Ռամլայի ճակատամարտ, ռազմական ընդհարում Երուսաղէմի թագաւորութեան խաչակիրներու եւ Եգիպտոսի մէջ իշխող ֆաթիմեան հարստութեան միջեւ 17 մայիս 1102-ին։ Ռամլա քաղաքը Երուսաղէմէն Ասկալոն տանող ճանամբուն վրայ կը գտնուի։ Ասկալոնը հետագային Պաղեստինի ամենամեծ Ֆաթիմեան ամրոցներէն մէկը դարձաւ։ 1099-1107 թուականներուն ֆաթիմեան վեզիր հայազգի ալ-Աֆտալը Ասկալոնէն իր յարձակումները կ՛իրականացնէր նորաստեղծ խաչակրաց թագաւորութեան վրայ։ Երկու զօրքերը Ռամլայի մէջ երեք անգամ կը հանդիպին՝ 1101, 1102 եւ 1105 թուականներուն։ Այս հանդիպումներէն վերջինը ամենաարիւնարբու հանդիպումը կը համարուի։
Սխալ հետախուզութեան հետեւանքով, խաչակիրներու հրամանատար Պալդուին I-ը թերագնահատեց եգիպտական զօրքը, որուն թիւը մինչեւ 10000 կը հասնէր: Մինչդեռ ան 500 հեծեալով անոնց դէմ դուրս մարտի դաշտ դուրս եկաւ։ Արդէն ուշ էր իր սխալը զգալու եւ փախուստի դիմելու։ Զինուորներու մեծ մասը կոտորուեցան, իսկ Պալդուին քանի մը փրկուածներու հետ Ռամլայի աշտարակը շրջափակեց, բայց եւ ան կրցաւ փախուստի դիմել եւ դուրս գալ աշտարակէն։ Ան արագօրէն ութ հազարանոց զօրք մը կազմեց՝ Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն ժամանած խաչակիրներով: Նոր զօրքով Յաֆֆա հասնելով, ան կրցաւ ճեղքել եգիպտական ճակատը եւ ստիպել վերջիններուս դէպի Ասկալոն փախչիլ: