Սողնախտ, ժահրային փոխանցիկ վարակ, որուն փոխանցումը կ՚ըլլայ անմիջական հպումով վարակուած անձի հետ, ով իր մարմնին վրայ բացայայտօրէն ունի այս վարակին յատկանշական վէրքերը։ Երկու տեսակ ժահրեր կը հարուածեն մարդու մորթը, բերանը, շրթունքները, աչքերը եւ սեռային արտաքին գործարանները։

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Վարակումէն մէկ օր ետք անհատը կ՚ունենայ քերուըտուք եւ թրթռացումի նման զգացողութիւն՝ մարմնին որեւէ մէկ տեղը։ Ապա կը յայտնուին խմբաւորուած եւ զանազան չափերով յատկանշական փամփշտիկները (vesicles), որոնք կը լեցուին թափանցիկ հեղուկով եւ կը պատճառեն տեղայնական ցաւ։ Իրենց յայտնուելէն քանի մը օր ետք, փամփշտիկները կը չորնան, կը կեղեւաւորուին (crust) եւ երբեմն խոցերու (ulcer) կը վերածուին։ Վարակը կը տեւէ 8-10 օր։

Առաջին վարակումէն ետք այս ժահրերը կը կուտակուին եւ անվնաս կ՚ապրին մարմնի որոշ ջղահանգոյցներուն (nerve ganglia) մէջ, սակայն անոնք ձգելով իրենց նստավայրերը, կը յառաջացնեն՝ երկրորդ անգամ ըլլալով, նոր ախտանշաններ եւ փամփշտիկներ, որոնք կը յայտնուին երբ հիւանդը ենթակայ կ՚ըլլայ երկար ատեն արեւի ճառագայթներուն, ֆիզիքական եւ յուզական ճնշումներու, դիմադրողականութեան նուազումի եւ երկրորդական հիւանդութեան մը պատճառով յառաջացած բարձր ջերմի։

Տեսակներ

Խմբագրել

Սողնախտը ունի հետեւեալ տեսակները.

1. Բերնի սողնախտ

2. Շրթունքի սողնախտ

3. Մորթի սողնախտ

4. Աչքի սողնախտ

5. Սեռային արտաքին գործարաններու սողնախտ

Բերանի սողնախտը կը տեսնուի բերանի որեւէ մէկ մասի խլնաթաղանթին վրայ։ Փամփշտիկները կրնան յայտնուիլ նշիկներու, քիմքի եւ լինտերու վրայ, սակայն լինտերու սողնախտը ամէնէ շատ տարածուածն է։ Փամփշտիկները կրնան պայթիլ եւ խոցերու վերածուիլ. հիւանդը կ՚ունենայ բերանի տարածքին մէջ սաստիկ ցաւ, ուտելու եւ խմելու դժուարութիւն, ինչի պատճառով ան կրնայ մատնուիլ մարմնական ջրազրկումի (dehydration)։

Շրթունքի սողնախտը կը պատահի ուղղակի շրթունքին եւ կամ շրթունքը շրջապատող մորթին վրայ։ Անոր կարեւոր ախտանշաններն են քերուըտուքն ու մէկ կամ մէկէ աւելի փամփշտիկները։ Հիւանդին շրթունքը կրնայ ուռիլ եւ այլանդակ տեսք ստանալ։ Վարակուողը պէտք չէ դպչի փամփշտիկներուն եւ պայթեցնէ զանոնք։

Մորթի սողնախտը կը պատահի ընդհանրապէս շրթունքներու շրջապատին, քիթին, ականջներուն եւ մատներուն վրայ։

Աչքի սողնախտի պարագային ժահրը կը հարուածէ հիւանդին ակնազօդի (conjunctiva) եւ եղջերիկի (cornea) վերնաթաղանթը, ուր կը յայտնուին խոցեր։ Անոր ախտանշաններն են աչքի ցաւ, առատ արցունքահոսութիւն, լոյսի անհանդուրժողականութիւն, տեսողական խանգարում եւ ակնազօդային ու եղջերիկային զանազան չափի խոցեր։

Արտաքին սեռային գործարաններու սողնախտը կը փոխանցուի սեռային յարաբերութեամբ։ Փամփշտիկները կը յայտնուին սեռային յարաբերութենէն 4-7 օր ետք եւ անոնք շուտով խոցերու կը վերածուին։ Տղամարդոց մօտ փամփշտիկները կը տեսնուին ընդհանրապէս առնանդամին վրայ եւ շուրջը, իսկ իգական սեռին մօտ անոնք կը տեսնուին բարակ եւ հաստ շրթունքներուն (labia major and minor), հեշտոցին (vagina), արգանդաբերանին (cervix) եւ ծլիկին (clitoris) վրայ։ Փամփշտիկները կը տեսնուին նաեւ սրբանին եւ նախաղիին վրայ՝ անբնական սեռային յարաբերութեան պարագային։ Սեռային սողնախտի ախտանշաններն են դժուարամիզութիւն, միզապահութիւն (urinary retention), ցաւ, պնդութիւն եւ շրջանային աւշագեղձերու ծաւալում։

Յղի կիները, որոնք կը տառապին արտաքին սեռային գործարաններու սողնախտէ, այս վարակը կը փոխանցեն իրենց նորածին զաւակներուն՝ ծննդաբերութեան ընթացքին. ծննդաբերութենէն 1-3 շաբաթ ետք նորածիններուն մարմինին վրայ կը յայտնուին սողնախտի ախտանշանները։

Սողնախտի ժահրերը հազուադէպօրէն կրնան հարուածել լեարդը, ուղեղը եւ նեարդային համակարգը ու կը յառաջացնեն համապատասխան հիւանդագին երեւոյթներ։

Ախտաճանաչում

Խմբագրել

Սողնախտի ախտաճանաչումը կ՚ըլլայ տեսնելով յատկանշական փամփշտիկները. շատ քիչ պարագաներու, փամփշտիկներու հեղուկը մշակումի (culture) կը ղրկուի։

Սողնախտը զատորոշուելու է սողնախտագօտիէն (herpes zoster). այս մէկը աւելի ցաւ կը պատճառէ եւ ան չի կրկնուիր։

Բուժում

Խմբագրել

Բերանի, շրթունքներու եւ լինտերու սողնախտի դարմանումը ընդհանրապէս յատուկ դեղերու չի կարօտիր, սակայն ծանր պարագաներուն, դարմանումը կ՚ըլլայ հակաժահրային եւ ցաւաբեկ դեղերով։

Ակնային եւ սեռային սողնախտը կը կարօտի լուրջ դարմանումի, որ կ՚ըլլայ յատուկ հակաժահրային դեղերով։

Մորթային եւ բերանային սողնախտէ տառապող անձը պէտք է ուշադիր ըլլայ ու անմիջական հպում չունենայ առողջ անհատի մը հետ, իսկ սեռային սողնախտէ տառապող հիւանդը պէտք է զերծ մնայ առողջ անձի հետ սեռային յարաբերութենէ։ Հիւանդները այս նախազգուշութեան հետեւելու են մինչեւ ամբողջական ապաքինում, այսինքն՝ փամփշտիկներու անհետացում։ Առողջ յղի կիները պէտք է զգուշանան այս վարակէն, իսկ վարակումի պարագային՝ շուտով դարմանուին հակաժահրային դեղերով։

Գրականութիւն

Խմբագրել