Սեպուհ Ութուճեան

Սեպուհ Ութուճեան (1840, Կ. Պոլիս - 1934, Կ. Պոլիս), հայ բժիշկ, արեւադարձային վարակիչ հիւանդութիւններու մեծ մասնագէտ։

Սեպուհ Ութուճեան
Ծնած է 1840
Ծննդավայր Կ. Պոլիս
Մահացած է 1934
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Կրթութիւն Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Կոչում Միրալա (փոխգնդապետ)
Աշխատավայր Կ. Պոլսոյ Հայտարփաշայի զինուորական հիւանդանոց

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1840 թուականին Կ. Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրին մէջ։ 1859-64 թուականներուն սորված է Կ. Պոլսի Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանէն ներս՝ աւարտելով ստացած է հրամանատարի աստիճան։

1864-95 թուականներուն՝ Եմէնի եւ Արաբիոյ մէջ գտնուող, Օսմանեեան բանակին մէջ իբրեւ բժիշկ ծառայած է՝ հրամանատարի աստիճանով։ 1895 թուականին կառավարիչի զինուորական աստիճանով ծառայած է Լիպիոյ Տրիպոլիս քաղաքին մէջ։ 1908 թուականին Կ. Պոլսոյ Հայտարփաշայի զինուորական հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ եզած է՝ միրալայի (փոխգնդապետ) աստիճանով։

1915 թուականին՝ Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին, Էնվեր փաշայի հրամանով հեռացուած է ծառայութենէն եւ թոշակի ուղարկուած է։ Եղած է արեւադարձային վարակիչ հիւանդութիւններու մեծ մասնագէտ։

Մահացած է 1934 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ՝ 94 տարեկան հասակին, թաղուած՝ Կ. Պոլսոյ Պաղլարպաշըի հայկական գերեզմանատան մէջ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։