Սարգիս Սիւնգիւճեան

Սարգիս Սիւնգիւճեան (15 Օգոստոս 1870, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն - 1915, հայ բժիշկ։

Սարգիս Սիւնգիւճեան
Ծնած է 15 Օգոստոս 1870(1870-08-15)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Այլ անուններ Սարգիս Սուին
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Կ. Պոլ­սոյ պատրիարքարան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1870 թուականի Օգոստոս 15-ին, Կոստանդնուպոլիս։ Մասնագիտութեամբ եղած է գանկաբան եւ դիմագէտ։ 1900-ական թուականներուն տպագրած է Վառնայի «Իրա­ւունք» եւ Կ. Պոլսոյ «Ժա­մա­նակ» թերթերունմէջ։ Կրած է Ս.Ս., Սուին Ս., Սարգիս Սուին, Սուին Սարգիս, *** ծածկանունները։ Կարեւոր պաշտօններ է վարած Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանէն ներս, ինչպէս՝ պատրիարքարանի քարտուղարութիւն, ընտրուած Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ։ 1909 թուականի Կիլիկիոյ կոտորածներէն ետք այցելած է աղէտի վայրերը եւ Կ. Պոլսոյ մէջ կազմակերպած՝ վերապրած որբերու ու այրիներու օժանդակութեան աշխատանքը, պատրիարքարանի ծիրէն ներս։

Սպանուած է 1915 թուականին՝ 45 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Օտեան Երուանդ, Մեր երեսփոխանները, Մեր Ազգային ժողովը, Երեւան, 1999։
  • Յովակիմեան Բախտիար, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ գործիչների ծածկանուններ, Երեւան, 2002։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։