Սարգիս Չէլէպի Տիւզ
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Սարգիս Չէլէպի Տիւզ, (15 Հոկտեմբեր 1777 - 2 Հոկտեմբեր 1819)։
Սարգիս Չէլէպի Տիւզ | |
---|---|
Ծնած է | 15 Հոկտեմբեր 1777 |
Մահացած է | 2 Հոկտեմբեր 1819 (41 տարեկանին) |
Սարգիս Չէլէպի ծնած էր 1777 Հոկտեմբեր 15-ին եւ իր եղբօր Գրիգոր Չէլէպիի հետ 1812-ին արքունի ոսկերչապետ անուանուեցաւ։ 1817 Յունուար 27-ին ամուսնացաւ Տր․ Պօղոս Շաչեանի աղջկան՝ Օր․ Սրբուհիի հետ։
Սարգիս քաջ մական կը խաղար եւ նետաձգութեան մէջ արտաքոյ կարգի յաջող էր: Այս խաղերն ալ թագաւորին հաճելի ըլլալուն, արտօնուած էր Սարգիսին, որ ասոնցմով զուարճացնէ Սուլթանը։
1819 Օգոստոս 27-ին Գրիգոր եւ Սարգիս Չէլէպիները բանտարկուեցան փողերանոցին մէջ։
Պոստանճը պաշին զինուորներով Տիւզեանց ապարանքը կը մտնէ եւ սարսափած կիները եւ տղաքը ամէնը 18 հոգի, ամէն բանէ զուրկ նաւակի մը մէջ դնելով Հայոց Պատրիարքարան կը ղրկէ։ Իսկ պալատի կահ կարասիէն եւ 40 միլիոն ղրուշի գոհարեղէնը աճուրդով կը ծախուի, մաս մըն ալ կը կողոպտուի։
Քանի մը օր ետք Տիւզեաններու պալատը կրկին քննուելու ժամանակ, կը տեսնեն որ պալատին մէջ մատուռ ունէին, քանի որ կրօնական խնդիրներու բերմամբ, առանձին եկեղեցի չէին կրնար ունենալ։
Եւ ինչպէս կը տեսնենք մահավճիռին մէջ, Տիւզեանց մահուան դատապարտուելու մէկ այլ պատճառն ալ իրենց հռոմէական ըլլալն էր «խանէլէրինտէ տախի քիլիսա պինա իտուպ քաթոլիք փափազլէրի կէթիրէրէք փահի թահթի սալթանաթ սէնիեէտէ ալանէն իճրաի այնի պաթալէ իլէ ճէսարէթ․․․»
Հալէթի համար լաւ առիթ մըն էր ասիկա եւ թէեւ Տիւզեանց աճուրդի հանուած կահ կարասին դրամագլուխէն աւելի էր, բայց ամէն միջոց ի գործ դրաւ անոնց մահուան վճիռը առնելու համար, թէեւ Սուլթանը իրագործումէն ժամ մը վերջ զղջաց եւ մարդ հասցուց հրամաը ետ առնելու համար, բայց ի զուր, նախկին հրամանը արդէն գործադրուած էր։
Երեք եղբայրերը՝ Սարգիս, Գրիգոր եւ Միքայէլ Չէլէպիները եւ հօրեղբօրորդինին Մկրտիչ Չէլէպի բանտին մէջ համբերութեամբ կը սպասէին, երբ գիշեր մը 1819 Հոկտեմբեր 2-ի սեւ գիշերը, Պօստանճի պաշին ներս մտաւ եւ իրենց կարդաց վճիռ մը, որով անոնք պիտի աքսորուէին Արշիպեղագոսի կղզիներէն մին։
Իբրեւ թէ զիրենք փողերանոց կը տանէին հաշիւնին գոցելու համար: Հազիւ հասան փողերանոցի քովի հրապարակը, դահիճը ծառի մը ետեւէն դուրս կ'ելլէ եւ երկու եղբայրներուն՝ Գրիգորի եւ Սարգիսի ձեռքերէն բռնելով կը տանի արքունեաց դուռը ու հոն կը կտրէ նախ Գրիգոր Չէլէպիի գլուխը․ Սարգիս Չէլէպի թէեւ կ'ընդդիմանայ սկիզբը, բայց տեսնելով եղբօր արիւնը, ինքն ալ ծունկի կուգայ եւ իր ալ գլուխը կը կտրեն, յետոյ գլուխները դրան երկու կողմի խոռոչներուն մէջ կը դնեն, ուր սովորաբար պէյերու եւ մեծամեծներու գլուխները կը դրուէր եւ ուր իրենցմէ քիչ առաջ դրուած էր նաեւ իրենց Ապտիւլրահման պէյ բարեկամին գլուխը։