Պիզանիի Ճակատամարտը

Պիզանիի ճակատամարտը տեղի ունեցած է Էպիրուսի մէջ 4 Մարտ 1913-էն վերջ: Ճակատամարտը տեղի ունեցած է յոյներու եւ օսմանեան զօրքերու միջեւ Առաջին Պալքանեան պատերազմի վերջին փուլի ընթացքին,

Պիզանիի Ճակատամարտը
Պալքանեան առաջին պատերազմ
Յունական պատկեր, ուր յունական զօրքերը գերի կը վերցնեն Յանինայի օսմանեան պահակախումբը եւ թուրք փաշան իր սուրը յոյներու հրամանատարին կը յանձնէ, թագաժառանգ արքայազն Կոնստանտինին:
Թուական 1913
Վայր Պիզանի, Յանինա վիլայէթ, Օսմանեան կայսրութիւն
(այժմ Պիզանի, Յունաստան)
Արդիւնք Յոյներու յաղթանակ
Յանինայի անկում
Հակառակորդներ
 Հունաստան Յունաստան Յունաստան Օսմանեան կայսրութիւն
Հրամանատարներ
Թագաժառանգ արքայազն Կոնստանդին Էսատ փաշա
Կողմերու ուժեր
4 հետեւակային բաժին, 1 հեծելազօրային կիսաբաժին եւ 1 հեծելազօրային խումբ.
41,000 զինուոր
105 թնդանոթ
4 հետեւակային բաժին.
35,000 զինուոր
Անյայտ քանակութեամբ ոչ զինուորականներ
162 թնդանոթ
Կորուստներ
284 սպաննուած եւ վիրաւոր 2 800 սպաննուած

Պատերազմի իրադարձութիւններ

Խմբագրել

Իրադարձութիւնները տեղի ունեցած են Պիզանիի ամրոցի մօտ, որու փակին մէջէն ճամբայ կար դէպի Յանինա, որ տարածաշրջանի ամենամեծ քաղաքն էր:

Պատերազմի սկիզբը, Էպիրուսի յունական բանակը բաւարար թիւով զինուորներ չունէր, որ գերմանացիներու կողմէն նախագծուած Պիզանիի պաշտպանական դիրքերը գրոհէր: Սակայն երբ Մակեդոնիոյ արշաւանքը աւարտեցաւ, մեծ թիւով յոյն զինուորներ տեղափոխուեցան Էպիրուս, ուր կը գտնուէր զօրքերու հրամանատարը Թագաժառանգ արքայազն Կոնստանտինը: Ճակատամարտի որպէս արդիւնք, օսմանեան դիրքրեը ոչնչացուեցան եւ Յանինիան նուաճուեցաւ: Չնայած յոյները քանակով փոքր առաւելութիւն մը ունէին, սակայն այս մէկը որոշիչ դեր չունեցաւ յաղթանակին վրայ։ Յոյներու յաղթանակի գրաւականը լաւ մարտավարութիւնն էր, ըստ որուն լաւ սրընթաց գրոհները օսմանեան զօրքերուն վերադասաւորուելու եւ ճիշդ պաշտպանութիւն կազմելու ժամանակ չտուին:

Նախապատմութիւն

Խմբագրել

Յոյներու համար պատերազմական հիմնական գործողութիւնները սկզբնական շրջանին Մակեդոնիոյ մէջ ընթացան[1], իսկ Էպիրուսի ճակատին, յունական զօրքերը փոքրաթիւ էին եւ օսմանեան Յանիա կորպուսները անոնց կը դիմակայէին Հոկտեմբեր 1912-էն սկսեալ: Երբ յոյները օսմանեան բանակի Էսատ փաշայի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած գրոհին վերջ դրին, Կրիբպովոյի մէջ, անկէ ետք յաջողութեամբ ազատագրեցին Պրեւեզան (21 Հոկտեմբերին) եւ դէպի հիւսիսային ուղղութեամբ շարժեցան Յանինա` ետ մղելով օսմանեան գրոհը Պենթէ Պիգադիայէն[2]: 5 Նոյեմբերին փոքր ստորաբաժանում մը Կորֆուէն իջեւանեց եւ նուաճեց Հիմարա ափամերձ հատուածը առանց լուրջ դիմադրութեան[3], իսկ 20 Դեկտեմբերին յոյները ամրապնդեցին իրենց դիրքերը Էպիրուսի մէջ եւ մտան Կորչա, որ կը գտնուէր Յանինայի հիւսիսը եւ այսպիսով փակեցին դէպի քաղաք վերջին մատակարարման ճանապարհը [4][5]:

Ճակատամարտէն Առաջ

Խմբագրել

Յանինայի հարաւային մասին մէջ պաշտպանութիւն իրականացնելու հրաշալի վայր էր։ Բացի այդ, օսմանցիները իրենց պաշտպանական դիրքերը կը զօրացնէին գերմանացի մասնագէտներու նախագիծերով: Պաշտպանական դիրքերը իրենց մեջ կը ներառէին հրետանային միաւորներ, ածուխի ամբարներ, խրամատներ, հետախուզական եւ թնդանօթային դիրքեր: Յանինայի պաշտպանական դիրքը կազմուած էր երկու հիմնական ամրոցներէ` Պիզանի եւ Կաստրիցա, որոնք քաղաքը կը պաշտպանէին հարաւէն: Հինգ փոքր ամրոցներ եւս օղակի նման կը պաշտպանէին քաղաքը արեւմուտքէն եւ հիւսիսարեւմուտքէն: Ամրոցներուն մէջ անոնք զինուած էին հրետանիով, ընդհանուր 102 հրետանային միաւորով (անոնցմէ շատերը 87 մմ)[6][7]: Դեկտեմբեր 1912-ի դրութեամբ երկու կողմերը վերազինուած էին. օսմանցիները ստացան Վարդարի բանակի մէկ մասը` նահանջելով Մոնաստիրի ճակատամարտէն` զօրքերու թիւը հասցնելով 35000-ի, մինչդեռ յոյները համալրուեցան 2-րդ բաժինին մէջ Մակեդոնիայէն եւ մեծ թիւով կամաւորական խումբերով` ընդհանուր 25.000 մարդ[6]: Յոյները առաջին գրոհը պաշտպանական դիրքերու ուղղութեամբ նախաձեռնեցին 14 Դեկտեմբեր-ին: Օսմանցիները յաջողութեամբ ետ մղեցին, մինչեւ լուրջ գրոհներու սկսիլը՝ 22 Դեկտեմբեր-ին, երբ յոյները անգամ որոշ տարածքներ նուաճեցին, որուն իբրեւ արդիւնք, օսմանցիները լուրջ կորուստներ ունեցան եւ անոնց շարքերը նուազեցան եւ հասան մինչեւ 26.000-ի[8]:

 
Յունական հետեւակը գրոհի կը պատրաստուի:

Երբ Մակեդոնիոյ գործողութիւնները աւարտեցան, Յունաստանի բարձր հրամանատարութիւնը որոշեց ուշադրութիւնը սեւեռել Էպիրուսի վրայ։ Երեք բաժին տեղափոխուեցան այս ճակատ` յոյներու զինուորներու քանակը դարձնելով 40.000, իսկ հրետանին 80 միաւոր (որոնցմէ 12 ծար 105 մմ եւ 155 մմ հրանօթներով) եւ վեց օդանաւ[5][9]: Միւս կողմէն Օսմանեան զօրքերը նոյնպէս համալրուեցան մակեդոնական ճակատի հաշւոյն[6]: Այս ընթացքին, պաշարումը աշխուժօրէն կը շարունակուէր, հրետանային փոխհրաձգութեամբ, ալպանական կամաւորներու գրոհներով յունական մատակարարման ուղիներու վրայ եւ յունական սաւառում քաղաքի կողմէն ռմբակոծմամբ[10]: Յունական Էպիրուսի ճակատի հրամանատար Ժեներալ Կոնստանդինոս Սապուտզակիսը 20 Յունուար-ին նոր գրոհ նախաձեռնեց: Չնայած այն իրողութեան, որ ան տարածքներ նուաճեց, պաշտպաններուն ստիպելով նահանջել Պիզանի, ծանր կորուստները եւ վատ եղանակը ստիպեց դադրեցնել գրոհը քանի մը օր[10][11]:

Նախապատրաստական գործողութիւններու ժամանակ, քանի մը կանանց խումբեր անցան յունական բանակի ձախ թեւին մէջ, օսմանցիներու հնարաւոր գրոհներէն պաշտպանուելու համար Պարամիթիայէն: Մեծ թիւով տեղացի կանայք ներգրաւուած էին յունական բանակի օգնական ստորաբաժանումներուն մէջ, որոնք կ՛օգնէին հրանօթներու, սննդամթերքի, հագուստի եւ այլ կարեւոր առարկաներու տեղափոխութեան հարցերուն մէջ:

Ճակատամարտ

Խմբագրել
 
Թագաժառանգ արքայազն Կոնստանդին ծանր հրետանիի գործողութիւններ կը դիտէ, [Ճորճ Սքոթ

ի նկար:]]

Սապունտզակիսի անյաջողութենէն ետք հրամանատարութիւնը Թագաժառանգ արքայազն Կոնսդանդինը ստանձնեց: Կոնսդանդին սկսաւ աւելի զգուշօրէն գործել` ուշադրութիւնը հրետանիի վրայ կեդրոնացնել: Արքայազնի նոր նախագիծով խաբուսիկ գրոհ պէտք էր իրականացուէր հարաւ-արեւեքէն, մինչդեռ հիմնական ուժերը պէտք է գրոհէին Պիզանիի ամրութիւններու ուղղութեամբ հարաւ-արեւմուտքէն[10][12]:

Յունական հրետանին գնդակոծութիւնը սկսաւ 4 Մարտին եւ շարունակեց ամբողջ օրը: Յունական ամէն հրանօթէն արձակուեցաւ 150 արկ, մինչդեռ թրքական հրետանիի գործողութիւնները անհամեմատ քիչ էին[13]: Գրոհը սկսաւ 5 Մարտ-ին, երբ յունական երեք հետեւակային բաժինները յարձակեցան պաշտպանական գիծի արեւելքէն եւ արեւմուտքէն: Նոյն ժամանակ Մետսովոնի միացեալ կիսաբաժինը անսպասելիօրէն յարձակեցաւ հիւսիսէն[14]: Յունական առաջին խումբերը ծանր հրետակոծութեան տակ ինկան եւ ճեղքեցին Ցոուկայի պաշտպանական գիծը առաւօտեան, իսկ յառաջիկայ ժամերուն օսմանցիները 5 դիրք կորսնցուցին: Արդիւնքը այն էր, որ օսմանցիները Ցոուկայէն եւ Մանոլիասայէն նահանջեցին դէպի Յանինա[15]: Այս դիրքերիու կորուստը կը նշանակէր պաշտպանական գիծի թուլացում, այս պատճառով Էսատ փաշան ստիպուած էր պատերազմիլ պահեստային զօրամիաւորումներուն վրայ[14]: Ժամը 18-ի դրութեամբ, յունական զօրքերը մտան Ագիոս Յոանիս գիւղ, որ Յանինայի հարաւային դարպասն էր[15]:

 
Յունական թիկունքէն յարձակման ծրագիրը, որմէ ինկաւ Յանինան:

Յունական արագ գրոհի արդիւնքը այն էր, ոդ Պիզանի եւ Կաստրիցա ամրութիւնները ժամը 16-ի դրութեամբ կտրուեցան օսմանեան միւս ուժերէն: Իսկ գիշերը, ամրոցները դադրեցան կրակելէ, զգալով որ անոնք մեկուսացուած են եւ փորձեցին դէպի Յանինա նահանջել: Անոնց փախուստի փորձը չյաջողեցաւ եւ 35 սպայ ու 935 զինուոր գերի ինկան յոյներու ձեռքը[15]: Յաջորդ առաւօտեան, քանի մը օսմանեան դիրքեր եւս յանձնուեցան, չնայած անոր, որ Պիզանին եւ Կաստրիցան շարունակեցին մարտնչիլ մինչեւ զինադադարը[16]: Էսատ փաշան, հասկնալով որ ճակատամարտը կորսուած է, փորձեց դէպի հիւսիս զօրքը դատարկել: Սակայն յիյները շրջափակած էին քաղաքը բոլոր կողմերէն, Էսատ փաշան որոշեց յանձնուիլ: 6 Մարտ-ին ժամը 23:00-ին ան համաձայնեցաւ Յանինան յանձնել եւ օսմանեան պահակազօրքը յոյներուն[16]: Միւս օրը յունական զօրքերը Կոնստանդինի գլխաւորութեամբ Յունաստանի դրօշներով հանդիսաւոր անցան քաղաքի փողոցներով: Միւս կողմէն Էսատ փաշային Թուրքիա ժամանելէն ետք, դիմաւորեցին որպէս հերոս[16]:

