Պարտիզակ (հանդէս)
Կիսամեայ հանդէս։
«Պարտիզակ», կիսամեայ հանդէս, բողոքականներու Պարտիզակի գիշերօթիկ բարձրագոյն վարժարանի հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1909-1912 թուականներուն, Կոստանդնուպոլիս։ Խմբագիրը՝ Յովսէփ Տէր Մինասեան։
Պարտիզակ | |
---|---|
Տեսակ | հանդէս |
Խմբագիր | Յովսէփ Տէր Մինասեան |
Հիմնադրուած է | 1909 |
Հրատարակման վայր | Կոստանդնուպոլիս |
Ուղղուածութիւն
ԽմբագրելԱնդրադարձած է համիտեան տիրապետութեան շրջանին հայ ժողովուրդի արեւմտեան հատուածի ճակատագիրին, ներկայացուցած է ազգային-ազատագրական պայքարի դրուագներ։ Ջատագոված է աշխոյժ եւ կազմակերպուած պայքարի գաղափարը, յեղափոխական շարժումները դիտել իբրեւ բնականոն երեւոյթ կեղեքման դէմ, քննադատած է դէպի Միացեալ Նահանգներ արեւմտահայութեան գաղթը։
Գրական-բանասիրական հարցերու մէջ պաշտպանած է ինքնուրոյն, ազգային իրապաշտ գրականութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը։ Լուսաբանած է վարժարանի առօրեան։ Աշխատակցած են յատկապէս վարժարանի սաներն ու ուսուցիչները։