Ռոժէ Կարպիս Ջրբաշեան
Ռոժէ Կարպիս Ջրբաշեան (ծնած էր 1925-ին, վանեցի ընտանիքի յարկին տակ: Մահացած է 17 Յուլիս 2019 Ֆրանսա, Փարիզ):Ազգային գործիչ, բարերար: Թունդ հայրենասէր, միշտ օժանդակած է Ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանին։ ֆրանսահայ գաղութի նահապետներէն էր:
Ռոժէ Կարպիս Ջրբաշեան | |
---|---|
Ծնած է | 1925 |
Մահուան վայր | Ֆրանսա, Փարիզ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | Ազգային Բարերար |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՌոժէ Կարպիս Ջրբաշեան երկար տարիներ եղած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի կարեւորագոյն անդամներէն։ 1995-ին մաս կազմած է փարիզեան պատուիրակութեան՝ Գարեգին Ա. կաթողոկոսի ընտրութեան առթիւ։
Ռոժէ Կարպիս Ջրբաշեան ամենէն հին անդամն էր Հայց. եկեղեցւոյ Փարիզի Կրօնական ընկերակցութեան, ուր երկար տարիներ ստանձնած է զանազան պաշտօններ։ Ան հանդիսացած է նաեւ եկեղեցւոյ Պատգամաւորական ժողովի առաջին նախագահը։
Ինք էր նուիրատուն Խալաթեանի ստեղծագործած եռափեղկ որմնային քանդակին (Աւարայր, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ցեղասպանութիւն), որ զետեղուած է Փարիզի եկեղեցւոյ բակի պատերէն մէկուն վրայ։
Տոքթ. Սերժ Սիմոնեանի հետ՝ նոյնպէս ինք էր, որ նախաձեռնողը եղած էր Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ վարժարանի կառուցման, 1978-ին։
Փարիզեան Շարանթոն արուարձանի գլխաւոր զբօսայգիներէն մէկուն մէջ բարձրացուած խաչքարն ալ ինք նուիրած էր եւ որու հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 1996 Ապրիլ 24-ին։
Էջմիածնի մայր տաճարի զանգակներուն նուիրատուն ալ ինք էր։
« Comptoir Commercial d'Orient » վաճառական ընկերութիւնը
ԽմբագրելՌոժէ Կարպիս Ջրբաշեանի՝ իր ազգին ու Էրգիրին փարումին լաւագոյն օրինակներէն է նաեւ հետեւեալը. ան 1947-ին հիմնած էր « Comptoir Commercial d'Orient » վաճառական ընկերութիւնը, որ գլխաւորաբար չոր միրգերու վաճառքով կը զբաղի։ Այդ ծիրին մէջ, յաջողած էր Թուրքիայէն ներածուած չոր ծիրանի ծրարներուն վրայ՝ «Ծիրան՝ Հայաստանի. հողեր, որոնք այսօր գրաւուած են Թուրքիոյ կողմէ» պիտակը աւելցնելէ ետք՝ վաճառել ֆրանսական շուկայի հանրախանութներու մեծագոյն ցանցերէն մէկուն։
«Յառաջ»-ի, նաեւ «Նոր Յառաջ» յօդուածագիր
ԽմբագրելՌոժէ Կարպիս Ջրբաշեան բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է յատկապէս Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի», Արփիկ Միսակեանի «Յառաջ»-ի, նաեւ «Նոր Յառաջ»-ի թերթերուն մէջ։