Պիլ Քլինթըն-Մոնիքա Լիուինսքի գայթակղութիւնը
Պիլ Քլինթըն-Մոնիքա Լիուինսքի գայթակղութիւնը (անգլերէն՝ Lewinsky scandal), քաղաքական, սեռական աղմկահարոյց խայտառակութիւն, որ սկսած 1998-ին: Խայտառակութեան հերոսները եղած են ԱՄՆ-ի 49-ամեայ նախագահ Պիլ Քլինթընը եւ Սպիտակ տան 22-ամեայ աշխատակցուհի Մոնիքա Լիուինսքին:
Լիուինսքիի մուտքը սպիտակ տուն
Խմբագրել1995-ին Լիուինսքի, որ Լուիսի եւ Քլարքի քոլէճի շրջանաւարտ էր, որպէս փորձառական շրջան աշխատանքի անցած է Սպիտակ տան մէջ՝ նախագահ Քլինթընի առաջին պաշտօնավարութեան ժամանակ: Աւելի ուշ մշտական աշխատանքի անցած է Սպիտակ տան օրէնսդրութեան հետ կապուած հարցերու բաժինին մէջ: Սպիտակ տան մէջ աշխատելու ժամանակ Լիուինսքի Քլինթընի հետ սկսած է ունենալ անձնական յարաբերութիւններ, որոնց մասին հետագային ան պատմած է իր ընկերուհի, պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակից Լինտա Թրիփին: Վերջինս գաղտնօրէն ձայնագրած է իրենց խօսակցութիւնները[1]:
Բացայայտումներ
ԽմբագրելԵրբ 1998-ի Յունուարին Թրիփ իմացած է, որ Լիուինսքի, Փաուլա Ճոնսի դատական լսումներու ժամանակ, դատարանին մէջ հերքած է Քլինթընի հետ կապի մասին, իրենց խօսակցութիւններու ձայնագրութիւնը տուած է անկախ փաստաբան Քենէթ Սթարին, որ կը հետաքննէր Քլինթընի հետ կապուած շարք մը դատական գործեր՝ ներառեալ Ուայթուոթերսի խայտառակութիւնը, «ՀԴԲ-Սպիտակ տուն» փաստաթուղթերու հոսքի խայտառակութիւնը եւ Սպիտակ տան ճամբորդութիւններու բիւրոյի խայտառակութիւնը:
Այս արտամուսնական կապի մասին նորութիւնը եւ անոր յաջորդող հետաքննութիւնը վերջնական եզրակացութեան հասցուցին ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի մէջ նախագահ Քլինթընի անվստահութեան գործընթացը: Սակայն 21-օրեայ դատավարության ընթացքին, որ կ'իրականացնէր երկրի Սենատը, նախագահ Քլինթըն արդարացուեցաւ բոլոր մեղադրանքներէն, սակայն դատապարտուեցաւ կեղծ ցուցմունքներ տալու եւ արդարադատութեան իրականացման խոչընդոտելու մէջ[2]:
դատավճիռ
ԽմբագրելՔլինթընի նկատմամբ մեղադրական դատավճիռ հրապարակուեցաւ՝ դատաւոր Սիւզան Ուեպպըր Ռայթի նկատմամբ քաղաքացիական յարգանք չցուցաբերելուն համար[3]: Քլինթընի իրաւաբանական գործունէութեան արտօնութիւնը սառեցուած է Արքանզասի, այնուհետեւ ԱՄՆ բարձրագոյն դատարանի կողմէ[4]: Ան նաեւ տուգանուեր է $90.000-ով կեղծ վկայութիւն տալու համար[5]:
Մեծ ժիւրիին տուած ցուցմունքներուն ժամանակ Քլինթընի պատասխանները եղած են յստակօրէն ձեւակերպուած: Ան կը պնդէր. «Ատիկա կախեալ է անկէ, թէ ինչ կը նշանակէ 'is' (է) բառը» (անգլերէն՝ It depends on what the meaning of the word 'is' is)[6]: Ան աւելցուցած է, որ «սեռական յարաբերութիւն չէ եղած, սեռական սխալ կապ կամ անընդունելի յարաբերութիւններու որեւէ այլ տեսակ» (անգլերէն՝ There is not a sexual relationship, an improper sexual relationship or any other kind of improper relationship)[7]:
Խայտառակութեան լայնածաւալ լուսաբանման համար ամերիկեան ցանցերը մեծապէս քննադատութիւններու արժանացած են[8][9][10]: Խայտառակութիւնը յաճախ կը կոչուի նաեւ «Monicagate»[11], «Lewinskygate»[12], «Tailgate»[13], «Sexgate»[14] և «zippergate»[14] (անգլերէն zipper՝ «կայծակաճարմանդ» բառէն): Բոլոր անուանումներուն մէջ կը կիրարկուի -gate վերջաւորութիւնը, որ աւելի յայտնի դարձած է Ուոթերկէյթի խայտառակութենէն ետք:
Մեղադրանքներ Աեռական Կապի Վերաբերեալ
ԽմբագրելՄոնիքա Լիուինսքի յայտարարած է, որ 1995-ի Նոյեմբերէն մինչեւ 1997-ի Մարտ ամիսը երկարած ժամանակաշրջանին, նախագահ Քլինթընի հետ ունեցած է 9 սեռական յարաբերութիւն: Առաջին տիկին Հիլըրի Քլինթըն, համաձայն հրապարակուած պաշտօնական օրակարգի, յարաբերութիւններու ընթացքին եղած է Սպիտակ տան մէջ[15]:
1996-ի Ապրիլին ղեկավարութիւնը Լիուինսքին տեղափոխած է Փենթակոն, քանի որ կը գտնէր, որ ան շատ ժամանակ կ'անցընէր Քլինթընի մօտ[16]: Քլինթընի ինքնակենսագրականի համաձայն, 1997-ին Սպիտակ տունէն ԱՄՆ-ի ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Պիլ Ռիչարտսընէն խնդրած են հարցազրոյց կատարել Լիուինսքիի հետ՝ վերջինիս ՄԱԿ-ի մէջ աշխատանքի տեղաւորելու համար: Ռիչարտսըն կատարած է խնդրանքը եւ Լիուինսքիի աշխատանք առաջարկած է, սակայն վերջինս հրաժարած է[17]: «The American Spectator» գրած է, որ Ռիչարտսըն աւելի շատ բան իմացած է Լիուինսքիի գործի մասին, քան պատմած է մեծ ժիւրիներուն[18]:
Լիուինսքի Քլինթընի հետ ենթադրեալ յարաբերութիւններու մասին խոստովանած է Լինտա Թրիփին: Թրիփ համոզած է Լիուինսքիի պահել նուէրները, որոնք անոր տուած էր Քլինթըն եւ չոր քիմմաքրման միջոցով չմաքրել Լիուինսքիի կապոյտ զգեստի վրայ մնացած սերմնահեղուկի հետքը: Թրիփ այդ մասին պատմած է գրական գործակալ Լուսիէն Հոտպերկի հետ զրոյցի ժամանակ: Վերջինս Թրիփին խորհուրդ տուած է գաղտնի գրառումներ կատարել, ինչոր Լինտան սկսած է 1997-ի Սեպտեմբերին[19]: Հոլտպերկը կոչ ուղղած է Թրիփին ձայնագրութիւնները տալ անկախ փաստաբան Քեննէթ Սթարին եւ հասցնել այն մարդոց, որոնք կ'աշխատէին Փաուլա Ճոնսի գործը[20]: 1997-ի աշնան Հոլտպերկ լրագրողներու հետ սկսած է խօսիլ ձայնագրութիւններու մասին: Յատկապէս, ան սերտ յարաբերութիւններու մէջ եղած է «Newsweek-ի» լրագրող Մայքըլ Իզիկովի հետ[21]:
1998-ի Յունուարին, երբ Լիուինսքի՝ իբրեւ վկայ, մասնակցած է Փաուլա Ճոնսի գործին, ան ժխտեր է, որ սեռական կապ ունեցած է նախագահ Քլինթընի հետ: Ան փորձած է համոզել Թրիփին՝ ստել Ճոնսի դատավարութեան ժամանակ: Ատոր փոխարէն Թրիփ ձայնագրութիւնները տուած է Սթարին, որ կը հետաքննէր Ուայթուոթերսի խայտառակութիւնը եւ շարք մը այլ աղմկահարոյց գործեր: Ունենալով իրեղէն ապացոյցներ Քլինթըն-Լեւիսնքի սեռական կապի մասին՝ փաստաբանը ընդլայնած է հետաքննութիւնը, որպէսզի գործին մէջ ներառէ նաեւ Լիուինսքին եւ Ճոնսի գործին մէջ անոր հնարաւոր կեղծ վկայութիւնը:
Ժխտումը Եւ Ատոր Յաջորդած Խոստովանութիւնը
ԽմբագրելԽայտառակութեան մասին նորութիւնը առաջին անգամ յայտնուած է 17 Յունուար 1998-ին «Drudge Report»-ի մէջ, ուր նշուած էր, որ «Newsweek»-ի խմբագիրները կ'ուսումնասիրեն հետաքննող լրագրող Մայքըլ Իզիկովի ուսումնասիրութիւնները[22]: Զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ նորութիւնը յայտնուած է 21 Յունուարին՝ The Washington Post օրաթերթին մէջ[23]:
Պատմութիւնը քննարկուած է քանի մը օր, եւ չնայած Քլինթընի կողմէ ժխտման փաստին՝ Սպիտակ տան մէջ ներկայացուող հարցադրումները օրէ օր կ'աճէին: 26 Յունուար-ին նախագահ Քլինթըն կնոջ հետ միասին ելոյթ ունեցած է Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին՝ հաստատապէս ժխտելով Լիուինսքիի հետ կապուած խայտառակութեան մէջ իր մասնակցութիւնը: Ան ըսած է[24].
Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբՀիմա ես պէտք է վերադառնամ, որ աշխատիմ Քոնկրէսին ուղղուած տարեկան ելոյթիս վրայ: Ես անոր վրայ աշխատած եմ նաեւ երէկ՝ մինչեւ ուշ գիշեր: Բայց ես բան մը կ'ուզեմ ըսել ամերիկեան ժողովուրդին: Կ'ուզեմ, որ զիս լսեն: Կ'ուզեմ դարձեալ կրկնել. Ես սեռական յարաբերութիւններ չեմ ունեցեր այդ կնոջ՝ միսս Լիուինսքիի հետ: Ես երբեւիցէ ոչ մէկուն չեմ խնդրած ստել, ոչ մէկ անգամ: Այդ փաստարկները կեղծ են: Եւ ես պէտք է վերադառնամ ամերիկեան ժողովուրդին ծառայելու աշխատանքիս: Շնորհակալութիւն:
Now, I have to go back to work on my State of the Union speech. And I worked on it until pretty late last night. But I want to say one thing to the American people. I want you to listen to me. I'm going to say this again: I did not have sexual relations with that woman, Miss Lewinsky. I never told anybody to lie, not a single time; never. These allegations are false. And I need to go back to work for the American people. Thank you.[25]
Փորձագէտները սկսան քննարկել, թէ արդեօք նախագահ Քլինթոնը պիտի անդրադառնա՞յ այս խայտառակութեան՝ Քոնկրեսին ուղղուած տարեկան ելոյթի ժամանակ: Նախագահը, սակայն, իր ելոյթին մէջ չանդրադարձաւ այդ խնդիրին: Հիլըրի Քլինթըն աջակցած է ամուսինին՝ խայտառակութեան ամբողջ ընթացքին: 27 Յունուարին NBC պատկերասփիւռի «Today» հաղորդաշարի ժամանակ ան ըսած է. «Ասիկա մեծ պատմութիւն է բոլոր անոնց համար, որոնք կ'ուզեն գտնել զայն եւ գրել ատոր մասին: Ասիկա կարելի է բնութագրել իբրեւ դաւադրութիւն, որ ուղղուած է ամուսինիս դէմ: Այս դաւադրութիւնը սկսած է այն ժամանակ, երբ ամուսինս յայտարարեց նախագահական մրցավազքին մասնակցելու մասին»:
Յաջորդ քանի մը ամիսներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ ամրան ամիսներուն ԶԼՄ-ները կը քննարկէին, թէ արդեօք տեղի ունեցած են այս դէպքերը եւ արդեօք Քլինթըն ստած կամ խոչընդոտած է արդարադատութեան իրականացման: Սակայն ոչինչ կարելի եղած է յայտնաբերել, բացառութեամբ ձայնագրութենէն: Պատճառն ալ այն էր, որ Լիուինսքի չէ ցանկացած քննարկել գործը կամ վկայութիւն տալ այդ մասին: 28 Յուլիս 1998-ին Լիուինսքի ստացած է գործնառութեան մասնակի շնորհք՝ մեծ դատական կազմին կողմէ իրականացուող դատավարութեան ժամանակ[26]: Բացի ատկէ, Լիուինսքի Սթարին յանձնած է նաեւ կապոյտ զգեստը, որուն վրայ, իբրեւ թէ, եղած է Քլինթընի սերմնահեղուկը: Սերմնահեղուկի ուսումնասիրութիւնը կրնար տալ բոլոր հարցումներու պատասխանները, չնայած անոր, որ Քլինթըն քանի մը անգամ ժխտած էր իր մասնակցութիւնը[27]:
17 Օգոստոս 1998-ին Քլինթըն մեծ դատական կազմին գրաւոր ցուցմունք տուաւ, որուն համաձայն ան «սխալ ֆիզիքական յարաբերութիւններ» ունեցած է Լիուինսքիի հետ: Նոյն երեկոյեան ամերիկեան պատկերասփիւռի կայաններէն տուած հարցազրոյցի ժամանակ, ան խոստովանած է, որ Լիուինսքիի հետ յարաբերութիւնները եղած են «ոչ տեղին»[28]:
Կեղծ Վկայութեան Մասին Մեղադրանք
ԽմբագրելՃոնսի դատական գործի ժամանակ, իր ցուցմունքերուն մէջ Քլինթընը հերքած է, որ «սեռային յարաբերութիւններ ունեցած է» Լիուինսքիի հետ: Ապացոյցներու հիման վրայ (կապոյտ զգեստ), որոնք ներկայացուած էին Թրիփի կողմէ, Սթար եկած է այն եզրահանգման, որ դատարանին մէջ նախագահի վկայութիւնները եղած են կեղծ:
