Սեւ յունուար (ազրպ.՝ Qara Yanvar), կամ Արիւնոտ յունուար (ազրպ.՝ Qanlı Yanvar), խորհրդային կարմիր բանակի կողմէն ազրպէյճանական քաղաքական ընդդիմութիւններու ճնշում, որուն իբրեւ արդիւնք զոհուեցաւ 131-170 մարդ, որոնց մեծամասնութիւնը ազրպէյճանցիներ էին[1]:

Սեւ Յունուար
Ազրպէյճանի խորհրդայնացում
'
Թուական 20 յունուար, 1990
Վայր Կաղապար:Դրօշաւորում/Ազրպէյճանական ԽՍՀ, Պաքու
Արդիւնք ազրպէյճանցի յեղափոխականներու պարտութիւն
Հակառակորդներ
 Ազրպէյճան ազրպէյճանի ծայրահեղականներ Կաղապար:Country data ԽՍՀՄ խորհրդային կարմիր բանակ
Հրամանատարներ
Կորուստներ
131-170 զոհ
700-800 տուժած

Նաեւ վիրաւորուած էին աւելի քան 700 հոգի։ ա Գործողութիւնները տեղի ունեցած են Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան մայրաքաղաք Պաքուի մէջ[1]:

Նախապատմութիւն

Խմբագրել

Ազրպէյճանական արիւնոտ յունուարը տեղի ունեցաւ խորհրդային իշխանութիւններու վերակառուցման դարաշրջանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմքին վրայ։

1989 թուականին Ազրպէյճանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան մէջ «Ժողովրդական Ճակատ» քաղաքական կազմակերպութիւն կը կազմուի, որ իր հերթին Ազրպէյճանի ազգային շարժման ղեկավար դարձաւ[2]:

Ազրպէյճանի ազգային շարժման հիմնական պատճառը Ղարաբաղեան հարցը դարձաւ, որուն պատճառով ալ Ազրպէյճանական ազգայնական, ծայրահեղականներու շարժումը ստեղծուեցաւ։

Ազրպէյճանի ԽՍՀ պաշտօնեայ Այազ Մութալիպովին 25 Դեկտեմբեր 1989-ին Ազրպէյճանի ԽՍՀ-ի առաջին քարտուղար Ապտուռահման Վէզիրովին կոչ ըրած է օգնութիւն խնդրել Խորհրդային Միութեան կենտկոմէն՝ Մոսկուայէն։

Այսկէ ետք, դեկտեմբեր 1989-ին լարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ՝ ԽՍՀՄ եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմանի վրայ։ 4-19 դեկտեմբերին ինկած ժամանակահատուածին մէջ խորհրդային բանակը ձեռնամուխ եղաւ սահմանամերձ ազրպէյճանական բնակավայրերէն բնակչութեան տեղահանման։

Խորհրդային իշխանութիւնները կ՛ըսէին, որ ռազմական գործողութիւնները կը դադրեցուին իրադրութեան հանդարտմանը զուգընթաց։ Սակայն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները սկսան սպառնալիք ներկայացնել ռուսական կառավարութեան։

Պատմութիւն

Խմբագրել

31 դեկտեմբերին ազրպէյճանական ուժերը խախտեցին Իրանի հետ կնքաուած պայմանագիրը եւ սկսան Արաքս գետը անցնիլ։ Լրատուամիջոցներու հաւաստմամբ, Իրանի անկարգութիւններուն ներկայ գտնուած են մօտ 800 մարդ։

10 յունուար 1990-ին տեղի կ՛ունենայ ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահական ընտրութիւններ, որմէ ետք բանաձեւ մը կը սահմանուի։ Ըստ բանաձեւերու, խորհրդային իշխանութիւնները հետեւողական պէտք է ըլլան ԽՍՀՄ սահմաններուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ հատկապէս Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին։

Խորհրդային իշխանութիւնները նաեւ կը նշեն, որ խստօրէն կը դատապարտուին Իրանի հետ սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպը։

Խորհրդային իշխանութիւններու մշտական քննադատութիւնները ազրպէյճանական պաշտօնեաներու զայրոյթի առիթ կու տայ։ Ազրպէյճանի մէջ ծայրահեղական խումբեր կը կազմուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման համար։

Անոնց առաքելութիւնը նաեւ Ազրպէյճանի անկախ պետութեան ստեղծումն էր։ Ազրպէյճանը հատկապէս ոգեշնչուած էր այն միջադէպքով, որ միաւորուած էին Գերմանիոյ Ընկերվարական Հանրապետութիւնը եւ Դաշնային Հանրապետութիւնը եւ քանդուած էր Պեռլինի պատը։

Երբ ջարդերը սկսան, ծայրահեղականներու ձեռքը ինկան հայերու, ռուսերու եւ խառն ընտանիքներու բնակութեան ճշգրիտ հասցէներ։ Ջարդարարներու ձեռքին էին ոչ միայն հասցէները, այլեւ Պաքու քաղաքի քարտէսը, որուն մէջ խաչերով նշուած էին հայահոծ վայրերը՝ զանգուածային սպանութիւններու եւ բռնութիւններու ուղեցոյցը։

Նոյն ժամանակահատուածին մէջ Մոսկուա կ՛որոշէ Ազրպէյճանը պատժելու հարցը եւ որոշում կայացուեցաւ Խորհրդային 2-րդ բաժինի բանակը Պաքու մտցնել՝ Ազրպէյճանի ԽՍՀ-ի մայրաքաղաք։

Խորհրդային բանակը ժամանեց Պաքու, այն ժամանակ, երբ քաղաքի հայ բնակչութիւնը իսպառ վերացած էր եւ զանգուածային արիւնահեղութիւններ կատարուած էին։

Ռուս շատ զինուորներ, առանց հրամանի փրկած են սարսափելի վիճակին մէջ գտնուող Պաքուի հայութեանը եւ ռուսերուն։ Մէկ մասը սպասած է հրամանին, որ շատ ուշացաւ։

20 յունուար 1990-ին Խորհրդային կարմիր բանակը Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատը գրոհեց։ Երկրին մէջ ծայրահեղ ծանր իրավիճակ ստեղծուեցաւ։

Ռուսական զօրքերը Պաքուն շրջապատեցին երեք կողմերէն։ Խորհրդային պաշտպանութեան նախարար Տմիթրի Եազովն կ՛ըսէ, որ խորհրդային զօրքերու թիւը 40 հազարի կը հասնէր։

Խորհրդային բանակը կ՛րցաւ մէկ օրուայ ընթացքին լուրջ վնասներ հասցնել Պաքուի կեդրոնախոյզ իշխանութիւններուն եւ վնասազերծել ազրպէյճանցի ցուցարարներուն։

Ռուսական բանակը կրակ բացաւ նաեւ ոստիկաններու ուղղութեամբ։ 20 յունուար 1920-ին Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան մէջ զոհուեաւ մօտ 131-170 մարդ, իսկ մօտ 800-ը աղետի զոհ դարձան։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Том де Ваал (08 июля 2005 г.)։ «Глава 6. 1988-1990 г.г. Азербайджанская трагедия» (ռուսերեն)։ Русская служба Би-би-си 
  2. ВДВ в конце 80-х — начале 90-х годов. (часть III)

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Чёрный январь. Баку — 1990: Документы и материалы. — Баку: Азернешр, 1990. — 288 с.
  • Qulu Kəngərli. Qara Yanvar Şəhidləri. — Bakı: Gənclik, 1992. — 155 с.

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել