Սնեփչեթ
«Սնեփչեթ»ը (անգլերէն՝ Snapchat) 2011-ին ի յայտ եկած է եւ տարածուած՝ դեռահասներու շրջանակին մէջ: Անոնք կը գնահատէին այդ յաւելուածին խորհրդապահութիւնը: Ատոր մէջ գրութիւնները կ'անհետանան կարդալէ անմիջապէս ետք, իսկ արձանագրութիւնները` հրապարակելէ օր մը ետք: Ասիկա վերջին համազարկն է Դիմատետրին («Ֆէյսպուք»ին), որ 2012-ին «Ինսթակրամ»ը գնած է 1 միլիառ տոլարով եւ «Սնեփչեթ»ի միջեւ պատերազմին, որ կը մերժէ Դիմատետրին առաջարկը` միայն երեք տարի առաջ 3 միլիառ տոլարով գնելու մասին:
«Սնեփչեթ»ը հանրաճանաչ է երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Անոնք չեն ուզեր, որ իրենց գրութիւնները կարդան ծնողները, որոնք ալ իրենց կարգին կը նախընտրեն «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցը, որ 1,7 միլիառ օգտագործող ունի[1]: