Պօղոս Գարագօչեան
Պօղոս եպս. Գարագօչեան (1731, Կեսարիա - 1825), հայ եպիսկոպոս։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԳարագօչեան ծնած է Կեսարիոյ Տէրէվէնք (Տէրէ-Վանք) գիւղը 1731 թուականին․ իր երիտասարդութեան ատեն Պոլիս գալով, ժամանակ մը զբաղած է առեւտուրով եւ յետոյ հետեւած՝ եկեղեցականութեան, ուստի իր ժամանակի եկեղեցական գործերու եւ պաշտօններու մէջ ունեցած է նշանակելի դեր։
Զաքարիա Պատրիարք Կազգուանցիի ձեռնասունն էր ինք եւ անոր հսկողութեան ներքեւ մարզուեցաւ իր երտասարդութիւնը եւ խիստ կրօնասիրութիւնը։
Կեսարացի հայերը հարիւր տարուան շրջանին Պոլսոյ մէջ ունեցած են առ հասարակ առեւտրական եւ կրօնական խնդիրներու համար առաջնակարգ դիրք եւ ազդեցութիւն իրենց տոկուն բնաւորութեան, գործունէութեան եւ եկեղեցասիրութեան պատճառաւ։
1787-ին Գարագօչեան Սրբազան կոչուած էր Պրուսայի առաջնորդութեան՝ Սամուէլ Երզնկացի եպիսկոպոսի տեղ․ հոն սկսած է եկեղեցական եւ ուսումնական նորոգող գործերու։ Նախ շինած է Պրուսայի ընդարձակ եկեղեցին եւ Պօղոսեան վարժարանը։
Պրուսայի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին շինուած է Այնթապցի Եղիազար Եպիսկոպոսի օրով (ետքը Պատրիարք եւ Կաթողիկոս), որ իբր նուիրակ՝ Ս․ Երուսաղէմի Պրուսա գտնուած ատեն, իր իսկ դրամով, 2500 ղրուշի կը գնէ եկեղեցիին տեղը եւ իր հիմակուան ընդարձակութեամբ կը շինէ եկեղեցին։ Եղիազարու շինած եկեղեցին, 1617-ին Աթանաս եպիսկոպոսի ատեն կը վերանորոգուի։
1794-ին Գարագօչի ձեռնտուութեամբ հիմնովին կ'ընդարձակուի եկեղեցին որուն յիշատակարանն էր ՝
Հրաշակառոյցս այն սուրբ եկեղեցի Որ շինեալ յանուն սուրբ Աստուածածնի, Նորոգ շինեցաւ հնացեալն կարի - (1794)
|
Այս եկեղեցին 1863-ին կ'այրի եւ Գէորգ Ա․ Ե․ (ետք Կաթողիկոս) կը շինէ արդի եկեղեցին եւ կը վերաշինէ Պօղոսեան վարժարանն ալ, որուն անունն ալ կը փոխէ Գէորգեան վարժարանի։
Ստէպ հրաժարած է առաջնորդութենէն եւ նորէն ընդունած․ այս հրաժարումի միջոցներուն է, որ ընտրուեցաւ Առաջնորդ Արմաշի եւ Նիկոմիդիոյ, բայց պրուսացիք չուզելով զատուիլ անկէ, ականջ չդրաւ անոնց թախանձանքին, չուզեց դառնալ Պրուսա, մինչեւ որ կուսակալ փաշան միջնորդելով յաջողեցաւ հոն բերել զինքը պատրիարքական շուքով։ Պոլիսէն բերել տուաւ վարժապետներ, ծաղկեցուց Արմաշի, Նիկոմիդիոյ եւ Պրուսայի մէջ հայ լեզուն եւ Բ․ Դրան մեծամեծներուն եւ փաշաներուն հանդէպ մեծարելի դիրք ունենալով, հեղինակօրէն ու յաջողապէս վարեց բոլոր ներքին ու արտաքին գործերը, սակայն երբեք դուրս չելլելով իր վանական կրօնական անձուկ շրջանակէն։
Թէեւ գրագէտ ու ուսումնական չէր, այլ գործնական մարդ էր, անձամբ կը վազէր, կը հասնէր թեմականներուն նեղ օրերուն եւ արիութեամբ կը պաշտպանէր անոնց իրաւունքները եւ շահերը։ Յատուկ կոնդակներ հանած է եւ արգիլած է հարսանիքներու շռայլ ծախքերը, որոնք սնափառութեան եւ ճոխութեան արդիւնք էին։ Իր անապատական եւ անվախ համարձակախօսութեան համար քանիցս հրաժարեցուցուած է առաջնորդութենէ եւ գացած Մուհալըճ գիւղը, ուր շինած է նաեւ փոքր եկեղեցի մը, Պրուսայի եկեղեցիին նման ճարտարապետութեամբ։ Այս հրաժարումներու միջոցին, անգամ մը նորէն Պոլիս եկած եւ բնակած է Բերա․ հոն ալ եկեղեցական կալուածները շատցուցած է եւ աշխատած ժողովուրդին օրինաւոր բարօրութեան համար․ նուիրած է Պալաթի եւ Սկիւտարի Սէլամիյէ թաղերուն ձեռագիրներ, որոնք անյայտ եղած են։ Պոլիս եղած միջոցին Շնորհքեանի առաջնորդութեամբ կը յորդորեն զինքը հրաժարիլ Պրուսայի առաջնորդական իշխանութենէն, բայց անիկա կ'ընդդիմանայ անոնց, ըսելով. «Պրուսա իմ ընտանի յարկս է, իմ տունս է, ինչպէս դուք չէք կրնար ձեր տունէն հրաժարիլ, ես ալ չեմ կրնար բաժանուիլ Պրուսայէն»։
Ասոր վրայ Նիկոմիդիոյ առաջնորդ կ'ուղարկեն զինքը, մինչեւ որ Ազիզ փաշա կուսակալին հրաւէրով նորէն Պրուսա կ'անցնի, աննման փառքով եւ ուղեկցութեամբ ժողովուրդին ու բազմաթիւ հեծեալներու եւ կը հաստատուի առաջնորդական ընտանի աթոռին վրայ։
Իր փառաւոր ընդունելութիւնը աշուղներու ներփողներուն արժանացած է, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն իբր հետաքրքրական․
Գարագօչեան Սրբազան մասնաւոր հոգածութեան առարկայ դարձուց Արմաշու Չարխաբան Ս․ Աստուածածնի վանքը, զոր հիմէն նորոգման հրովարտակը ստացաւ 1820-ի Մարտին եւ 4 ամսուան մէջ վերաշինեց եկեղեցին եւ յաջորդ տարին ալ վանքը նորոգեց, ուսումնարանը բացաւ եւ շարունակ զարգացուց վանքը։
1825 Յուլիսի վերջերը հիւանդ վիճակի մէջ մեկնեցաւ Պրուսայէն եւ գնաց Արմաշի վանքը, քիչ ատենէն վախճանեցաւ ու հանգչեցաւ հոն, ուր իր թաղումէն 60 տարի ետք, 1885-ին, իր գերեզմանը բացուելով հանդիսաւորապէս, թաղեցին այժմեան նորաշէն անկիւնը՝ Չարխափանի պատկերին առաջ։
Արձանագիր
ԽմբագրելԻր տապանագրը գրած է Յովհաննէս Եղեկեան։
Ահաւասիկ տապանագիրը․
Տեառն Պօղոսի Աստուածիմաստ Արք Եպիսկոպոսի եւ բազմերախտ Առաջնորդի Նիկոմիդիոյ եւ Պրուայու եւ հիմնադրի Չարխափան Ս․ Աստուածածնի Վանից։ |
Իր յիշատակը մնացած է ցարդ եւ իր անաչառութիւնը, անձնանուիրութիւնը, եկեղեցական նախանձախնդրութիւնը, բարեգործութիւնները կը յիշուին Փիւթանեկան եւ Նեկոմիդական քաղաքներուն մէջ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Պատմութիւն հայոց Պէրպէրեան Ա․
- Ընդարձակ օրացոյց 1900-1901
- Ստու երք հին օրերու Յ․ Դ․ Մրմրեան
- Երեւակ 1859 թիւ 49
- Մեսրոպ Վ․ Նարոյեան
- Արեւելեան Մամուլ 1903 թիւ 46 Բաբգէն Վարդապետէ
- Պատմութիւն Արմաշու վանուց ձեռագիր Մ․ Ա․ Ե․ Օրմանեան;