Սեդա Ադամեան-Իսրայէլեան, (1933, Թեհրան, Իրան), պարսկահայ գրող, գեղանկարիչ,

Սեդա Ադամեան
Ծնած է 1933
Ծննդավայր Թեհրան, Իրան
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն դասական եւ գերիրպաշտ նկարիչ, մանկավարժութիւն, հոգեբանութիւն
Աշխատավայր աշակերտական նկարահանդէսներ, թատերական գործունէութիւն

Նախնական կրթութիւնը ստացած է «Քէյվան» դպրոցին մէջ։ Իր ուսումը շարունակած է Ֆարհանդէ-Թեհրան միջնակարգ դպրոցը, որու շրջանը աւարտած է գրականութեան բաժնէն։

Մասնաւոր ընդունակութիւն ցոյց տուած է գեղարուեստի մարզին մէջ եւ երկու տարի աշակերտած է հանրածանօթ նկարիչ Տիգրան Բազիլի։ Ապա վկայուած է Թեհրանի գեղարուեստից դպրոցէն, 4 տարի հետեւելով դասական եւ գերիրպաշտ նկարչութեան ճիւղերուն։

Տարիներ վերջ իր ամուսինին քաջալերանքով աւարտած է Թեհրանի Համալսարանի չորս տարուան նկարչական դասընթացքը։ Երկու տարի ալ հետեւած է մանկավարժական եւ հոգեբանութեան ճիւղերուն։ Աւարտած է նաեւ Թեհրանի հայագիտական ճիւղը։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Ուսուցչական պաշտօններ վարած է հայկական եւ պարսկական դպրոցներու մէջ։ Սոյն դպրոցներուն մէջ կազմակերպած է աշակերտական նկարահանդէսներ, նաեւ ցոյց տուած՝ թատերական գործունէութիւն։

Գրականութեամբ զբաղած է 12 տարեկանէն սկսեալ։ Մրցանակի արժանացած է իր առաջին պարսկերէն բանաստեղծութիւնը։

Իր հայերէն բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Արմենուհի» ամսագրին մէջ։ Յետոյ աշխատակցած է «Ալիք» օրաթերթին, «Հուր», «Շիրակ», «Արմենուհի» ամսաթերթերուն եւ «Ազատ Օր» թերթին։[1]

Ծանոթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։