Ռուսականացման Քաղաքականութիւնը Հայոց Դէմ

Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը ունէր մէկ նպատակ, որն էր հասնիլ տաք ջուրեր (Միջերկրական Ծով), որուն պստճառով ալ ան որոշում տուաւ իր իշխանութեան տակ գտնուող բոլոր ոչ-ռուս ազգերը ձուլել (Ռուսականացման Քաղաքականութիւն) եւ զանոնք օրթոտոքս դարձնել դիւրաձնելու համար իր նպատակնին հասնելու աշխատանքները, սակայն այս գործողութեան ամէնայ մեծ զոհը դարձան հայերը։

1836-էն սկսեալ հայերը ուրախ էին, որովհետեւ ինքնավարութեան իրավունքը պիտի ունենային քրիստոնեայ երկրի մը իշխանութեան տակ, սակայն անոնց յոյսերը ի թերեւ յայտնաբերուեցան. ռուսերը հայերուն տուին Պոլոժենիա անունով կրթական իրաւունքներ, որով արեւելահայերը իրաւունքներ ունէին դպրոցներ բանալու, տպարաններ հիմնելու եւ թերթեր հրատարակելու. այս մէկը զարգացումի առիթ տուաւ, որմէ ետք սկսաւ մտաւոր զարթօնքը։ Սակայն ռուսականացման քաղաքականութեան հետեւող ցարական իշխանութիւնը գոհ չմնաց հայութեան այս վիճակէն ու որոշում տուաւ հայկական դպրոցները եւ մատենադարանները փակելու, արգիլելու հայերէնի դասաւանդութիւնը եւ հայութիւնը ճնշումի տակ դնելու համար. շնորհիւ հայուն ուժեղ կամքին, հայ աշակերտը տուներուն մէջ իսկ սորվեցաւ հայերէն լեզունն ու գրականութիւնը։ Ցարական կառավարութիւնը վերաբացաւ հայկական դպրոցնրը։

Հայ Եկեղեցւոյ Գոյքերու Բռնագրաւումը

Խմբագրել

Նոյն ժամանակամիջոցին լրտեսական իսկական կազմակերպութիւն մը հաստատուեցաւ հայ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան շուրջ։ Ռուս թերթերուն մէջ հակահայ գրգռութեան պայքար մը մղուեցաւ՝ կառավարութեան ներշնչումով։ Անդրկովկասի վարժարաններուն մէջ ընդունուելու սեղմումներ հաստատուած էին հայերու հանդէպ։ Ռուսերու առաջին որոշումին ձախողութեան մէջ մեծ դեր խաղացած էր էր եկեղեցին, որուն պատճառով երկրորդ հարուածը փորձեցին ուղղել եկեղեցիին, ու 1903-ին հրահանգ տուաւ եկեղեցական գոյքերու գրաւման։

Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան փորձեց ունկնդրութիւն մը խնդրել Նիկոլա Բ.-էն։ Ներքին գործոց նախարարը զինք գլխէն նետեց բրտօրէն։

Այս բոլորը ընդհանուր ընդվզում յառաջ բերին հայ բնակչութեան մէջ։ Բազմաթիւ գիւղերու մէջ հայ գիւղացիները զինեալ ընդդիմութիւն ցոյց տուին իրենց կրօնական սրբատեղիներու բռնաբարման դէմ։ Ռուս ոստիկանութիւնը եւ զօրամասերը միջամտեցին եւ բազմաթիւ վայրերու մէջ սպաննութիւններ տեղի ունեցան։ Էջմիածնի մէջ ռուսական զօրքերը շրջապատեցին հնադարեան վանքը, կաթողիկոսի աթոռը եւ պահանջեցին տաճարին եւ գանձերուն բանալին։ Մկրտիչ Խրիմեանի Կորովի մերժումին վրայ՝ ռուսերը բռնի ուժով ներս մտան դուռերը խորտակելով։ Այս դէպքերուն եւ այս դիրքին հետեւանքներէն մէկը այն եղաւ, որ ազգային շարժում մը առաջ եկաւ հայ քաղքենի դասակարգին մէջ։

Հայ յեղափոխական շրջանակները, գլխաւորութեամբ դաշնակցութեան, այս դէպքերուն ընթացքին վճռաբար կեցան եկեղեցիին կողքին եւ զինեալ դիմադրութիւն մը կազմակերպեցին ցարական իշխանութեան բռնագրաւումներուն դէմ։ Ոչ սովորական տեսարան մը պարզուեցաւ. հայ յեղափոխական մարտիկներ, որոնք նախապէս անաստուած կը դաւանէին իրենք զիրենք, այժըմ մէկը միւսին ետեւէն կը զոհուէին եկեղեցիին դրան առջեւ, բռնագրաւումէ պաշտպանելով եկեղեցական գոյքերը։

1905-ի Ջարդերը

Խմբագրել

Ցարական կառավարութիւնը, տկարացած ռուսեւճափոնական պատերազմէն եւ յեղափոխական խմորումէն, որ զգալի կը դառնար ամբողջ Ռուսիոյ մէջ՝ Մանչուրիոյ ձախողանքներուն հետեւանքով, շատ չանցած որոշեց ջարդերու դիմել, սակայն ուրիշներու ձեռքով, հայկական դիմադրութիւնը խորտակելու համար։

Թաթար հորդաներ, ռուս իշխանութեանց միջոցով զինուած, Անդրկովկասի հայոց դէմ հանուեցաւ 1905-ի Փետրուարին։ Ամէնէն կարեւոր կոտորածներն ու թալանը տեղի ունեցան Պաքուի մէջ, Փետրուարի կէսերուն։ Քանի մը թաթար մտաւորականներ, օրինակ նշանաւոր Աղայեւ, որ ապագային կարեւոր դեր մը խաղաց համաթուրանական շարժման մէջ, հլու գործիքները դարձան ռուսական իշխանուլեանց, որոնզմէ պաշտօն ստացած էին ջարդերը կազմակերպելու։ Երբ ջարդերը սկսան, ռուս իշխանութիւնները, մեղսակից ջարդարարներուն, մերժեցին միջամտել եւ ոստիկանութիւնն ու զինեալ ուջերը իրենց զօրանոցներուն մէջ փակուած պահեցին, ազատ ասպարէզ տալու համար թաթարական մոլեռանդութեան։

Ցարական վարիչներու խմբակին նպատակն էր փշրէլ հայոց դիմադրութիւնը՝ ռուսացման քաղաքականութեան դէմ, անոր յիշեցնել տալով, թէ կ’ապրէին վտանգաւոր շրջապատի մը մէջ, պաշարուած մոլեռանդ մահմետական տարրերով եւ Ռուսիան մէկն էր, որ կրնար երաշխաւորել իրենց ապահովութիւնը, պայմանաւ որ այսուհետեւ խոնարհ աղաչաւորի դիրքին մէջ մնան Ռուսիոյ հանդէպ։