Պսակ (թերթ)
«Պսակ», գրական, քաղաքական, պատմական եւ մանկավարժական շաբաթաթերթ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԵրեւանի մէջ հրատարակուած առաջին թերթը եղած է «Պսակ»ը[1], որուն առաջին թիւը լոյս տեսած է 15 Մարտ 1880-ին: Թերթին հրատարակութիւնը որոշ ընդմիջումներով շարունակուած է մինչեւ 7 Ապրիլ 1884:
Թերթին հրատարակիչ-խմբագիրը եղած է Վասակ Բաբաջանեան։
Բովանդակութիւն
Խմբագրել«Պսակ»ի մէջ խիստ քննադատութիւններ եղած են քաղաքապետին եւ պատկան իշխանութեանց հասցէին` քաղաքը կառավարելու իրենց անճարակութեան պատճառով: Տեղ գտած են նաեւ պատմաբանասիրական յօդուածներ, գիտական զանազան տեղեկութիւններ, տոմսեր, գրախօսականներ:
«Պսակ»ի հրատարակութիւնը դադրած է, երբ 1884-ի վերջերը խմբագիրը եւ ուրիշ մտաւորականներ աքսորուած են քաղաքէն[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հայ մամուլ catalog»։ tert.nla.am։ արտագրուած է՝ 2022-03-14
- ↑ «50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1963) - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-14