Ցուցմունք տալու ժամանակ, Քլինթընի հարցուցած են. «Դուք երբեք սեռային յարաբերութիւն ունեցա՞ծ էք Մոնիքա Լիուինսքիի հետ, ինչպէս այդ եզրը բացատրուած է Deposition Exhibit 1?-ի» մէջ: Դատաւորը որոշած է, որ Քլինթըն պէտք է ծանօթանայ «սեռային յարաբերութիւն» եզրի ամբողջական բացատրութեան: Այնուհետեւ, բացատրութեան հիման վրայ, որ կազմուած էր անկախ իրաւախորհրդատուական մարմինի կողմէ, Քլինթըն պատասխանած է. «Ես երբեք սեռային յարաբերութիւններ չեմ ունեցած Մոնիքա Լիուինսքիի հետ»: Քլինթըն աւելի ուշ յայտարարած է. «Ես կը կարծէի, որ բացատրութիւնը, որ կը ներառէ իմ մասնակցութեամբ ցանկացած գործողութիւն, կը ներառէ անոր մարմինի տարբեր մասերու հետ յարաբերութիւն, որոնք թուարկուած են այստեղ («հաճոյք պատճառելու կամ ցանկացած մարդու մօտ սեռային գրգռուածութիւն յառաջացնելու նպատակով): Այլ բառերով, Քլինթըն հերքած է, որ ան երբեք «կապ» չէ ունեցած Լիուինսքիի սեռային անդամներու, հետոյքի, աճուկի, կուրծքերու, մարմինի որեւէ այլ հատուածի կամ ալ, աւելի եւս, հեշտոցի հետ: Ասոր համաձայն, «սեռային յարաբերութիւն» եզրակացութեան մէջ ի նկատի կ'առնուէր օրալ սեքսի «մատուցումը», սակայն չէր ներառուեր օրալ սեքսի «ստացումը»[29]:
Երկու ամիս ետք, երբ Սենատը չկրցաւ վերջնական մեղադրանք առաջադրել, նախագահ Քլինթընի նկատմամբ կայացած է մեղադրական դատավճիռ՝ քաղաքացիական դատաւոր Սիւզան Ուեպպըր Ռայթի նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքի համար[3]: Արքանզասի մէջ Քլինթընի իրաւաբանական գործունէութեան հրամանը սառեցուած է: Հետագային անոր հրամանը սառեցուած է նաեւ ԱՄՆ-ի բարձրագոյն դատարանի կողմէ[4]: Ան կեղծ վկայութիւններու համար տուգանուած է 90000 ԱՄՆ տոլար[5]: Քլինթըն հրաժարած է բողոքարկել դատաւորի նկատմամբ անյարգելից վերաբերմունքի մասին դատավճիռը` նիւթական պատճառներէն ելլելով[3], սակայն առաջուան նման պնդած է, որ իր ցուցմունքները հիմնուած եղած են Ռայթի «սեռային յարաբերութիւն» եզրի մեկնաբանութեան վրայ[3]:
Ամբաստանում
Խմբագրել1998-ի Դեկտեմբերին ԱՄՆ դեմոկրատական կուսակցութիւնը, որուն անդամն էր նախագահ Քլինթըն, փոքրամասնութիւն կը կազմէր ԱՄՆ Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ: Քոնկրեսի դեմոկրատ որոշ անդամներ եւ ընդդիմադիր Հանրապետական կուսակցութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կը կարծէին, որ Քլինթընի տուած ցուցմունքները կեղծ են, իրականացուած է արդարադատութեան կոպտագոյն խախտում, որոնք հիմք կը հանդիսանան նախագահ Քլինթընի նկատմամբ ամբաստանութեան գործընթաց սկսելու համար: Ներկայացուցիչներու պալատի ճնշող մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկած է՝ Քլինթընի նկատմամբ ամբաստանութիւն սկսելու գործընթացին, որուն յաջորդած է Սենատի 21-օրեայ դատական գործընթացը:
Սենատի բոլոր դեմոկրատ անդամները կողմ քուէարկած են թէ՛ կեղծ վկայութիւններու, եւ թէ՛ արդարադատութեան իրականացման խոչընդոտելու մեղադրանքներու հանմանը: Տասը հանրապետականներ կողմ քուէարկած են երկու մեղադրանքներու հանման օգտին: Այդ սենատորներն էին Ճոն Չաֆին (Ռոտ Այլենտ), Սիւզան Քոլինզը (Մէյն), Սլէյտ Կորթոնը (Ուաշինկթոն), Ճիմ Ճեֆֆորտսը (Վերմոնթ), Ռիչարտ Շելպին (Ալաւամա), Օլիմփիա Սնոուն (Մէյն), Արլեն Սփեքթըրը (Փենսիլվանիա), Թետ Սթիւենսը (Ալասքա), Ֆրետ Թոմփսոնը (Թենըսի) եւ Ջոն Ուորները (Վիրճինիա): Հինգ հանրապետականներ կողմ քուէարկած են արդարադատութեան իրականացման խոչընդոտելու մեղադրանքը հանելու օգտին՝ Չաֆին, Քոլինզը, Ճեֆֆորտսը, Սնոուն եւ Սփեքթըրը:
Նախագահ Քլինթըն արդարացուած է բոլոր մեղադրանքներէն եւ շարունակած զբաղեցնել իր պաշտօնը: Եղած են փորձեր նախագահը մեղադրելու Ներկայացուցիչներու պալատի միջոցով, սակայն այդ փորձերը ձախողած են:
Հետեւանքներ
ԽմբագրելԱզդեցութիւնը 2000-ի Նախագահական Ընտրութիւններու Վրայ
ԽմբագրելԽայտառակութիւնը, հաւանաբար, մեծ ազդեցութիւն ունեցած է 2000-ի նախագահական ընտրութիւններու վրայ՝ երկու հակադարձ ձևերով: Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու եւ, այդ ժամանակ, երկրի գործող փոխնախագահ Ալպերթ Կոռ յայտարարած է, որ Քլինթընի շուրջ ծաւալուած խայտառակութիւնը եղած է «բեռ», որ կը պակսեցնէ կուսակցութեան խանդավառութիւնը: Այդ պատճառով, կրճատուած է նաեւ դեմոկրատական կուսակցութեան համակիրներու քանակը: Քլինթըն յայտարարած է, որ խայտառակութեան հետեւանքով Կոռի քարոզարշաւը բաւականին «չափաւոր» եղած է, եւ եթէ նախագահ Քլինթըն Կոռի քարոզարշաւը կատարէր Արքանզասի եւ Նիու Հեմփշիրի մէջ, Կոռ պիտի ստանար աւելի շատ թիւով քուէներ անկախ անկէ, թէ ինչ կատարուեցաւ Ֆլորիտայի մէջ[30]:
Քաղաքագէտները հաստատած են երկու տեսակէտներն ալ: 2000-ի նախագահական ընտրութիւններէն առաջ եւ ետք, ABC News-ի մեկնաբան Ճոն Քոքրէյն Լիուինսքիի խայտառակութիւնը կապած է ընտրողներու երեւոյթի հետ, զորս ան կոչած է «Քլինթընէն յոգնածութիւն»[31]: Հարցումը ցոյց տուած է, որ խայտառակութիւնը նախկինին պէս իր ազդեցութիւնը կ'ունենայ Քլինթընի ցած քուէարկութեան վրայ[32], իսկ վերլուծաբանները, ինչպէս օրինակ Վանտերպիլթի համալսարանի փրոֆեսէօր Ճոն Կիրը, եկած են այն եզրակացութեան, որ «Քլինթընէն յոգնածութիւնը կամ իր տեսակին մէջ բարոյական յետահայեաց քուէարկութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Ալպերթ Կոռի կարելի առիթներու վրայ»[33]: Ուրիշ վերլուծաբաններ ալ պաշտպանած են Քլինթընի փաստարկը, եւ պնդած, որ Քլինթընի քարոզարշաւի մասնակցութենէն Կոռի հրաժարումը, ազդած է նաեւ անոր քաղաքական երեւոյթին վրայ[34][35][36][37]:
Կողմնակի Խայտառակութիւններ
ԽմբագրելԽայտառակութեան ժամանակ նախագահ Քլինթընի կողմնակիցները կը նկատէին, որ այս հարցը անձնական է եւ կը վերաբերի միայն սեռային յարաբերութեան: Անոնք կը նշէին, որ այս հարցը եսասիրական է, մանաւանդ այն մարդոց համար, որոնք կը պահանջէին նախագահի հրաժարականը: Օրինակ, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի հետաքննութեան ժամանակ պարզուած է, որ Հենրի Հայտը, որ Պալատի իրաւաբանական կոմիտէի հանրապետական ղեկավարն էր ու Պալատի յառաջատար կառավարիչը, նոյնպէս սեռային գաղտնի յարաբերութիւններ ունեցած է՝ երկրի գլխաւոր իրաւաբանի պաշտօնի վրայ գտնուելու ժամանակ: Հայտը, որ Լիուինսքիի գործի դատական լսումներու ժամանակ 70 տարեկան էր, հերքած է այդ «երիտասարդական անհետեւողականութիւնը»: Այդ ժամանակ ան եղած է 41 տարեկան[38]:
Հետաքննութիւնը, որուն գործունէութիւնը լայնօրէն կը լուսաբանուէր ԶԼՄ-ներու մէջ, աշխուժօրէն տեղեկատուութիւն կը փնտռէր բոլոր այն մարդոց դէմ, որոնք բացայայտ կողմ կ'արտայայտուէին Քլինթընի ամբաստանութեան: Բրիտանական «The Guardian» պարբերականը գրած է[39]. Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Hustler» ամսագրի հրատարակիչ Լարրի Ֆրինթը առաջարկած է 1 միլիոն տոլար փոխյատուցում: Ան եղած է Հանրապետական կուսակցութեան երդուեալ թշնամի եւ փորձած է անժխտելի փաստեր գտնել Քոնկրեսի հանրապետական անդամներու դէմ, որոնք պայքար կը ծաւալէին նախագահ Քլինթընի ամբաստանութեան համար:
