Սողոմոն Սողոմոնեան (գրականագէտ)

Սողոմոն Սողոմոնեան (3 Սեպտեմբեր 1907(1907-09-03) - 28 Օգոստոս 1978(1978-08-28), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]), գրականագէտ եւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր։

Սողոմոն Սողոմոնեան
Ծնած է 3 Սեպտեմբեր 1907(1907-09-03)
Մահացած է 28 Օգոստոս 1978(1978-08-28) (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրականագէտ
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Կենսագրական

Խմբագրել

Ծնած է Արցախի Գետաշէն գիւղը։ 1928 թուականին աւարտած է Պաքուի թիւ 22 դպրոցը եւ ընդունուած՝ Երեւանի Պետական պատմագրական համալսարան, ուրկէ անցած է Լենինկրատի Գեղարուեստի, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետական կաճառի գրականութեան բաժինը:

Վարած պաշտօններ

Խմբագրել

Ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Երեւանի Մանկավարժական կաճառին մէջ, իբրեւ արտասահմանեան գրականութեան ամպիոնի վարիչ եւ աւագ դասախօս: Միաժամանակ դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ Պրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու մանկավարժական կաճառէն ներս:

Սողոմոն 1946-1947 տարիներուն եղած է «Սովետական Գրականութիւն եւ Արուեստ» ամսագիրի խմբագիր, միաժամանակ վարելով Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղարի պաշտօնը:

«Ռոմանթիքական տրամայի տեսութիւնը» նիւթով պաշտպանած է իր թեզը՝ 1947-ին, ստանալով բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան, իսկ 1966-ին «Ժամանակակից հայ պոեզիան» նիւթի պաշտպանութեամբ ստացած է դոկտորի աստիճան:

Կոչումներ եւ շքանշաններ

Խմբագրել

1941-1946 թուականներուն մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին, որուն համար ստացած է հազարապետի կոչում:

Սողոմոնեան արժանացած է Հայրենական մեծ պատերազմի երկրորդ աստիճանի, ինչպէս նաեւ Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշաններուն[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Գրական տեղեկատու։ Երեւան: «Սովետական գրականութիւն»։ 1981։ էջ 423։ 
  2. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-12