Եղիազար Այնթապցի

Եղիազար Ա. Այնթափցի (1612 - 8 Օգոստոս 1691(1691-08-08)[1], Վաղարշապատ), Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ 1681 թուականէն մինչեւ 1691 թուականը։ Յաջորդած է Յակոբ Դ․ Ջուղայեցի կաթողիկոսին։

Եղիազար Այնթապցի
Ծնած է 1612
Մահացած է 8 Օգոստոս 1691(1691-08-08)[1]
Մահուան վայր Վաղարշապատ
Մասնագիտութիւն կաթողիկոս
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Եղիազար ծնած է Այնթապի մէջ, մանկութեան ձգելով իր ծննդավայրը եւ իր ծնողքը, վարդապետներու փոքրաւոր կ'ըլլայ, հետաքրքիր եւ ուսմանց հետամուտ՝ կը սկսի դաս առնել անոնցմէ, աշակերտելով՝ Շնքչեցի Յովհաննէս վարդապետին, որ Կառկառեցի Պետրոս կաթողիկոսին աշակերտն էր եւ [Երուսաղէմ]ի Աստուածատուր պատրիարքին ուսուցիչը։ 1641 թուականին Պոլիս կու գայ եւ վարդապետ կը ձեռնադրուի իր ուսուցիչ վարդապետէն՝ Յովհաննէսէն եւ հետզհետէ քաղաքներ կը պտտի, մինչեւ որ իր համբաւը կը լսուի ամէն կողմ եւ մեծ անուն կը ստանայ, 1647 թուականին Արըլնի բարձրահայեաց Ս․ Աստուածածին վանքին առաջնորդ կը նշանակուի եւ կը կատարէ շատ բարեկարգութիւններ, նորոգութիւններ եւ նորանոր շէնքեր կը շինէ, միաբանական կարգը կը բարեկարգէ, ուսման եւ զարգացման նպաստելու համար 2 ձեռագիր Աստուածաշունչ եւ հարիւրէ աւելի ձեռագիր գիրքերով կը ճոխացնէ թանգարանը։ 1651 թուականին Եղիազար Պոլիս երթալով, մեծ համբաւ կը շահի իր «քաղցրաբան» քարոզութիւններով, առհասարակ ամբողջ ժողովուրդը, ամիրաները եւ ժողովուրդը, բոլորի համակրութեամբ ան Պոլսոյ պատրիարք կ'ընտրուի՝ Դաւիթ Պատրիարքի անկումէն ետք։ Իր պատրիարքութեան շրջանը թէեւ կարճ ու բեղմնաւոր եղաւ, եկեղեցւոյ ապականեալ կարգերը բարեկարգեց եւ վճարեց Պատրիարքարանի պարտքը, որով բազմաթիւ չարիքներու առաջքը առաւ, ամէնքը համոզելով սէր եւ միութիւն հաստատեց եւ կառավարեց ժողովուրդը ո՛չ թէ կառավարական բռնութեամբ, այլ՝ իր ի՛սկ կարողութեամբ եւ հանճարով, իրեն աջակից էին Արըլնի Ս․ Սարգիս եկեղեցւոյ քահանաները, որոնք կը վկայեն յայսմաւուրքի յիշատակարանին մէջ։ 1653 թուականին հրաժարելով Պոլսոյ պատրիարքութենէն, վերադարձաւ իւր աթոռը Արղընիի Ս․ Աստուածածին վանքը, կայսերական հրամանագրով։

 
Այնթապ
 
Պոլիս
 
Երուսաղէմ
 
Ս․ Էջմիածին
 
Հորդոս Մեծի Երուսաղէմեան տաճարի վերակառուցուած մանրակերտը։
 
Երուսաղէմ

Հոն կը սկսի նորոգել վանքը, դիտելի է որ Մկրտիչ արքեպս․ Նազաչէէն ի վեր, որ հիմնադիրն էր սոյն վանքին, այդ վանքը նորոգութիւն չէր տեսած, բռնապետները իրենց վախէն քար մը չէին դրած, մինչդեռ Եղիազար եպս․ անվախօրէն նորոգեց եւ նորանոր յաւելուածներ շինեց, եւ ինք իր պատրիարքութեան ատեն թէ՛ շինութեան հրամանը առած էր եւ թէ՛ վանքին եկեղեցական զգեստներ նուիրել տուած էր՝ ամիրաներուն։ Բռնաւորներուն հալածանքէն խուսաբելու նորէն Պոլիս գնաց, ուր այս անգամ աւելի կարեւոր պաշտօն մը յանձնուեցաւ իրեն, այն է Երուսաղէմի Աստուածատուր Պատրիարքի օրով ոտնձգութիւններ եղած էին Յոյներու կողմէն՝ հայոց սեփականութիւններուն, Պատրիարքը տեսնելով, որ Այնթապցի Եղիազար եպս․ յաջողակ է եւ հարուստ, դիմեց անոր աղաչելով որ իրեն ձեռնտու ըլլայ աշխատութեամբ եւ դրամով, խոստացաւ զինքը փոխանորդ կարգել եւ ետքն ալ պատրիարք, թէեւ Աստուածատուր դատական օրէնքով հաստատեց, բայց միաբաններու մեծ մասը չուզեցին յանձնել իրեն մինչեւ որ Բ․ Դուռը դիմէ ինքը եւ հաստատութեան հրովարտակը առնէ։ Աստուածատուր Պատրիարք Եղիազարէն հաւանութիւն առնելով գնաց անոր հետ Կ․ Պոլիս վանեցի իշխան Ռուհիշանին, որ այն ատեն կարեւոր դիրքի տէր էր, անոր ձեռքով աղերսագիր մը տուաւ Եպարքոսին՝ Պոյնը Էյրի Մեհմետ փաշայի։

Արքունի դիւանի արձանագրութիւններուն մէջ փնտռեցին եւ գտան Սուլթան Սելիմ Ա․-ի եւ զաւկին Սիւլէյմանի հրովարտակները՝ որով կը հաստատէր հայոց իրաւունքները:

Սուլթան Մեհմետէն կը խնդրէին հայոց իրաւունքը, որուն Սուլթանը հրամայեց անխախտ պահել իր նախնեաց հրամանները եւ արգիլեց Յունաց Պատրիարքի ոտնձգութիւնները։ Այս հիման վրայ նորէն հրովարտակ գրուեցաւ եւ տրուեցաւ Եղիազարին, որ նախորդ հրովարտակին ալ պատճէնը առաւ ե՛ւ 1656 թուականը կրող 2 հրովարտակները եւս առնելով Երուսաղէմ մեկնեցաւ, ուր դատաւորին ներկայացնելով խնդրեց գործադրութիւնը։

Եղիազար վարդապետ մեծ յաջողութեամբ պաշտպանեց հայոց իրաւունքները եւ բազմաթիւ աշխատութիւններով կրցաւ ձեռքէ ելած իրաւասութիւնները վերստին առնել։ Եղիազար գտաւ Գրիգոր Պարոն Տէր Պատրիարքի պահած դրամները եւ սկսաւ վանքը պայծառացնել՝ շէնքեր շինելով։

Յունաց Պատրիարքը տեսնելով Եղիազարի յաջողութիւնները, բարկացած Երուսաղէմէն մեկնեցաւ եւ գնաց Պոլիս դատավարելու համար։ Հայոց փոխանորդները, ապիկար մարդիկ, չկրցան պաշտպանել իրենց իրաւունքները, որուն հետեւանքով հայոց աննպաստ վճիռ տրուեցաւ եւ դարձեալ սեփականութիւնները անացն յունաց ձեռքը։

Վէճը այնչափ սաստկացաւ, որ կարգ մը ամբաստանութիւններ ըրին Եղիազարի հասցէին եւ բանտարկեցին զինք։

Եղիազար կաշառք տալով ազատեցաւ, խոստանալով նորէն կաշառք տալ, որպէսզի հայոց իրաւունքները պաշտպանուին։

Դամասկոսի Բդեշխ Թիար Օղլու թէեւ յոյս տուաւ, բայց միւս կողմէն ալ հրամայեց իրեն բերել Ս․ Յակոբայ բանալիները ու կնքել տուաւ Ս․ Յակոբայ դուռը։ Եպարքոսին ալ իմացուց պարտ ու պատշաճը։ Դաւիթ Վ․ Բիրիացի Ռուհիչան գործակալին դիմեց եւ խնդրեց, որ բարեխօսէ հայոց իրաւունքներու մասին։

Անդրանուպոլիս պատգամաւորութիւն մը գնաց Եպարքոսին, որս մերժեց ընդունիլ զիրենք։

Երուսաղէմի մէջ Թիար Օղլու հրամայեց բանալ Զատկին՝ Ս․ Յակոբայ վանքին դռները, զոր վերջը նորէն գոցել տուաւ։

Եպարքոսը յունաց պատրիարքէն իմանալով եղելութիւնները, յանդիմանական նամակ մը ուղղեց Թիար Օղլուի, ան կը խորհէր ձերբակալել եւ մահուան դատապարտել Եղիազար Այնթապցիին։ Հայերը տեղեկանալով իմաց տուին եղիազարի, որ աստանդական կը շրջագայէր Եգիպտոս, Դամասկոս, ուրկէ յուսկ ուրեմն հասաւ Պոլիս 1657 Նոյեմբերին։ 3 ամիս փախստական մնալով ձերբակալուեցաւ 1658 Փետրուարի 18–ին։ Եպարքոսը հրամայեց ատեան հանել զինքը եւ դահճապետին յանձնել։ Ամէնքը լքեցին զինք, միայն Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանցը, որ Տ․ Կոմիտասի եղբայրն էր, պահապանները կաշառելով մտաւ բանտը, ուր տեսաւ Եղիազար վարդապետը՝ ոտքերը շղթայուած տերեւի մը պէս դողդոջուն, սկսաւ արտասուիլ եւ խնդրել, որ զինքը ազատէ։ Յանձնեց իր քով եղած դրամը, զոր Քէօմիւրճեան ալ տարաւ Ռուհիշանին՝ այն ժամանակ Երուսաղէմի գործակալն էր։

Երեսունչորս օրեր բանտ մնալէն ետք հայ մեծամեծներու խնդրանքով եւ կաշառքով դիմեցին Եպարքոսին, որ անդրդուելի կը մնար, ըսենք ի պատիւ Եղիազարի, որ ինք չէր ուզէր իր ազատութիւնը․ «Թող ես զոհու իմ․– կ՛ըսէր․– բայց Ս․ Յակոբայ վանքը Հայերու ձեռքէն չերթայ»։ Նամակ մը գրեց Մարտիրոս Վ․-ին, թէ այն որ ինծի ազատել կ'աշխատի առանց խորհելու Ս․ Յակոբայ վանքի մասին, անիծուած թող ըլլայ։

Վերջապէս շատ աշխատութիւններով 22 Մարտ–ին ազատեցին Եղիազար Եպիսկոպոսը եւ ուրախութեամբ Ղալաթիոյ եկեղեցին բերին։

Եղիազար ամիսներով եւ տարիներով աշխատելով վերջապէս կրցաւ 1659–ին ազատել Ս․ Յակոբայ վանքը՝ յոյներու ձեռքէն, գերբնական ճիգերով եւ մեծամեծ զոհողութիւններով, ետքը ինքն ալ Աստուածատուր Պատրիարքի փոխանորդ կարգուեցաւ եւ մեկնեցաւ Երուսաղէմ, ուրէ վռնտելով յոյները՝ գրաւեց Ս․ Յակոբայ վանքը։

Բայց հոս է, որ կըսկսի Եղիազարի կեանքին մութ կէտը։ Իր յաջողութիւններով հարբած կը խորհի հաստատել կաթողիկոսական նոր աթոռ մը Երուսաղէմի մէջ, 1661–ին շինել կու տայ նոր եկեղեցի մը Ս․ Էջմիածին անունով, պատրաստել կու տայ Կաթողիկոսական աթոռ մը սատափէ, փառաւոր եւ գեղարուեստական, որ ցարդ կը մնայ Երուսաղէմի մէջ եւ որ շինուած է Մելիտոն անուն ճարտարապետի մը կողմէ։

բազմաթիւ նորանոր շէնքեր կը շինէ եւ նորոգութիւններ կ'ընէ եւ որպէսզի թշնամութիւններ չծագին, մզկիթն ալ նորոգել կու տայ։

Այս միջոցին՝ Սիսի Խաչատուր Կաթողիկոսը, Երուսաղէմ կու գայ։ Եղիազար, չափազանց պատիւներ շռայլելով, խոստում կ'առնէ յարմար առիթով մը զինքը Կաթողիկոս օծել։

Եղիազար Եպարքոսին դիմեց բազմաթիւ նուէրներով եւ հաճեցուց Կաթողիկոսութեան հրովարտակը առնել, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հրովարտակը։ Եպարքոսի բանակին մէջ կը գտնուէր նաեւ հայ Չէլէպի մը՝ Ապրօ Չէլէպ, զայն եւս իր կողմը կ'առնէ Եղիազար եւ կը դարձնէ զինք՝ իրեն սրտակից մտերիմը։

Այնթապցին «Բերիա» անցաւ եւ նամակ մը գրեց Սիսի Խաչատուր Կաթողիկոսին, հետեւեալ կերպով․

«Հոգեւոր եղբայրդ մեր Խաչատուր Կաթողիկոս Սսոյ, նամակս ձեռքդ հասնելուն պէս, շուտով մը, եթէ կարելի է, առանձին սուրհանդակով Բերիա հասնիս․ սպասաւորներդ եւ կարասիներդ քեզմէ ետք թող գան, մի ուշանար կ'աղաչեմ, որովհետեւ ժամ է մեր մտադրութիւնը կատարելու, որ Երուսաղէմայ մէջ միասին որոշեցինք»։

Բայց Խաչատուր Կաթողիկոս չուզեց անխորհուրդ գործ տեսնել եւ կանչեց հայ մեծամեծները, որոնց մէջ էր եւ Երէմիա Չէլէպին, խորհուրդ ընելով, վախցան ազգին մէջ արդէն եղած պառակտումներուն վրան հատ մըն ալ պիտի աւելնայ․ մանաւա՛նդ գիտէին, թէ՝ ամբողջ «Հայ Ազգը» կարգուած է Էջմիածինի եւ իր Յակոբ Կաթողիկոսին, որ կը մտածէր տառապած հայ ազգին համար օգտակար միջոցներ։

Երէմիա Չէլէպի ազգին կողմէ կը մեկնի Բերիա համոզելու համար զինքը որ ետ կենայ իր մտադրութենէն, հակառակ իր ջանքերուն Եղիազար Վ․ անդրդուելի մնաց, պատասխանելով․ «Ինչո՞ւ կը յոգնիք ես արդէն ունիմ հրովարտակ Եպարքոսէն եւ մտադիր եմ ընել բազմաթիւ կարեւոր նորոգութիւններ, շատ օգուտ պիտի ցուցնեմ ազգին եւ առանց նուէր ժողվելու , ժողովուրդին Միւռօն պիտի ղրկեմ ամէն կողմ»։

Երեմիա Չէլէպիի անյոյս ըլլալը իմացաւ Պոլիս ղրկուած գիրով։ Քիչ ատեն ետք Խաչատուր Կաթողիկոսն Պոլսէն Բերիա երթալով հոն նորէն Եղիազարի հետ խորհեցան եւ տեսնելով արքունի հրովարտակը, ձեռնադրեց զինքը Կաթողիկոս։ Այն ատեն Եղիազար օրհնութեան թուղթեր գրեց Օսմանեան Տէրութեան, ամէն կողմը, յայտնելով իր իշխանութիւնը որ ստացաւ թագաւորական հրամանաւ, յորդորեց բոլորին ալ սիրով ըլլան իրարու հետ եւ խոստացաւ անոնց շատ բարիքներ ընել եւ ձրի Միւռօն ղրկել նուիրակներու հետ, իսկ ինք ելաւ գնաց Երուսաղէմ։ Եղիազար Բերիայէն Եպարքոսին գրեց, որ արգիլեն Էջմիածինի նուիրակերը, քանի որ ինքն է Կաթողիկոսը եւ անոնք Էջմիածինի նուիրակները կը խառնակեն Օսմանեան սահմանները, այդ առումով, Եպարքոս հրովարտակ յղեց, որ ամէն կողմ արգիլեն Էջմիածնի նուիրակները (1666

Եղիազարի գիրերը հասնելով ամէն կողմ երկպառակութիւն սկսաւ, կէսը Յակոբ Կաթողիկոսը կ՛ուզէր, որոնք կոչուեցան Յակոբեանք, իսկ միւս կէսը՝ Եղիազարը, որոնք կոչուեցան Եղիազարեանք։

Յակոբ ծերունի Կաթողիկոսը խրատներ եւ թուղթեր կը ղրկէր ամէն տեղ, խնդրելով, որ պառակտումի պատճառ չդառնան եւ Եղիազարը Կաթողիկոս չճանչնան։

Մարտիրոս Վ․ Կաֆայեցի անոր հակառակորդ դարձաւ, Եղիազարը չէին թողուր որ մնայ Երուսաղէմ, իսկ ան անվհատ ծպտուած կը փախչէր իջեւանէ իջեւան, պահուելու համար եւ դրամով գնելու կարգ մը իրաւունքներ։

Ստիպուած Յակոբ Կաթողիկոս 1666–ին Պոլիս գնաց, խռովութիւնները վերցնելու համար, կարելի չեղաւ եւ յուսահատ վերադարձաւ։