Չնայած այն հանգամանքին, որ Ֆլինթը կը յայտարարէր, թէ 10 հեղինակաւոր հանրապետականներու դէմ ունի ակնյայտ մեղադրական փաստեր, գովազդային գործակալութեան օգնութեամբ հանրութեանը հասաւ միայն մէկը: Լուիզիանա նահանգէն քոնկրեսական Ռոպերթ Լիւինկսթոնը լքեց քոնկրեսը, երբ իմացաւ, որ պարոն Ֆլինթը պատրաստ է խօսելու իր սեռային գաղտնի յարաբերութիւններու մասին: Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ
Հանրապետական քոնկրեսական Ռոպերթ Լիւինկսթոնը, ինչպէս կ'ակնկալուէր, Քոնկրեսի յաջորդ նստաշրջանին պէտք է ստանար Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակի պաշտօնը[40]: Այս լուրը տարածուած էր նշանակումէն քանի մը շաբաթ առաջ, երբ Ֆլինթը դեռ չէր իմացած անոր սիրային կապերու մասին: Այդ պատճառով ալ, Լիւինկսթոն հրաժարական տուաւ եւ կոչ ուղղեց Քլինթընին նոյնը ընել:
Ֆլինթ նաեւ կը նշէր, որ քոնկրեսական Պոպ Պար, որ Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան միւս ղեկավարն էր, ունեցած է արտամուսնական կապ: Պար եղած է երկու պալատներու ալ առաջին օրէնսդիրը, որ Լիուինսքիի խայտառակութեան շրջագիծին մէջ, կոչ ուղղած է Քլինթընի հրաժարականը[41]:
Ինտիանա նահանգի հանրապետական քոնֆրեսական Տեն Պերթըն յայտարարած է. «Ոչ ոք, անկախ, թէ որ կուսակցութեան կը ծառայէ, ոչ ոք, անկախ, թէ իշխանութեան որ ճիւղին կը ծառայէ, չի կրնար խուսափիլ սեռային, ենթադրեալ, յարաբերութիւններու պատասխանատուութենէն»[42]: 1998-ին Պերթըն խոստովանած է, որ ինք 1983-ին նոյնպէս ունեցած է սիրային կապ, որմէ երեխայ ծնած է[43]:
Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նիութ Կինկրիչը, որ ընտրուած էր Ճորճիայէն եւ 1994-ին կը ղեկավարէր հանրապետական յեղափոխութիւնը[44], 1998-ին խոստովանած է, որ սեռային կապ ունեցած է Պալատի փորձառական շրջանի մէջ եղող մէկու մը հետ, չնայած որ ամուսնացած էր իր երկրորդ կնոջ հետ: Այդ ժամանակ ան կը ղեկավարէր Քլինթընի ամբաստանութեան շարժումը՝ Լիուինսքիի գործի շրջագիծին մէջ կեղծ վկայութիւն տալու համար[45][46]:
Այտահօ նահանգէն հանրապետական Հելեն Չենաուեթ Հաճը պահանջած է Քլինթընի հրաժարականը, չնայած այն փաստին, որ խոստովանած է, որ 1980-ականներուն 6 տարի յարաբերութիւններու մէջ եղած է ռանչոյի ամուսնացած սեփականատիրոջ հետ[47]:
Անձնական Ընկալում
ԽմբագրելՊատմաբան Թէյլըր Պրանչ կը կարծէր, որ Քլինթըն խնդրած է իրմէ փոփոխութիւններ իրականացնել «Քլինթընի յիշողութիւններ. Նախագահը ըմբշամարտային պատմութեան մէջ» գիրքին մէջ, որ հրատարակուած է 2009-ին: Հիմնական փոփոխութիւնը կապուած էր Քլինթընի խոստովանութեան հետ, ուր ան կը նշէր, որ Լիուինսքիի հետ սիրավէպը սկսած է, որովհետեւ «ուղեղս մթագնած էր, ես ուղղակի չէի հասկնար, թէ ի՛նչ կ'ընէի»: Պրանչ կը գրէ, որ Քլինթըն ինք զինք կը զգար «խեղդուած, չգնահատուած, թէ Լիուինսքիի խայտառակութեան ժամանակ, թէ 1994-ին Քոնկրեսի ընտրութիւններուն մէջ դեմոկրատներու պարտութեան ժամանակ, նախորդ Յունուարին մօր մահուան ժամանակ, եւ թէ շարունակուող Ուայթուոթերսի հետաքննութեան ժամանակ»[48]: Քլինթըն, ի լուր աշխարհի, խոստովանած է, որ Լիուինսքիի հետ կապը եղած է «բարոյական ահաւոր մեծ սխալ» եւ, ի պատասխան հանրապետականներուն, յայտարարած է, որ «եթէ մարդիկ ունին զայրոյթի անկառավարելի դրսեւորումներ, ապա ատոր պատճառով անոնք կրնան ընել ոչ հաւասարակշռուած, աւերիչ գործողութիւններ»[49]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Tripp: I Am Not Intimidated»։ CBS։ July 7, 1998։ արտագրուած է՝ January 26, 2010։ «In January, Tripp gave Starr the tapes. She made the recordings secretly at her home at the urging of her friend Lucianne Goldberg, a New York literary agent.»
- ↑ Posner Richard A, (2009)։ «Introduction»։ An Affair of State The Investigation, Impeachment, and Trial of President Clinton։ Harvard University Press։ ISBN 0-674-00080-3։ արտագրուած է՝ March 1, 2012
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 Broder John M., Lewis Neil A. (April 13, 1999)։ «Clinton is found to be in contempt on Jones lawsuit»։ The New York Times։ էջ 1։ արտագրուած է՝ March 5, 2012
- ↑ 4,0 4,1 Gearan Anne (1 October 2001)։ «Clinton Disbarred From Supreme Court»։ Family Guardian։ Associated Press
- ↑ 5,0 5,1 Jackson Robert L. (July 30, 1999)։ «Clinton Fined $90,686 for Lying in Paula Jones Case»։ Los Angeles Times
- ↑ Noah Timothy (September 13, 1998)։ «Bill Clinton and the Meaning of "Is"»։ Slate։ արտագրուած է՝ July 15, 2009
- ↑ President Bill Clinton Archived 2008-02-07 at the Wayback Machine., The NewsHour with Jim Lehrer, 21 January 1998.
- ↑ Gitlin Todd։ «The Clinton-Lewinsky Obsession: How the press made a scandal of itself»։ The Washington Monthly։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ July 5, 2009-ին։ արտագրուած է՝ June 11, 2009
- ↑ Kalb Marvin (September 2001)։ One Scandalous Story: Clinton, Lewinsky, and Thirteen Days That Tarnished American Journalism։ Free Press։ ISBN 0-684-85939-4
- ↑ Layton Lyndsey (July 27, 2004)։ «The Frenzy Over Lewinsky: As the Scandal Unfolded, a Media Storm Swirled in Washington»։ The Washington Post։ էջ B04։ արտագրուած է՝ June 11, 2009
- ↑ Rich, Frank. «Journal; Monicagate Year Two», The New York Times, 16 December 1998.
- ↑ Rich, Frank. «Journal; Days of the Locust», The New York Times, February 25, 1998.
- ↑ Hennenberger, Melinda. «The President Under Fire», The New York Times, January 29, 1998.
- ↑ 14,0 14,1 James Barron with Hoban, Phoebe. «Dueling Soaps», The New York Times, January 28, 1998.
- ↑ «Lewinsky and the first lady»։ USA Today։ Associated Press։ March 19, 2008։ արտագրուած է՝ January 19, 2010
- ↑ Jeff Leen (January 24, 1998). Lewinsky: Two Coasts, Two Lives, Many Images // The Washington Post.
- ↑ Reed Irvine, Cliff Kincaid (August 21, 1998)։ «Bill Richardson Caught In Clinton Undertow»։ Accuracy in Media։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ August 25, 2013-ին։ արտագրուած է՝ March 5, 2012
- ↑ York Byron (November 15, 1998)։ «The American Spectator : Slick Billy»։ American Spectator։ արտագրուած է՝ March 5, 2012
- ↑ The Monica Lewinsky Tapes // US News and World Report, 2 February 1998, v.124 n.4 p.23.
- ↑ Thomas Evan, Isikoff Michael (November 9, 1998)։ «The Goldberg-Tripp-Jones Axis»։ Newsweek։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 25, 2009-ին։ արտագրուած է՝ September 27, 2017
- ↑ John Cloud, Edward Barnes, Richard Zoglin (February 2, 1998)։ «Lucianne Goldberg: in pursuit of Clinton»։ Time։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ August 17, 2013-ին։ արտագրուած է՝ September 27, 2017
- ↑ "Newsweek Kills Story On White House Intern", DrudgeReportArchives, 1998.
- ↑ Schmidt Susan, Peter Baker, Toni Locy (January 21, 1998)։ «Special Report: Clinton Accused»։ The Washington Post։ արտագրուած է՝ August 26, 2010
- ↑ Top 5: Political Quotes That Defined Presidencies, APOLITICUS.COM Archived 2017-10-20 at the Wayback Machine.
- ↑ Clinton, Bill. Response to the Lewinsky Allegations Archived 2009-02-23 at the Wayback Machine., Miller Center of Public Affairs, 26 January 1998.
- ↑ Blitzer Wolf, Franken Bob (July 28, 1998)։ «Lewinsky Strikes Far-Reaching Immunity Deal»։ CNN։ արտագրուած է՝ 9 March 2013
- ↑ «Starr Report»։ The Washington Post։ September 15, 1998։ արտագրուած է՝ 9 May 2013
- ↑ Clinton, Bill. Address to the nation Archived 2005-12-16 at the Wayback Machine., PBS.org, 17 August 1998.
- ↑ Tiersma, Peter. "The Language of Perjury" Archived 2016-01-14 at the Wayback Machine., languageandlaw.org, 20 November 2007.
- ↑ Montopoli Brian (21 September 2009)։ «Bill Clinton on Lewinsky Affair: 'I Cracked'»։ Political Hotsheet (CBS News)։ արտագրուած է՝ 21 September 2009
- ↑ Dover Edwin D. (2002)։ Missed opportunity: Gore, incumbency and television in election 2000։ Greenwood Publishing Group։ էջ 130։ ISBN 978-0-275-97638-5։ «John Cochran on ABC described this phenomenon as "Clinton fatigue." He said voters were happy with the policy agenda and direction of the country but were tired of Clinton and wanted to forget him. Casting their votes for Bush and not for Clinton's surrogate, Gore, was one way to bring about this preferred change, Cochran concluded.»
- ↑ Denton Robert E. Jr. (2002)։ The 2000 Presidential Campaign: A Communication Perspective։ Volume 2000, Part 3։ Greenwood Publishing Group։ էջեր 92, 98։ ISBN 978-0-275-97107-6
- ↑ Geer John Gray (2004)։ Public opinion and polling around the world: a historical encyclopedia 1։ ABC-CLIO։ էջ 138։ ISBN 978-1-57607-911-9
- ↑ Marable Manning (Summer 2001)։ «Gore's Defeat: Don't Blame Nader»։ Synthesis/Regeneration (25)։ արտագրուած է՝ 9 May 2013
- ↑ Weisberg Jacob (8 November 2000)։ «Why Gore (Probably) Lost»։ Slate։ արտագրուած է՝ 9 May 2013
- ↑ An anatomy of 2000 USA presidential election, NigerDeltaCongress.com
- ↑ Beyond the Recounts: Trends in the 2000 US Presidential Election, Cairn.info
- ↑ Talbot, David. "This hypocrite broke up my family", Salon, 16 September 1998.
- ↑ Goldenberg, Suzanne. "Porn king offers $1m for US political sex scandal" The Guardian, London. Retrieved September 21, 2009.
- ↑ "Robert Livingston, The Heir Apparent With a Black Belt", The New York Times, 10 November 1998, p. A24. Retrieved September 21, 2009.
- ↑ McCaffrey, Shannon. Will Bob Barr be the Ralph Nader of '08?, Associated Press (via CBS News), 22 June 2008.
- ↑ Baker, Russ. "Portrait of a political 'pit bull'", Salon, December 22, 1998.
- ↑ "Rep. Dan Burton – Member of Congress representing Indiana's 5th District" Archived 2013-05-23 at the Wayback Machine., Library Factfiles, Indianapolis Star, updated January 2007. Retrieved February 25, 2007.
- ↑ "Gingrich Expects 'Republican Revolution'", news4jax.com, 28 October 2010.
- ↑ Schneider, Bill. "Gingrich confession: Clearing the way for a 2008 run?", CNN. March 9, 2007. Retrieved December 29, 2009.
- ↑ «Gingrich admits having affair in '90s»։ MSNBC։ Associated Press։ արտագրուած է՝ June 7, 2009
- ↑ «Sex Scandals Through the Years: Both Parties Even»։ Newsweek։ 25 June 2009
- ↑ Page Susan (21 September 2009)։ «Secret interviews add insight to Clinton presidency»։ USA Today։ արտագրուած է՝ 21 September 2009
- ↑ «Clinton: Lewinsky affair a 'terrible moral error'»։ CNN։ 21 June 2004։ արտագրուած է՝ 9 May 2013