Սարգիս Այվազեան

Սարգիս Այվազեան ( Եագուպ Զագըր)
Քաղաքացիութիւն Պոլսեցի
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Կարողութիւն Պանդուխտ, յեղափոխական, կղերական եւ փախստական հայերուն մեծապէս օգնած է նիւթապէս ու բարոյապէս

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սարգիս Այվազեան (ճանչուած որպէս Եագուպ Զագըր).-- Բնիկ Պոլսեցի։ Պէյրութ հաստատուած 1895-ին։ Պանդուխտ, յեղափոխական, կղերական եւ փախստական հայերուն մեծապէս օգնած է նիւթապէս ու բարոյապէս զանոնք արրտասահման (Ամերիկա, Եգիպտոս, Եւրոպա) փախցնելով։ Ժողովուրդէն շատ սիրուած էր եւ ինչպէս ըսինք ճանչուած՝ Զագըր անունով։ Պէյրութ մեռաւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին։ [1]

Ծանոթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 246։