Պոլոնիոյ Հռչակագիր

Պոլոնիոյ հռչակագիրը Պոլոնիոյ գործընթացի հիմնական ուղենշային փաստաթուղթն է, որ ստորագրուեցաւ 19 Յունիս 1999-ին Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ եւրոպական 29 երկիրներու կրթութեան նախարարներու կողմէ[1]։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մինչեւ 1998 թուականը ԱՄՆ-ն իր կրթական բնորդը յաջողութեամբ կ'արտահանէր տարբեր երկիրներ, որոնցմէ՝ Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի, Ասիոյ երկիրներ։ Գործընթացը այնուհետեւ յաջողութեամբ սկսաւ իրականացուիլ նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, որ առաջացրեց Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու անհանգստութիւնը։

1998 թուականին եւրոպական շարք մը երկիրներու պատուիրակութիւններ հաւաքուեցան Սորպոնի մէջ՝ նշելու Սորպոնի համալսարանի 800-ամեակը։ Եւ այստեղ ալ որոշուեցաւ ստեղծել եւրոպական միասնական կրթական դաշտ՝ ի հակադրում ամերիկեան կրթական բնորդի։

Յունիս 19 1999-ին Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ եւրոպական 29 երկիրներու ներկայացուցիչներ կնքեցին Պոլոնիոյ հռչակագիրը։

Դրոյթներ

Խմբագրել

Պոլոնիոյ հռչակագիրի հիմնական դրոյթներն էին՝

  1. դիւրընթեռնելի եւ համադրելի աստիճաններու համակարգի ընդունում,
  2. հիմնական երեք աստիճաններու վրայ հիմնուած համակարգի ընդունում,
  3. վարկերու համակարգի հիմնում,
  4. աջակցութիւն ուսանողներու եւ գիտամանկավարժական ու վարչական կազմի շարժունութեան,
  5. աջակցութիւն որակի ապահովման ասպարէզին մէջ եւրոպական համագործակցութեան,
  6. բարձրագոյն կրթութեան եւրոպական չափայնության խթանում[2]:

Հետագային՝ 2001 թուականին, արդէն Պոլոնիոյ հռչակագիրի նշուած 6 կէտերուն Փրակի հաղորդագրութեամբ ներմուծուեցան եւս 3-ը.

  1. յարատեւ կրթութեան կարեւորում,
  2. համալսարանի եւ դպրոցի ուսանողներու ներգրաւում,
  3. Եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան տարածքի գրաւչութեան խթանում[2]:

Իսկ արդէն 2003 թուականին Պերլինի հաղորդագրութեամբ լրացուեցաւ մէկ կէտ եւս՝ այսպիսով Պոլոնիոյ հռչակագիրն ու գործընթացը դնելով 10 հիմնարար սկզբունքներու վրայ.

  1. տոքթորական ծրագիրը եւ համագործութիւնը Եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան տարածքի ու Եւրոպական հետազօտական տարածքի միջեւ[2]:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Պոլոնիոյ Հռչակագրի գործարկման քաղաքական խորհրդաժողովը
Խմբագրել

14-15 Մա­յի­ս 2015-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան Բարձ­րա­գոյն Կր­թա­կան Տա­րած­քի (Ե.Բ.Կ.Տ.) նա­խա­րա­րա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը եւ Պո­լո­նիոյ (Իտալիա)հռչակագրի գործարկման 4րդ քա­ղա­քա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­ վը:

Վե­հա­ժո­ղո­վին եւ խորհր­դա­ժո­ղո­վին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ կրթու­թեան մար­զի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ պատո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին կա­րե­ւոր ո­րո­շում­ներ առ­նո­ւե­ցան։ Պե­լա­ռու­սը՝ Մա­յիս 14ին դար­ձաւ Եւ­րո­պա­կան Բարձ­րա­գոյն Կր­թա­կան Տա­րած­քի ան­դամ։ Պո­լո­նիա­յի գոր­ծըն­թա­ցի նպա­տակ­նե­րէն է Եւ­րո­պա­կան Բարձ­րա­գոյն Կըր­թա­կան Տա­րած­քի ստեղ­ծու­մը, որ կո­չո­ւած է խթա­նե­լու Եւ­րո­պա­կան Բարձ­րա­գոյն Կր­թա­կան Հա­մա­կար­գի մրցու­նա­կու­թիւ­նը եւ գրաւ­չու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ու­սա­նող­նե­րու աշ­խու­ժու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տան­քի հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։

Պո­լո­նիա­յի գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ընդգր­կո­ւած են 47 եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ, 10 խորհր­դա­տու կազ­մա­կեր­պու­թիւն եւ այլ գոր­ծըն­կեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ։ Պո­լո­նիա­յի գոր­ծըն­թա­ցի հիմ­նա­կան բա­ղադ­րիչ­ներն են՝ ե­ռաս­տի­ճան կրթա­կան հա­մա­կարգ, ո­րա­կա­ւո­րում­նե­րու շրջա­նակ, ո­րա­կի ա­պա­հո­վում, փոխ-ճա­նա­չում, հա­մա­տեղ աս­տի­ճան­նե­րու հա­ւա­տագր­ման եւ­րո­պա­կան մօ­տե­ցում։

Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Մա­յիս 14ին, Կա­րէն Դե­միր­ճեա­նի ա­նո­ւան մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ, մաս­նակ­ցած է Եւ­րո­պա­կան Բարձ­րա­գոյն Կր­թու­թեան Տա­րած­քի նա­խա­րա­րա­

Պոլոնիոյ Գործընթաց եւ Եւրոպական Բարձրագոյն Կրթութեան Տարածք (ԵԿԲՏ)
Խմբագրել

Պոլոնիոյ հռչակագիրը կ'ամրագրէր բոլոր այն պահանջները, որոնք անհրաժեշտ էին մինչեւ 2010 թուականը Եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան տարածք (ԵԿԲՏ) ստեղծելու համար։ Հիմնադիր Պոլոնիոյ հռչակագիրը կ'ապահովէր ուսանողներու եւ դասախօսներու ազատ շարժունութիւն եւ հավասարապէս մատչելի կրթութիւն։ Գործընթացը այսօր կը ներառէ 49 ստորագրեալ երկիր[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել