Պուկանտա թագաւորներու դամբաններ, Քասուպի
Պուկանտա թագաւորներու դամբաններ կամ Քասուպի դամբաններ․ կը գտնուին Ուկանտայի Քամփալա մայրաքաղաքը եւ Պուկանտա ցեղախումբին չորս թագաւորներու թաղման վայրն է։ 2001 Դեկտեմբերին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։
Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան | |
---|---|
Պուկանտա թագաւորներու դամբաններ, Քասուպի | |
Kasubi Tombs | |
Պուկանտա թագաւորներու դամբաններ, Քասուպի | |
Երկիր | Ուկանտա |
Շրջան | Ափրիկէ |
Տարածութիւն | 0.26 քմ² |
Անուանուած է | Քասուպի դամբաններ |
Պաշտօնական կայքէջ | kasubitombs.org |
Դամբաններ
ԽմբագրելԵունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձանը Պուկանտա թագաւորութեան* մէջ տարածուած 31 թագաւորական դամբաններէն մէկն է եւ կ՛ընդգրկէ 0.26քլ² մը Քամփալա քաղաքի Քասուպի բլուրին վրայ քաղաքի կեդրոնէն 5քլ․ դէպի հարաւ-արեւմուտք։ Վայրին մէկ մասը կը ներփակէ 1882-ին Մութիսա Ա․-ին (Պուկանտայի 35-րդ թագաւորը) կողմէ կառուցուած արքունիք մը, որ փոխարինած է հօրը՝ Սիունա Բ․-ին արքունիքը կառուցուած 1820-ին։
Պուկանտա թագաւորութիւն․ Ուկանտայի սահմաններուն մէջ Պականտա ցեղախումբին թագաւորութիւն հիմնուած ԺԳ․ դարուն, ուր կը գտնուի նաեւ Քամփալա մայրաքաղաքը։
Քասուպի դամբաններու վայրը կը պարունակէ Պուկանտայի չորս Քապաքասներու թագաւորական դամբաններ (Քապաքաս․ Պուկանտայի թագաւորներ)։
Դամբանները կը գտնուին բոլորաձեւ շինութիւններու մէջ յարդահարկ տանիքով։ Մինչեւ այսօր Պականտա ցեղախումբին համար մշակութային եւ քաղաքական յուշարձան մըն է։ 2001-ին յայտարարուած են Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձաններ։ Մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը ներգրաւէ։
Կործանում
Խմբագրել16 Մարտ 2010-ին, հրդեհ մը Քասուպի դամբանները կը կործանէ։ Պուկանտայի թագաւորութիւնը երդում տուած է դամբանները վերականգնել, իսկ Ուկանտայի նախագահը խոստովանած է օժանդակել վերակառուցման գործը։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Քասուպի դամբաններուն ներքին մասը կը պարունակէ թաղուած Քապաքա թագաւորներու նկարներ եւ աճիւններ
-
Քասուպի դամբաններուն կնիւն
-
Քասուպի դամբաններուն կնիւնը
-
Հին թագաւորներէն մէկուն ընձառիւծի ձագը։ Թագաւորին մահէն ետք, մարդիկ դժուարացան զայն հսկել։ Կը սատկեցնեն եւ զմռսելէ ետք յատուկ դագաղի մէջ կը դնեն ու դամբանին մէջ կը դնեն։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Կոմիտէն կ՛արձանագրէ 31 նոր Յուշարձաններ, 13-12-2001 (անգլերէն)
- ↑ Քասուպիի Պուկանտա թագաւորներու դամբանները, 14-11-2016(անգլերէն)
- ↑ Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Կոմիտէն կ՛արձանագրէ Պուկանտա թագաւորներու դամբանները եւ ․․․ 29-7-2010(անգլերէն)
- ↑ Համաշխարհային Ժառանգութեան Պայմանադրութիւն - Պուկանտա թագաւորներու դամբաններու վերականգնումի աշխատանքները կը սկսին, 13-5-2014(անգլերէն)
- ↑ Ուկանտայի Քասուպի դամբաններու կործանումը հրդեհէ 17-3-2010(անգլերէն)
- ↑ Uganda Media Centre - Ուկանտայի կառավարութիւնը պիտի օժանդակէ Քասուպի դամբաններու վերականգնումին 26-7-2011(անգլերէն)
- ↑ Cyark.org - Քասուպի Դամբաններու պատկերներու արխիւ(անգլերէն)