Այս իրավիճակը տեւեց շուրջ 14 տարի, որ այդ ատեն Պոլսոյ պատրիարքութիւնն ալ Անդրէաս Կրպօ եւ Էքմէքճի Սարգիս անունով պատրիարքներ ունեցաւ։ Խառն եւ անկերպարան վիճակ մը ունեցած էր պատր․ Աթոռը, կաշառքը եւ մատնութիւնը սովորական դարձած էին։

1680-էն մինչեւ մահ (8 Օգոստոս 1691)

Խմբագրել

1680–ին Յակոբ Կաթողիկոս նորէն Պոլիս գնաց, Եղիազարի խնդիրին համար, ուր վախճանեցաւ։ Էջմիածինի Միաբանութիւնը համաձայնութեան եկաւ եւ գտաւ դժուարութենէն դուրս ելլելու միջոցը, փոխանակ նոր կաթողիկոս ընտրելու՝ հրաւիրեց Եղիազարը շարունակել իր կաթողիկոսութիւնը Էջմիածնայ մէջ։ Այս մասին դիմեցին Երեւանի պարսիկ իշխանին եւ դժուարութեամբ հաճեցուցին, զոր ընդունեց Եղիազարի կաթողիկոսութիւնը։

Ատոր վրայ հարաւիրակ ղրկուեցան Երուսաղէմ՝ Պետրոս վարդապետ եւ ուրիշներ, որոնք Երուսաղէմէն Պոլիս վերադարձան 1682–ի Մարտ ամսուան սկիզբը, ուրկէ արքունի հրովարտակն ալ ստանալով Էջմիածին գացին՝ 14 Օգոստոս 1682–ին։

Եղիազար իմաստութեամբ վարեց կաթողիկոսւոթիւնը եւ ամէնուն հետ համերաշխ վարուեցաւ։ Էջմիածնայ մէջ բազմաթիւ շէնքեր շինեց, Ձորալեդի անապատի եկեղեցին եւ զանգակատուններ եւ այլն։ 8 Օգոստոս 1691–ին վախճանեցաւ։ Հակառակ իր մէկ թերութեան (Երուսաղիմայ կաթողիկոսութիւնը), Եղիազար Այնթապցի իրաւամբ մեծ եւ դիւանագէտ եկեղեցական մը եղած է, կարցած է այն շփոթ ժամանակներուն մէջ ազատել Երուսաղիմայ հայոց վանքին իրաւունքները, դիւանագիտութեամբ եւ կաշառքով, կրցած է կախաղանէն ազատիլ եւ իր նրբամտութեամբ յաջողապէս վարել Պոլսոյ, Երուսաղիմայ եւ Էջմիածնայ երրեակ աթոռներն ալ։ Իր դիւանագիտական տաղանդին ապացոյցն է իր մէկ կոնդակը, որուն մէջ կը խօսի այն ատենուան Իսմայիլ Փաշայի մասին, այդ կոնդակը գտանք Օրթագիւղի Անտօնեան Միաբանութեան մատենադարանին մէջ, ուր ազնուութիւնը ունեցան մեզի թոյլատրել լուսանկարելու վանքին առաջնորդը Գեր․ Հ․ Ռաֆայէլ Թ․ Ծ․ Վ․ Միասէրէն։

Այս մասին մեզի թանկագին աջակից ունեցանք վանքին դիւանապետը եւ մատենադարանագէտը՝ Հ․ Սահակ Վ․ Սրապեան։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Պատմ․ Ս․ Երուսաղիմայ» Ա․ հատոր
  • «Պատմութիւն» Չամչեան Դ․
  • «Ջամբռ Սիմէօն Կաթողիկոսի» Էջմիածին
  • «Հանդէս Ամսօրեայ» 1910 Յունիս Տ․ Թորգոմեան
  • «Ստուերք հին օրերու» Մրմրեան
  • «Հայկական տպագրութիւն» Լէօ Ա․ հատոր
  • «Պատմ․ Երուաղէմի» Հաննա
  • Իր կոնդակը
  • «Կենսագրութիւն երեւելի առանց» Բ․ հատոր Վենետիկ 1839
  • «Թորոս Աղբար» Բ․ հատոր էջ 400-407
  • «Բնաշխարհիկ բառարան» Էփրիկեան
  • «Ստորագրութիւն Էջմիածնի» 1812 Ա․ Հատոր

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել