Պէթ Էլ Պայէ, Հիւսիսային լեռնալիբանանի հայկական գիւղն է, որ կը թարգմանուի «Վաճառականին տունը»: Շուրջ 200 տարի առաջ Հաննա Ղատատիէ անուն հալէպցի հայ մը՝ կը փախչի եւ Լիբանան կը հաստատուի։ Զմմառի վանքը, աւելը ճիշդը՝ Անտոնեան միաբանութիւնը, զայն կը ղրկէ Զղարթա՝ իր կալուածները հսկելու համար։

Հոն Ղատատիէ կը զբաղի նաեւ՝ փերեզակութեամբ, որմէ յառաջ կու գայ գիւղին այժմու անունը՝ Պէթ էլ Պայէ, որ ինչպէս ըսինք կը թարգմանուի «վաճառականին տունը»:

Ղատատիէ կ'ամուսնանայ եւ ժամանակի ընթացքին իր գերդաստանը կը բազմանայ, եւ այժմ Պէթ էլ Պայէ 200 հոգինոց զուտ հայկական արաբախօս գիւղ մըն է։

Ղատատիյէի գերդաստանը կը կոչուի Պայեան։ Այս գերդաստանէն յառաջ կու գան չորս կաթողիկէ քահանաներ։ Ռափայէլ՝ կը մեռնի Մէրսին, Սիմոն՝ 1915-ի տեղահանութեան կը ջարդուի, Օհաննէս՝ կը մեռնի Զղարթա, իսկ երիտասարդ Ռաֆայէլ Պայեան՝ ժամանակին կը գտնուէր Պէյրութ։ Ինչպէս ըսինք, Պայեանի գերդաստանը աճած է, բոլորն ալ քաջ եւ յաղթանդամ են, մեր հին լեռնականները յիշեցնող տիպարներ[1]։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 341։