Սելինա Օզուզուն Տողան (թրք.՝ Selina Özuzun Doğan, ծնեալ՝ Selina Özuzun, 1977, Իսթանպուլ, յայտնի է նաեւ որպէս Սելինա Տողան), հայկական ծագումով թուրքիացի կին պատգամաւոր մըն է։ Ան վերջին 60 տարիներուն առաջին անգամ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողով մտած առաջին հայերէն է[1]։

Սելինա Տողան
թրք.՝ Selina Doğan
Ծննդեան անուն թրք.՝ Selina Özuzun
Ծնած է 3 Մարտի 1977
Ծննդավայր Իսթանպուլ
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Կալաթասարայի Համալասարան
Մասնագիտութիւն Իրաւաբան
Վարած պաշտօններ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ
Անդամութիւն Թուրքիայի Ազգային մեծ ժողով?
Կուսակցութիւն Հանրապետական ժողովրդավարական կուսակցութիւն
Ամուսին Էրտալ Տողան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1977 թուականին Իսթանպուլին մէջ[2]։ Սորված է Իսթանպուլին ֆրանսական Lycée Notre Dame de Sion աւագ դպրոցը, ուր միջնակարգ կրթութիւն ստանալէն ետք ան Կալաթասարայի համալսարանէն ուսանած է իրաւաբանութիւն։ Այնուհետեւ Իսթանպուլի Պիլկի համալսարանէն ներս ստացած է մակիսթրոսի աստիճան[2]։

Իր մասնագիտական գործունէութիւնն սկսած է իբրեւ իրաւաբան՝ իրաւաբանական կազմակերպութեան մը մէջ[2]։

Իբրեւ Ժողովրդա-հանրապետական Կուսակցութեան (թրք.՝ Cumhuriyet Halk Partisi) անդամ, 2016-ին ընտրուած է Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովին պատգամաւոր:

Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել