Պարոյր Ասատուր (1882, Սեբաստիա), գրասէր առեւտրական:

Պարոյր Ասատուր
Ծնած է 1882
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մասնագիտութիւն առեւտրական

Կենսագութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Սեբաստիա 20 Օգոստոս 1882 թուականին որդի Ասատուրի սերած Վերիբերդացի Մրջին տոհմէն, (Վերիբերդը Սենեքերիմ թագաւորի ժամանակ անոր անձնական զօրաց իբրեւ բանակատեղի եւ նախարարաց բանակավայր ծառայած էր) ունենալով դարաւոր ընտանեական պատմութեան մը արձանագրութիւնները իրական տուեալներով։

Պարոյր Ասատուր նախնական կրթութիւնը Ս. Սարգիս եկեղեցուոյ դպրոցին մէջ ստանալէ ետք փոխադրուած է Ամերիկեան գոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է բրոֆ. Պալեօզեանի եւ Գապադճեանի օրով:

Որպէս յաջողակ թուաբանագէտ դպրոցական շրջանէն իսկ յանձնառու եղած է մհտ. Մարուքէ Իբրանոսեանի առեւտրական հաստպտութեան մէջ պաշտօնավարելու: Պատասխանատու պաշտօններ վարած է նաեւ նոյն Տան մասնաճիւղերուն մէջ Սամսոն, Գասթէմունի եւ այլն:

1900-էն սկսեալ աշխատակցած է կարգ մը թերթերու, Բ. Քէջեանի «Բիւղանդիոն»ին, Ս. Չէօմլէքճեանի առեւտրական շաբաթաթերթին, ինչպէս նաեւ արտասահմանի Հնչակեան կիսապաշտօնական օրկաններու Պ. Հայկազն, Հայկուհի, Անցորդ եւ Պ. Ա. ստորագրութիւններով:

1904-ին վտանգուելով անցած է Եւրոպա եւ հետեւած որպէս թղթակից ուսանող Փարիզի Ազատ Համալսարանի ճիւղին եւ վկայական ստացած է:

Նախապէս հաստատւած է Ռուսճուք (Պուլկարիա) իբրեւ գլխաւոր տոմարակալ Կրօնիկ եւ Կ. Փափազեան վաճառատան եւ ի վերջոյ անձնական ձեռներէցութեամբ հիմնած է Գոմիսիոնի գործ մը, որ հասցուցած է փայլուն վիճակի:

Պ. Ասատուր 1923-էն ի վեր իր պատուաւորութեամբ մեծ վստահութիւն կը վայելէ դրամատուներէ: Գործօն անդամ է ֆրանսական եւ բոլոնական Առեւտրական Գրասենեակներու:

Ինքն էր որ 1933-ին կազմակերպեց Ներգաղթի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ աշխատեցաւ մինչեւ կարաւանին մեկնումը: Սեբաստիոյ Վերաշինաց Միութիւնը հաստատեց, նախաձեռնարկ եւ գլխաւոր հիմնադիրը եղաւ Հայ Համագործական Սեւան դրամատան, նաեւ «Գօթվա» բաժնետիրական ներկի գործարանին Կարա-Իսքըր:

1935-ին հրատարակեց «Վիթոշ-Արարատ» Պուլկարահայ տարեգիրքը, որ համայն հայ մամուլէն գովեստաներու արժանացած, որպէս ատաղձ ապագայ Պուլկարահայ պատմութեան:

Մեծ սիրահար մըն է Խորհրդային Հայաստանի եւ հիացող անոր հսկայ վերաշինութեան:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Սոֆիա, 3 Յունիս 1936, Ս. Փաչանեան։
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, Բ. Հատոր, 1938, Տպ. Պուքրէշ, էջ 222: