Ջահակիր (Գահիրէ)

թերթ

Ջահակիր, ազգային, գրական, ընկերային շաբաթաթերթ, Գահիրէ (Եգիպտոս

Ջահակիր
Tchahagir
Տեսակ թերթ
Հիմնադրուած է 1948
Հրատարակման վայր Գահիրէ

Ջահակիր շաբաթաթերթի Նոր Շրջանին առաջին թիւը լոյս տեսած է 1963 Նոյեմբեր 7-ին, Սարգիս Պալաեանի նախաձեռնութեամբ։ Շաբաթաթերթը ունեցած է Հնչակեան ուղղութիւն, առանց ըլլալու կուսակցութեան օրգանը։

Մինչեւ 1989 Յունիս 8 (թիւ 1185) սեփականատէր խմբագիրը եղած է Սարգիս Պալաեան, արտօնատէրը` Այտա Սերովբեան (Սարգիս Պալաեանի կողակիցը)։

1979-ի կէսերուն Սարգիս Պալաեան բնակութիւն կը հաստատէ Գանատա։ Յաճախակի այցելելով Գահիրէ, ան քանի մը տարի եւս կը շարունակէ հետեւիլ խմբագրական աշխատանքներուն։ 1979-ի կէսէրուն համախմբագիր կը նշանակուի իր եղբայրը` Զաւէն Պալաեան, որ ստանձնելով խմբագրութիւնը կը շարունակէ իր պաշտօնը մինչեւ վերջնական մեկնումը Գանատա 1989 Յունիս 10-ին։

1989 Յունիս 22-ին (թիւ 1186) Ջահակիր կը սկսի լոյս տեսնել երկու շաբաթը մէկ անգամ եւ այսպէս կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Այդ թուականէն մինչեւ 1989 Սեպտեմբեր 28 (թիւ 1193) խմբագիրը կը հանդիսանայ Աւետիս Մովսէսեան, արտօնատէրը` Այտա Սերովբեան (1979-ին ամուսինին հետ մեկնած էր Գանատա)։

1989 Հոկտեմբերին Ջահակիրի պատասխանատուութիւնը կ'անցնի Գահիրէի Հայկական Ընթերցասրահին եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ մինչեւ այսօր, յաջորդաբար ունենալով հետեւեալ կազմերը.

  • 26 Հոկտեմբեր 1989, թիւ 1194 – 1 Ապրիլ 1993, թիւ 1272, խմբագիր եւ տնօրէն` Աւետիս Մովսէսեան։
  • 14 Հոկտեմբեր 1993, թիւ 1273 – 16 Փետրուար 2012, թիւ 1679, խմբագիր` Աւետիս Մովսէսեան, տնօրէն` Մարտիրոս Պալաեան։

Աւետիս Մովսէսեան լուրջ հիւանդութեան պատճառով անկարող կ'ըլլայ շարունակել խմբագիրի պաշտօնը։ Ջահակիր կը շարունակէ լոյս տեսնել հետեւեալ կազմով.

  • 8 Մարտ 2012, թիւ 1680 – 1 Հոկտեմբեր 2015, թիւ 1750, խմբագիր եւ տնօրէն` Մարտիրոս Պալաեան։
  • 15 Հոկտեմբեր 2015, թիւ 1751 – մինչեւ այսօր, խմբագիր եւ տնօրէն` Մարտիրոս Պալաեան, խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան։

«Ջահակիր»ի աշխատակիցներէն եղած են` Հայկ Ժամկոչեան, Եդուարդ Յակոբեան, Գրիգոր Պասմաճեան, Յակոբ Շահնուր, Արմէն Տատուր, Վարդուհի Տատուր, Տիգրան Գէորգեան, Մկրտիչ Անդրանիկ, Հայկ Աւագեան, Յովսէփ Նալպանտեան եւ ուրիշներ։

«Ջահակիր»ի Նոր Շրջանը ունեցած է երեք Յաւելուածներ.

  1. «Մարզական-երիտասարդական ամսօրեայ յաւելուած», սեփականատէր խմբագիր` Սարգիս Պալաեան, արտօնատէր` Այտա Սերովբեան։ Լոյս տեսած է եօթը տարի, ընդամէնը` 79 թիւ. 29 Յունուար 1966, թիւ 1 (114) - 28 Դեկտեմբեր 1972, թիւ 79 (459)։
  2. «Ծիծեռնակ», եռամսեայ երաժշտական յաւելուած Ջահակիր շաբաթաթերթի, խմբագիր` Հայկ Աւագեան, տնօրէն` Մարտիրոս Պալաեան։ Լոյս տեսած է ութ տարի, ընդամէնը` 29 թիւ. Յունուար 2001, Ա. տարի, թիւ 1, - Յունուար 2008, Ը. տարի, թիւ 1 (29)։
  3. «Ջահակիր»ի Յաւելուածներու մատենաշար։ Առաջինը լոյս տեսած է` 2016 Ապրիլ 21-ին։ Կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Սուրէն Ն. Պայրամեան, «Հայ մամուլը Եգիպտոսի մէջ. մատենագիտական ցուցակ», Գահիրէ, 2005, էջ 262-269։
  2. «Ջահակիր»ի նոր շրջանի 55-ամեակին առիթով. «Ջահակիր»ի նոր շրջանի խմբագիր-տնօրէնները», «Ջահակիր», 15 Նոյեմբեր 2018, թիւ 1828, էջ 2։