Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով)

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով)[1], կանգուն հայկական եկեղեցի է Հայաստանի Լոռու մարզի Սվերտլով գիւղին մէջ։ 19-րդ դարուն եւ 2010 թուականին եկեղեցին վերանորոգուեր է։ Լոռուայ վաղմիջնադարեան թաղածածկ միանաւ եկեղեցիներէն մէկը՝ Սվերտլով (մինչեւ 1940 թ.՝ Հայդարբեկ) գիւղի Ս. Գէորգն է, տեղադրուած անոր հիւսիս-արեւելեան բարձրադիր մասի միջնադարեան գերեզմանոցի տարածքին մէջ։ Այն արեւելք-արեւմուտք առանցքի նկատմամբ համաչափ յօրինուածքով, շեշտուած երկարութեամբ աչքի կ'իյնայ (ընդհանուր երկարութիւն՝ 21,6 մ) կառոյց է: Կը բարձրանայ աստիճանաձեւ որմնախարսխի վրայ (արեւմտեան ճակատին ունի 3 աստիճան, հարաւայինը՝ 2, միւսները ծածկուած են հողի շերտով): Աղօթասրահը (16,35×5,80 մ) արեւելեան կողմին մէջ կ'աւարտի պայտաձեւ լայն խորանով: Ծածկուած է կիսագլանաձեւ թաղով, որ ուժեղացուած է T-աձեւ կտրուածքի որմնամոյթերէն կան որմնաթուղթերէն բարձրացող չորս թաղակիր կամարով: Որմնամոյթերը իրարու հետ կապուած են նաեւ որմնակամարներով: Աւագ խորանին երկու կողմէն կից են աղօթասրահի հետ յօրինուածքային օրգանական կամ գործարանական կապի մեջ գտնուող, ուղղանկիւն յատակագիծով, կիսագլանաձեւ թաղով ծածկուած աւանդատներ՝ մինչեւ յատակը իջնող կիսաշրջան խորաններով: Աղօթասրահի հետ կը կապուին դէպի աւագ բեմ տանող աստիճաններու հանդէպ բացուող ուղղանկիւն մուտքերով:

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով)
Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով)

Հիմնական տեղեկութիւններ
Տեղագրութիւն Հայաստան
Թեմ ՀԱԵ
Տարածաշրջան Լոռու մարզ
Ներկայ վիճակ կանգուն
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապ. ոճ Հայկական
Կառուցման սկիզբ 6-րդ դար
Առանձնայատկութիւններ

Եկեղեցին ներկայիս գրեթէ ամբողջական տեսքով է, որ 19-րդ դարու վերանորոգման արդիւնք է: Նախնական են արեւմտեան եւ հարաւային պատերը իրենց կէս բարձրութեամբ, իրականացուած խոշոր սրբատաշ պազալտէ քարերով (արեւմտեան մուտքի բարաւորի քարը ունի 3 մեթրէն աւելի երկարութիւն): Միւս ճակատները, նաեւ աւանդատները ամբողջութեամբ վերակառուցուած են՝ օգտագործելով մանր, կոպտատաշ քարեր (նախնական են միայն անկիւնաքարերը): Վերափոխուած են պատուհանները, նորոգուած են (cornices) քիւերը, կղմինտրէ ծածկը: Նախապէս մուտքերը եղեր են չորս՝ երկուքը հարաւային, մէկական՝ արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերէն: Ներկայիս հարաւային ճակատի արեւելեան կողմինը եւ հիւսիսային ճակատինը փակուած են: 19-րդ դարավերջը կ'աւելցուի հարաւային մուտքի առջեւ, եկեղեցւոյ կից գտնուող զանգակատունը՝ ութսիւնանի բոլորաձեւ (rotunda) շէնքով:

Հիւսիսային աւանդատան հարաւ-արեւմտեան անկիւնը դիտելի է երբեմնի բաց խորանի հարաւային եզրը՝ գմբէթարդի սիւնով, որմէ, ինչպէս նաեւ արեւմտեան պատի պահունակի առկայութիւնէն եւ աղօթասրահի մուտքերու շատութիւնէն կ'երեւի, որ եկեղեցին իր նախնական վիճակին մէջ շրջապատուած եղեր է (հաւանաբար երեք կողմէն) արտաքին սրահով (ինչպէս այդ տիպի յուշարձաններէն շատերը): Ատորմով պէտք է բացատրել շեշտուած տարածուող ու վեր բարձրացող համաչափութիւնները:

Յարդարանքէն քիչ բան մնացեր է: Աղօթասրահը ներքուստ ծեփուած է: Որմնամոյթերը ունին պարզ տրամատով խոյակներ եւ խարիսխներ: Հիւսիսային աւանդատան պատուհանէն վերեւ պահպանուած է շրջանագիծի մէջ առնուած հաւասարաթեւ խաչ: Աւագ խորանի պատուհանը ունի եռաստիճան տրամատի հորիզոնական եզրերով կիսաշրջանագծային պսակ: Մուտքերը յարդարուած եղեր են շքամուտքի ձեւով. արեւմտեանը եւ հիւսիսայինը պահպանուած են միայն հետքերը, հարաւայինի՝ խոյակաւոր զոյգ կիսասիւները՝ վրան հանգչող որմնակամարով:

Նուն գերեզմանոցի տարածքին մէջ Ս. Գէորգէն քիչ մը անդին դէպի հիւսիս կը գտնուի համեմատաբար փոքրաչափ միանաւ եկեղեցի՝ կառուցուած կիսամշակ դեղնաւուն (felsite) ժայռով: Կիսաշրջան խորանի երկու կողմերուն կան գրեթէ մինչեւ գետին իջնող մեծ բարձրութեան շերտեր: Ուղղանկիւն բացուածքով մուտքը Ս. Գէորգին նայող՝ հարաւային կողմէն է: Ունի վերասլաց համաչափութիւններ, մեծ թեքուածութեամբ երկլանջ կտուր: Կանգուն է ողջ բարձրութեամբ, կիսագլանաձեւ թաղը խարխուլ վիճակի մէջ է: Յօւրինուածքային առանձնայատկութիւններէն հաւանական է, որ կառուցուեր է 13-րդ դարուն եւ հետեւած է քաղկեդոնական դաւանանքին:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Գրականութիւն Խմբագրել

  1. Գ. Շախկեան, ԼՈՌԻ պատմութեան քարակերտ էջերը, էջ 21-22:
  2. Ի. Ղարիպեան, Լոռի քաղաքի պեղումները, «ԲԵՀ», 1969, №1, էջ 265-268:
  3. Деведжян С. Г., Лори-Берд, 1, Е., 1981.