Սոճուտ տենտրոայգի
Սոճուտ Տենտրոայգի կամ Ստեփանաւանի Տենտրոբարք, կը գտնուի Լոռի մարզի Գիւլագարակ գիւղին մէջ, Ստեփանաւան քաղաքէն 12 քմ․ հեռաւորութեան վրայ[1], Երեւանէն 155 քմ․ հիւսիս, ծովի մակերեսէն շուրջ 1450 մ․ բարձրութեան վրայ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱյգին հիմնադրուած է 1931 թուականին, լեհ ինժեներ-անտառագէտ Էտմոն Լէոնովիչի կողմէ։ Տարածքը կը կազմէ շուրջ 35 հեկտար։ Լէոնովիչը աշխատած է իբրեւ բուսաբանական այգիի տնօրէն մինչեւ 1984, որմէ ետք այդ պաշտօնը ստանձնած է անոր որդին։ 1998-ին տարածքը նշանակուած է իբրեւ յատուկ պահպանումի գօտի։
Այգիի 17.5 հեկտար տարածքը բնական անտառ կը կազմէ, իսկ 15 հեկտարը՝ զարդանախշերով ծառեր։
Բուսաբանական այգիին տարածքը կը կազմէ շուրջ 35 հեկտար։ Բաղկացած է բնական անտառէ, զարդանախշերով բոյսերէ, փոքրատերեւ լորենիի ծառուղիներէ եւ վայրի ծագում ունեցող այլ բուսատեսակներէ։ Բոյսերուն մեծ մասը բերուած են Երեւանի բուսաբանական այգիէն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ երկիրներէ՝ Վրաստան, Ուքրանիա, Ռուսաստան, հեռաւոր արեւելք եւ այլն։
Բոյսերու բազմաթիւ տեսականեր բերուած են նաեւ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Փորթուգալէն, Չինաստանէն եւ ԱՄՆ-էն։ Ներկայիս, Այգին կը պարունակէ աւելի քան 500 բուսատեսակ։
Տենտրոայգիին մէջ աւելի քան 2500 բուսատեսակներ փորձարկուած են՝ ձգտելով գտնել նոր տեսակներ, որոնք կրնան աճիլ այստեղ։ Ներկայիս միայն 500 բուսատեսակ յարմարած է բնական պայմաններ ունեցող այս տարածաշրջանին։
Յատուկ արժէք կը ներկայացնէ Քալիֆորնիական սեկւոյան։ Այգիին մէջ, իրարու մօտ տնկուած 5 վիթխարի ծառերը երիտասարդ են եւ աւելի կը բարձրանան քանի մը հարիւր տարուայ ընթացքին։
Կլիմայ
ԽմբագրելՏենտրոայգին կը գտնուի ծովի մակերեսէն 1450 մ․ բարձրութեան վրայ: Ունի ցուրտ կլիմայ։ Անձրեւի տեղումները կը կազմեն տարեկան 550 մմ․։ Դեկտեմբեր ամիսէն մինչեւ Մարտ այգին ձիւնով ծածկուած կ՛ըլլայ։ Բոյսերու հաւաքածոն գիտական մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ՝ հնարաւորութիւն տալով ուսումնասիրել նոր կլիմայական պայմաններուն մէջ աճող բոյսերու զարգացման փոփոխութիւնները։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Սոճուտ Տենտրոայգիին քարտէսը
-
Սեկւոյատենտրոն հսկայական
-
Էտմոն Լէոնովիչի շիրմաքարը Սոճուտ Տենտրոայգիին մէջ
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Ստեփանաւանի Տենտրոայգի - Gardman Tour»։ dreamlandarmenia.com։ արտագրուած է՝ 2015-11-02[permanent dead link]
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Ստեփանաւանի Տենտրոայգի Archived 2019-07-26 at the Wayback Machine.
- Բուսաբանական այգիներու միջազգային պահպանման կայքը, Ստեփանաւանի Տենտրոայգի Archived 2017-05-14 at the Wayback Machine.