Ռայտեն` Ամպրոպի աստուածը
Ռայտեն, Ամպրոպի ճափոնական աստուածը, որ կը տիրապետէ կայծակին վրայ[1]։
Ռայտեն` Ամպրոպի աստուածը | |
---|---|
|
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելՌայտենի կերպարին շուրջ կը նկատուին դարձող պզտիկ թմբուկներ: Այս ձեւով է, որ ճանչցուած է Ռայտենը: Երբ ան իր թմբուկներուն կը զարնէ, որոտումին ձայները կ'արձագանգեն եւ կայծակները կը փայլատակեն[2]:
Ռայտեն յաճախ կը յայտնուի իր երկուորեակ եղբօր` Ֆուժինի հետ, որ հովու աստուածն է, սակայն միաժամանակ` Ռայտենի ամէնէն ոխերիմ թշնամին: Ֆուժին ունի կարմիր մազեր եւ մարմինը ծածկուած է ընձառիւծի մորթով:
Ռայտենի կ'ընկերակցի նաեւ փոքրիկ անասուն մը` Ռայժու, որ կրնայ տարբեր կերպարանքներ ստանալ` թռչող կրակէ գնդակ մը, կատու, կապիկ[3]:
Անուանում
ԽմբագրելԱնոր անունը կազմուած է «Ռայ»է, որ ճափոներէն կը նշանակէ որոտ, եւ «տեն»է, որ կը նշանակէ կայծակ: Զայն կ'անուանեն նաեւ Ռայ-ժին. «ժին», այսինքն` աստուած: