Սերկեւիլ
Սերկեւիլը կը պարունակէ Vit. C եւ B, փէքթինային նիւթեր, տապաղանիւթեր, բջջաթաղանթ եւ մրգաթթուներ: Սերկեւիլը ունի լաւ արտայայտուած միզամուղ յատկութիւն, օգտակար է սրտի եւ երիկամունքի հիւանդութիւններու ժամանակ: Անոր մէջ քիչ է շաքարի պարունակութիւնը, ինչ որ օգտակար է շաքարախտ ունեցող հիւանդներուն:
Պարունակած բարձր փոթասիումի շնորհիւ, ան ունի միզամուղ յատկութիւն: Սերկեւիլը, պարունակած թանինի շնորհիւ կարեւոր է յատկապէս ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու, փորհարութեան բուժման համար։ Անոր կուտերու եփուկը ունի խորխաբեր յատկութիւն, իսկ կուտերէն ստացուած լորձը կ'օգտագործուի այրուածքներու, մորթային ճաքերու բուժման համար: Անոր տերեւները կը պարունակեն բաւարար քանակով ֆիթոցիտներ, հետեւաբար մորթային հիւանդութիւններու ժամանակ կ'օգտագործուին անոր եփուկը թրջոցներու ձեւով:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Ճիշդ Անունդ՝ Առողջ Կեանք, Բժշկուհի Գոհար Վարդանեան, էջ 61: