Սինկափուրի Հայերը

Սինկափուրի Հայերը քանակով քիչ եղած են, սակայն ուշագրաւ փոքրամասնութիւն մը համարուած են երկրին զարգացման եւ բարգավաճման գործին մէջ: Սինկափուրը Պարսկահայ վաճառականներու կողմէ հաստատուած վերջին հարաւ-արեւելեան Ասիոյ առեւտրական գաղութը եղած է:

Սինկափուրի հայ համայնքը մօտաւորապէս 40 հոգի կը հաշուէ: Մեծամասնութիւնը գործի համար կու գայ եւ մնայուն կայք չի հաստատեր Սինկափուր: Կու գան, կ'ապրին 3-4 տարի, ապա կը վերադառնան իրենց երկիրները: Սինկափուր բնակող հայերուն թիւը առաւելագոյնը 5-7 հոգի է: Հայերուն ներկայութիւնը Սինկափուրի մէջ շատ յարգուած է պետութեան կողմէ: Թէեւ հայ համայնքը Սինկափուրի հիմնադրութենէն ետք միշտ փոքր եղած է, բայց կարեւոր դեր խաղացած է: Անցեալին հայերուն կատարած ներդրումներուն եւ ժամանակակից գործունէութիւններու շնորհիւ կառավարութիւնը կը նկատէ զիրենք իբրեւ փոքր, բայց եւ այնպէս արդիւնաւէտ համայնք[1]:

1845-ին Խաչիկ Մովսէս անունով հայ մը  առաջին անգլերէն թերթը կը հրատարակէ` «Տը Սթրէյթս թայմս» անունով, որ մինչեւ օրս կը հրատարակուի եւ շատ մեծ տարածում ունի: Կայ նաեւ «Տը Ռաֆըլս» պանդոկը, որ Սարգիս եղբայրներուն կողմէ շինուած է:

Սինկափուրը հիմնադրուած է 1819-ին Սըր Սթանֆըրտ Ռաֆըլսի կողմէ:

1823-ին 16 հայ կար Սինկափուրի մէջ:

Սինկափուրի մէջ կը գտնուի նաեւ հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ ամէնէն հին եկեղեցիներէն մէկն է:

Աշխէն Յովակիմեանը (Ակնես Ճոագիմ) Սինկափուր ծնած առաջին անձն է, որ խառնածին խոլորց (օրքիտ) ծաղիկի տեսակը աճեցուցած է: Այս ծաղիկը Սինկափուրի ազգային ծաղիկը կը համարուի եւ կը կոչուի «Վանտա միս Ճոագիմ» (Vanda Miss Joaquim):

Հայկական դպրոց գոյութիւն չունի Սինկափուրի մէջ` համայնքին շատ սակաւաթիւ ըլլալուն պատճառով: Այն հայերը, որոնք Սինկափուր կ'ապրին, հայերէն չեն խօսիր ընդհանրապէս: Տեղի ունեցած են նաեւ խառն ամուսնութիւններ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • The Armenians of Singapore: A Short History, Nadia Wright, pages 7-8.(անգլերէն)