Ռոպեր Քոփթաշ (թրք.՝ Rober Koptaş, ծնած է 10 Օգոստոս 1977, Պոլիս)՝ պոլսահայ մտաւորական, խմբագիր, հրատարակիչ։

Ռոպեր Քոփթաշ
Ծնած է 10 Օգոստոս, 1977
Ծննդավայր Պոլիս
Քաղաքացիութիւն Թուրքիա
Ազգութիւն հայ
Մասնագիտութիւն պատմաբան, լրագրող
Աշխատավայր Խմբագիր, հրապարակախօս
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր

Ծնած է 10 Օգոստոս 1977-ին, Պոլիս, որպէս զաւակը սեբաստացի Յակոբջան ու Մարիձա Քոփթաշ ամոլի։

Ան իր կրթութիւնը ստացած է Լուսաւորիչեան վարժարանի, Գարակէօզեան որբանոցի ու Ս․ Խաչ դպրեվանքի մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Մարմարայի համալսարանի աշխատանքի տնտեսագիտութեան եւ արդիւնաբերական յարաբերութիւններու ճիւղէն։ Յետբարձրագոյն կրթութիւն ու մագիստրոսի կոչում ստացած է «Պողազիչի» համալսարանի պատմութեան բաժնէն։

Համալսարանական տարիներէն սկսեալ աշխատած է «Արաս» հրատարակչատան խմբագրութեան մէջ։ 2006-էն սկսած էր յօդուածներ ստորագրել «Ակօս»ին մէջ, ուր սկսաւ աշխատիլ 2008-էն վերջ։ 2010-ին, Էթիէն Մահչուպեանէն ետք, ստանձնեց թերթի խմբագրի պաշտօնը[1], զոր վարեց մինչեւ 2015-ը ու փոխանցեց Եդուարդ Տանձիկեանին։

2015-էն մինչեւ յունիս 2023 թուականը վարած է «Արաս» հրատարակչութեան ընդհանուր խմբագիրի պաշտօնը։

Ունի դուստր մը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել