայ եկեղեցին ունի նաեւ ազգային դիմագիծ եւ սերտօրէն կապուաղ է հայութեան կեանքին թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկայիս: Այս պատճառով ալ անհրաժեշտ է սերտել Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու կառոյցը, լաւ հասկնալու համար Հայ ժողովուրդին քաղաքական եւ քաղաքակրթական կեանքն ու պատմական հոլովոյթը:

Հայոց պատմութեան էջերէն գիտենք, որ եկեղեցին շատ կարեւոր ազդեցութիւն եւ դերակատարութիւն ունեցած է մեր մտաւոր զարգացումին(գրականութիւն եւ արուեստներ) եւ քաղաքական ու ընկերային կեանքին մէջ: Հայ եկեղեցին այնքան սերտօրէն շաղախուած է հայ կեանքին հետ, որ յաճախ դժուար է իրարմէ անջատել հայ ազգային պատմութիւնն ու հայ եկեղեցական պատմութիւնը:

Եկեղեցի Խմբագրել

Եկեղեցի բառը յունարէն «Էկլէզիա» բառին տառադարձութիւնն է եւ կը նշանակէ ժողով, այս պարագային՝ Քրիստոսի հաւատացեալներուն խումբը, համախմբումը:

Քրիստոնէական հասկացողութեամբ անհատ հաւատացեալները եկեղեցի կ’ըլլան Սուրբ Հոգիով, որովհետեւ ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս Առաքեալ՝ հաւատացեալը «Սուրբ Հոգւոյն Տաճարն է»: Իսկ համայնքային եկեղեցին կազմուած է հաւատացեալ անհատներու հաւատքի եւ սիրոյ միութեամբ: Այն համայնքները, որոնք նոյն ճակատագիրը, պատմութիւնն ու լեզուն ունին կը կազմեն Ազգային Եկեղեցի:

Ճշմարիտ եկեղեցին հաւատացեալներու հաւատքի միութեամբ իրականացած եկեղեցին է, ուր ներկայ կ’ըլլայ Քրիստոս, որովհետեւ եկեղեցին հիմնուած է Քրիստոսի անձին վրայ եւ Մէկ, ընդհանրական(տիէզերական), Առաքելական եւ Սուրբ է:

Հայ եկեղեցին կը կոչուի «Հայ» կամ «Հայոց» կամ «Հայաստանեայց» եկեղեցի:

Եկեղեցի բառը նաեւ կը նշանակէ այն վայրը կամ շէնքը, ուր հաւատացեալներ կը հաւաքուին եւ կ’աղօթեն. այս իմաստով, անիկա աղօթավայր կը նշանակէ:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայ Եկեղեցագիտութիւն, Մանուշակ Պոյաճեան,Պէյրութ 2006, էջ 23-24։