Օդային Պայքար

Խմբագրել

Յունական զինուած ուժերը ճակատամարտի ընթացքին փոքր ռազմաօդային ուժեր կիրառեցին` վեց օդանաւէ բաղկացած: Անոնք որպէս օդային միջոց օգտագործեցին Նիկոպոլիսը եւ քանի մը ռմակոծութեան թռիչքներ իրականացուցին, որոնք լաւ արդիւնք ունեցան: Օդաչուներու մաս կը կազմէին Ֆիմիտրիոս Կամպերոսը, Միքայէլ Մոտուսիսը եւ Քրիստոս Ադամիդիսը, որոնք Պիզանիի եւ Յանինայի վրայով կը թռչէին 1600-2300 մեթր բարձրութեամբ: Շատ դէպքերու ընթացքին օսմանեան զինուորները՝ օդանաւերը յայտնաբերելով, կը փորձէին զանոնք կործանել իրենց ինքնաձիգերով` փոքր յաջողութեամբ[17]: Ռուս օդաչու Ն. տէ Սակոֆը առաջին օդաչուն դարձաւ, որուն օդանաւը վնասուեցաւ ցամաքէն: Ան վայրէջք կատարեց Պրեւեզայի մօտակայքը, վերանորոգեց իր ինքնաթիռը եւ զինուորական բանակ վերադարձաւ[18]: Երբ Յանինան յոյներու ձեռքը մնաց, Ադամիդիդը, որ այս քաղաքէն էր, վայրէջք կատարեց իր օդանաւով քաղաքի հրապարակին մէջ[19]:

Հետեւանքներ

Խմբագրել
 
Օսմանեան ռազմագերիները: Ճակատամարտէն ետք յոյները գերի վերցուցին 8.600 օսմանցի:

Ճակատամարտի ընթացքին օսմանցիներու կորուստները 2.800 զինուոր կազմեցին, մինչդեռ յոյներու կորուստները` 284 էին: Յոյները գերի վերցուցին 8.600 օսմանցի, չնայած օսմանեան բաժինը կրնար դէպի Ալպանիա երթալ: Յոյները նաեւ 108 հրետանային միաւոր վերցուցին եւ մեծ քանակութեամբ տեղեկութիւններ 16 Մարտ-ին յոյները մտան Ջիրոկաստրա եւ Դելվինա ու միւս օրը նուաճեցին Տեպելենան[20]: Պատերազմի վերջը, անոնք հասան Կերաունեան լեռներէն, որ Հոնիական աւազանի արեւելքը կը գտնուէր մինչեւ Պրեսպա լիճ ինկած հատուած[21]: Էպիրուսի յաջողութիւնը թոյլ տուաւ յոյներուն, որ բանակի մէկ մասը ուղարկեն Սալոնիկ`Պուլկարիոյ դէմ պատերազմին նախապատրաստուելու համար[22]:

Ուժեղ պաշտպանութիւնը Յունական բանակի կողմէն ճեղքելու իրողութիւնը պատմաբան Ռիչարտ Հոլը յոյներու մեծագոյն ռազմական ձեռքբերումը յայտարարեց Առաջին Պալքանեան պատերազմի ընթացքին[22]: Մինչեւ այս ճակատամարտը, շատեր մեծ ուշադրութիւն չէին դարձներ յունական զօրքերուն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Erickson (2003), p. 234.
  2. Erickson (2003), pp. 228–34.
  3. Sakellariou (1997), p. 367.
  4. Király, Djordjevíc (1987), p. 103.
  5. 5,0 5,1 Hall (2000), p. 83.
  6. 6,0 6,1 6,2 Hall (2000), pp. 62–64
  7. Erickson (2003), p. 227
  8. Erickson (2003), pp. 293–298
  9. Erickson (2003), pp. 299–300
  10. 10,0 10,1 10,2 Hall (2000), p. 84
  11. Erickson (2003), pp. 300–301
  12. Erickson (2003), p. 301.
  13. Erickson (2003), pp. 301–2.
  14. 14,0 14,1 Erickson (2003), p. 303.
  15. 15,0 15,1 15,2 Hellenic Army General Staff, Army History Directorate (1998), p. 196.
  16. 16,0 16,1 16,2 Erickson (2003), pp. 303–304.
  17. «Aviation in War» (PDF)։ flightglobal.com։ արտագրուած է՝ 2010-05-03 
  18. Baker (1994), p. 61
  19. Nedialkov Dimitar (2004)։ The genesis of air power։ Pensoft։ ISBN 978-954-642-211-8։ «Greek aviation saw action in Epirus until the capture of Jannina on 21 February 1913. On that day, Lt Adamidis landed his Maurice Farman on the Town Hall square, to the adulation of an enthusiastic crowd.» 
  20. Koliopoulos, Veremis (2009), p. 73
  21. Schurman Jacob Gould (1916)։ «The Balkan Wars: 1912-1913»։ Project Gutenberg։ արտագրուած է՝ 2010-06-25 
  22. 22,0 22,1 Hall (2000), p. 85