Սամուէլ Գունտագճեան

Սամուէլ Յարութիւն Գունտագճեան (հաւանաբար 1875, Հասան Պէյլի, Ատանայի նահանգ - 1914), հայ բժիշկ։

Սամուէլ Յարութիւն Գունտագճեան
Ծնած է 1875
Ծննդավայր Հասան Պէյլի, Ատանայի նահանգ
Մահացած է 1914
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Ծնած է հաւանաբար 1875 թուականին Ատանայի նահանգի Ճէպէլ-Պերեքեթի գաւառի Հասան Պէյլի գիւղին մէջ, աւետարանական ընտանիքում։ Հայրը, պապը եւ նախնիները եղած են հրացանի խզակոթ պատրաստող վարպետներ՝ գուդակչիներ եւ զինագործներ։ Ֆիլիպ Գունտագճեանի (Յովնանեան) աւագ եղբայրն է։

Սամուէլ Գունտագճեանը բարձրագոյն բժշկական կրթութիւն է ստացած արտասահմանի մէջ (հաւանաբար Ֆրանսայի մէջ)։ Հասան Պէյլիի մէջ աշխատած է որպէս բժիշկ։ Ունեցած է երեք որդի՝ Լիւդֆկ, Ասատուր, Բիւզանդ։

1914 թուականին մէկ ամիս բուժած է մի թուրք փաշայի կնոջ կոտրուած ոտքը (ձեռքը)։ Վերջաւորութեան փաշան հարցուցած է. «Լեաւո՜ւր, ազգանունդ ի՞նչ է», եւ իմանալով, որ բժիշկը հայ զինագործներու գերդաստանէն է, զայրացած է ու եաթաղանի մէկ հարուածով կտրած գլուխը, ոտքով հրած իրմէ հեռու։ Հարազատները բժիշկի մարմինը թաղած են առանց գլուխի, որն այդպէս ալ չեն գտած[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Տեղեկութիւնները վերցուած են Սամուէլ Գունտագճեանի թոռան` երեւանաբնակ թուրքագէտ եւ ազգագրագէտ Քեթի Ասատուրի Գունտագճեանի պատմածիէն, 1201-2009։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։