Սիրուն Երէցեան

Ամերիկահայ մանրանկարչուհի, սփիւռքի մէջ հանրայայտ «Սիրուն տառեր»-ու՝ հայոց այբուբէնի գեղարուեստական նկարազարդումներու հեղինակը յայտնի է

Սիրուն Երէցեան Ամերիկահայ մանրանկարչուհի, սփիւռքի մէջ հանրայայտ «Սիրուն տառեր»-ու՝ հայոց այբուբէնի գեղարուեստական նկարազարդումներու հեղինակը յայտնի է «Սիրամարգէ տիկինը» անունով: Ան իր վրձինը թաթխած է հայկական բազմադարեան գեղանկարչութեան երանգապնակին մէջ ու բազմաբնոյթ ներշնչումներով՝ գունագեղ պաստառներով հարստացուցած է մեր գեղանկարչութեան կալուածը։

Սիրուն Երէցեան
Ծնած է 1951
Ծննդավայր Պէյրութ
Կարողութիւն Արուեստագէտուհի
Մասնագիտութիւն նկարիչի մասնագիտական կրթութիւն
Գործունէութիւն «Սիրուն տառեր»-ու՝ հայոց այբուբէնի գեղարուեստական նկարազարդումներու հեղինակ
Աշխատավայր Մանրանկարչուհի
Երեխաներ Առնօ Երէցեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մանրանկարչուհի Սիրուն Երէցեանը ծնած է 1951 թուականին՝ Պէյրութ: Ստացեր է նկարիչի մասնագիտական կրթութիւն, հեղինակ է երեք գիրքերու: Ան սփիւռքի մէջ հանրայայտ «Սիրուն տառեր»-ու՝ հայոց այբուբէնի գեղարուեստական նկարազարդումներու հեղինակն է, յայտնի «Սիրամարգէ տիկինը», որ այդ անունը ստացեր է իր արուեստի մէջ սիրամարգեր նկարելուն համար: Սիրուն Երէցեանի հայոց այբուբէնի մանրանկարչական ձեւաւորումները բազմիցս ցուցադրուեր են նշանաւոր ցուցասրահներու մէջ՝ արժանանալով գնահատանքի[1]:

2016-ին, ԱՄՆ-ի մէջ նշանաւոր նկարչուհիի հիւանդութեան դէմ պայքարի մէջ իրեն նեցուկ կանգնելու համար կազմուած խումբը մասնակցեր է Լոս Անճելըսի ALS միութեան կազմակերպած արշաւին, որուն ներկայ եղեր է նաեւ Սիրուն Երէցեանը: Հակառակ անոր, որ 2012-ին նկարչուհիի մօտ ախտորոշւած «Լու Կերիկ» ախտին (ALS), որուն հետեւանքով սայլակով տեղափոխուելու պարտադրուած եւ խօսելու ունակութիւնը կորսնցուցած՝ ան կը շարունակէ ստեղծագործել[1]:

Հրատարակութիւններ՝ Հայկական գլխազարդագիրեր եւ ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել
  • 2011ին լոյս տեսաւ Seeroon Yeretzian գիրքը որ կը ներփակէ նկարչուհիին իւրայատուկ հայկական գլխազարդագիրերը, ինչպէս նաեւ վերջին երեսուն տարուան իր ստեղծագործութիւնները [2]։
  • 2012ին լոյս տեսաւ իր Word Weaving & Black Seat Confessions «ինքնակենսագրական բանաստեղծութիւններու եւ մտերմիկ պատումներ»ու հատորը [3]։

ՍԻՐՈՒՆ ԵՐԷՑԵԱՆԻ «ՍԻՐՈՒՆ ՏԱՌԵՐ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Խմբագրել

5 Փետրուար 2014-ին, «Ապրիլ» գրախանութի կազմակերպութեամբ, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրուն Երէցեանի «Սիրուն Տառեր» Երկու հարիւր յիսուն էջերէ բաղկացած այս գեղատիպ պատկերագիրքի շնորհահանդէսը։ Հանդիսավարն էր արուեստագիտուհիին զաւակը Առնօ Երէցեան։ Գիրքի ներկայացումը կատարեցին Տեարք՝ Վաչէ Մանկրեան եւ Հէրի Մեսրոպեան[4]։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ Տիկին Սիրուն Երէցեանին փոխանցեց իր օրհնութեան ու գնահատանքի գիրը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ՚ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան։ Հանդիսութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը առողջութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Տիկ. Սիրունին եւ գնահատանքով լի շնորհաւորելով «Սիրուն Տառեր» գիրքի հրատարակութիւնը, անոր յանձնեց գնահատանքի եւ օրհնութեան իր գիրը[4]։

Շքանշան

Խմբագրել

2016-ին, Ամերիկահայ նշանաւոր նկարչուհի եւ «Սիրուն Տառեր» ստեղծագործութեան հեղինակ Սիրուն Երէցեանի հիմնադրած «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ, արուետագէտին յանձնուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանը: Շքանշանը անուանի նկարչուհիին յանձնուած է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանի ձեռամբ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել