Պունտեսթակ
Պունտեսթակ, դաշնային մակարդակով սահմանադրական ու օրէնսդիր մարմին է Գերմանիայի մէջ: Ելնելով իրականացուող գործառոյթներէն՝ երբեմն կը բաղդատեն խորհրդարանի ստորին պալատի գործունէութեան հետ, ինչպիսին ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու կամ Մեծն Բրիտանիայի Համայնքներու պալատներն են:
Հիմնադրուեր է Գերմանիայի դաշնային հանրապետութեան՝ 1949 թուականի Հիմնական օրէնքով (սահմանադրութիւն)՝ որպէս Գերմանիայի օրէնսդիր մարմիններէն մէկն ու նախորդ Ռայխսթակի պատմական իրաւայաջորդը: 1999 թուականէն նստավայրը Պերլինի մէջ է: Նորպերթ Լամերթը Պունտեսթակի ներկայիս նախագահն է: Անդամները կ'ընտրուին 4 տարի ժամկէտով: Պունտեսթակը ունի 631 պատգամաւորական աթոռ:
Պատմութիւն
Խմբագրել1866 թուականին, Գերմանիայի համադաշնութեան լուծարումէն ու 5 տարի անց Գերմանական կայսրութեան հիմնադրումէն յետոյ, Պերլինի մէջ հիմնադրուեցաւ Ռայխսթակը՝ Գերմանիայի կառավարութիւնը: Պերլինը այդ ժամանակ Փրուսիայի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր: Երկու տասնամեակ անց կառուցուեցաւ խորհրդարանի շէնքը: Պատուիրակ կրնային ընտրուիլ միայն արական սեռի անձինք՝ ուղիղ ու հաւասար ընտրական իրաւունքով: Ռայխսթակը չէր մասնակցեր վարչապետի Կանցլերի նշանակմանը՝ մինչեւ 1918 թուականի Հոկտեմբերի խորհրդարանական բարեփոխումները[1]:
Խնդիրներ
ԽմբագրելՊունտեսռաթի հետ մէկտեղ Պունտեսթակը Գերմանիայի քաղաքական համակարգի օրէնսդիր ճիւղն է: Կառավարութեան օրէնսդրական ծրագրի գնահատման ու հաւանութեան արժանացման գործի մէջ կոմիտէները էական դեր կը խաղան: Լիագումար նիստերու ընթացքին անդամները կ'ընդգրկուին օրէնսդրական հարցերով հանրային քննարկումներու մէջ՝ մինչեւ համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւն կատարուիլը:
Պունտեսթակի անդամները միակ դաշնային պաշտօնեաններն են, որոնք կ'ընտրուին ժողովուրդի կողմէ: Պունտեսթակը կ'նտրէ կանցլերին, գործադիր իշխանութեան նկատմամբ վերահսկողութիւն կ'իրականացնէ հիմնական քաղաքականութեան ու արմատական վարչարարութեան հարցերով պայմանաւորուած: Այս գործառոյթը կարելի է իրականացնել օրէնսդրութեան արգելման, կառավարութեան քաղաքականութեան մասին հանրային քննարկումներ, հետաքննութիւններ, կանցլերին կամ խորհուրդի այլ պաշտօնեաներուն ուղիղ հարցաքննութիւն ձեռնարկելու միջոցով:
2005 թուականին գործարկուեցաւ ելեկտրոնային հանրագիր ծրագիրը, որու շնորհիւ քաղաքացիները կրնան համացանցով իրենց յուզող հարցերը ուղղել Հանրագրերու կոմիտէին:
Ընտրութիւն
ԽմբագրելՊատգամաւորական տեղերու տեղաբաշխում
ԽմբագրելՊունտեսթակի անդամներու կէսը կ'ընտրուին ուղղակիօրէն՝ 299 ընտրատարածքներէ, միւս մասը՝ Գերմանիայի երկրամասերու ցուցակով՝ համամասնական ներկայացուցչութիւն ապահովելու համար: Իւրաքանչիւր ընտրող քուէարկելու 2 ձայն ունի. առաջինով Պունտեսթակի համար իրենց տեղական ներկայացուցիչներուն կ'ընտրեն, իսկ երկրորդով ընտրատարածքներէն թեկնածուները խորհրդարանի մէջ տեղեր կը ստանան:
Կը պատահի նաեւ կախուած տեղերու դէպքեր, երբ կուսակցութիւն մը կ'ունենայ աւելի շատ ուղղակի պատգամաւորական հրահանգ տուեալ երկրամասի մէջ, քան նախատեսուած երկրորդ քուէարկութեամբ (համամասնական ընտրակարգով): Տուեալ կուսակցութիւնը չի կորսնցներ այդ պատգամաւորական հրահանգները եւ լիազօրութիւնները, որովհետեւ ուղղակիօրէն ընտրուած բոլոր թեկնածուներուն Պունտեսթակի մէջ տեղեր կ'երաշխաւորուին: